Օրուան Բանաստեղծութիւնը

Խաչը

Եթէ աղօթքի պահուն գտնուիս,
Տէրը քեզի թեւեր պիտի տայ,
Որպէսզի Իր զօրութեամբ
Երկրի վրայ վեր սաւառնիս։

Եթէ աստուածային տեսիլքներ ունենաս,
Ան քեզի յայտնութիւն պիտի պարգեւէ,
Որպէսզի Իր կամքը
Երկրի վրայ յայտնես։

Եթէ լերան վրայ Իր հետ խօսիս,
Ան քեզի նոր լեզու պիտի տայ,
րպէսզի Իր յաւիտենական Խօսքը
Երկրի վրայ արձագանգես։

Եթէ Իր սիրոյն մէջ յափշտակուիս,
Ան քեզի հրեղէն լեզու պիտի պարգեւէ,
Որպէսզի Իր բոցը
Երկրի վրայ տարածես։

Եթէ Իր ամպին մէջ մտնես,
Ան քեզի շանթեր պիտի տայ,
Որպէսզի Իր սուրբ արդարութիւնը
Երկրի վրայ հնչեցնես։

Եթէ Իր լոյսին մօտենաս,
Ան քեզի ջահ պիտի տայ,
Որպէսզի Իր փառքը
Երկրի վրայ ցոլացնես։

Եթէ Իր գիրկին մէջ հանգչիս,
Ան քեզի երգ պիտի տայ,
Որպէսզի Իր շնորհքը
Երկրի վրայ սփռես։

Եթէ Իր վէրքերը համբուրես,
Ան քեզի նոր կեանք պիտի տայ,
Որպէսզի Իր շունչը
Երկրի վրայ տարածես։

Եթէ Իր հովանիին տակ թաղուիս,
Ան քեզի լոյսի շող մը պիտի տայ,
Որպէսզի անհուն յոյսը
Երկրի վրայ բաշխես։

Եւ այդ զօրութիւնը, այդ կամքը, այդ Խօսքը,
Այդ բոցը, այդ արդարութիւնը, այդ փառքը,
Այդ շնորհքը, այդ շունչը, այդ յոյսը՝
Խա՛չն է, զոր Տէրը քեզի կու տայ։

Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան (1905)