Քրիստոնէական հաւատքը միայն եկեղեցւոյ պատերուն մէջ ապրուած կեանք մը չէ. Այսինքն՝ Քրիստոս կը հրաւիրէ մեզ Իր վկաները ըլլալ մեր առօրեայ բոլոր ժամանակներուն եւ միջավայրերուն մէջ՝ ըլլայ ընտանեկան, ըլլայ աշխատանքային կամ ընկերային։
Եթէ կոչուած ենք Քրիստոսի վկան ըլլալ ամէն տեղ, կրնա՞նք խնճոյքներու երթալ եւ մասնակցիլ, թէ հաւատացեալ մը պէտք է հեռու մնայ խնճոյքներէ. Կարելի՞ է խնճոյքի մը ներկայ ըլլալ եւ պահել քրիստոնէական արժէքները։
Նախ պէտք է հասկնալ, որ Աստուածաշունչը ուրախութեան, ընկերութեան եւ տօնախմբութիւններու դէմ չէ։ Յիսուս Ինք մասնակցեցաւ հարսանիքի մը Կանա քաղաքին մէջ, ուր Իր առաջին հրաշքը գործեց (Յովհաննէս 2։1-11)։ Աւետարաններուն մէջ կը կարդանք, թէ Յիսուս տարբեր մարդոց հետ սեղանի շուրջ նստեցաւ, մասնակցեցաւ ընկերային հանդիպումներու եւ Իր ներկայութեամբ ցոյց տուաւ, որ քրիստոնէական կեանքը մեկուսացում չէ։ Քրիստոնեան կոչուած չէ աշխարհէն փախչելու, այլ՝ աշխարհի մէջ ապրելով Աստուծոյ լոյսը արտացոլացնելու։
Ուրեմն, հարցը խնճոյքի մը երթալը կամ չերթալը պէտք չէ ըլլայ։ Հարցը պէտք է ինչպիսի՞ խնճոյքի մը երթալ կամ չերթալ, որովհետեւ բոլոր խնճոյքները նոյնը չեն։ Կան ընտանեկան, բարեկամական կամ մշակութային հաւաքներ, ուր մարդիկ կը վայելեն հոն գտնուող ընկերութիւնը, իրենց բարեկամները, երաժշտութիւնը, պարը եւ ուրախութիւնը։ Սակայն կան այնպիսի միջավայրեր, ուր գլխաւոր նպատակը կը դառնայ չափազանց խմելը, անզուսպ զուարճութիւնը կամ այնպիսի վարքագիծ մը, որ հակառակ է քրիստոնէական բարոյականութեան։

Աստուածաշունչը զգուշացումներ ունի չափազանցուած խմիչքի եւ ինքնակառավարման թուլութեան մասին։ Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Գերին մի՛ դառնաք գինիին, որ անառակութեան կը տանի» (Եփ 5։18)։ Այստեղ խնդիրը միայն խմիչքը չէ, այլ այն վիճակը, երբ մարդ կը կորսնցնէ իր դատողութիւնը եւ իր ցանկութիւններուն գերին կը դառնայ։ Քրիստոնեան կոչուած է ապրելու զգաստութեամբ, որովհետեւ իր մարմինը եւ կեանքը Աստուծոյ պարգեւներն են։
Երբ խնճոյքի մը ընթացքին գրեթէ բոլորը կը հարբին, պէտք է լուրջ մտածել այն միջավայրին մասին, ուր կը գտնուինք։ Հարբած մարդիկ երբեմն քայլեր մը կ’առնեն, որոնք երբեք պիտի չընէին սթափ վիճակի մէջ։ Այդպիսի իրավիճակներու մէջ կրնայ վէճեր, բռնութիւններ, անպատասխանատու արարքներ, անպատշաճ վարքագիծ կամ նոյնիսկ վտանգաւոր իրավիճակներ առաջանալ։ Քրիստոնէական իմաստութիւնը կը պահանջէ որ մենք մեզի միայն չհարցնենք եթէ այս մէկը մեղք է կամ ոչ. Այլ՝ մեզ կը հրաւիրէ մտածել, եթէ որեւէ միջավայր իմ հոգեւոր եւ բարոյական առողջութեանս համար օգտակա՞ր է կամ ոչ։
Երբ շրջապատդ ամբողջութեամբ մէկ ուղղութեամբ կը շարժի, քեզի համար երբեմն դժուար կ’ըլլայ քու համոզումներուն մէջ հաստատ մնալ։ Եթէ բոլորը կը խմեն, անկասկած որ ճնշում պիտի բանեցուի իրենց հետ միանալու։
Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի. Բայց ամէն բան օգտակար չէ» (Ա. Կոր 6։12)։ Այս խօսքերը կը բացատրեն, որ Աստուած մեզի ամէն բանի մէջ ազատութիւն տուած է. Բայց առաքեալը կը յուշէ զգօն ըլլալ կեանքի ընթացքին. Առաքեալը ազատութիւնը պատասխանատուութեան հետ կը կապէ։ Ուրեմն, կարգ մը խնճոյքներու մասնակցիլը եւ զգոյշ մնալը իմաստուն որոշում մը կրնայ ըլլալ, իսկ կարգ մը խնճքոյները չմասնակցիլը ա՛լ աւելի ճիշդ որոշում է, որովհետեւ անոնք կրնան մեզ հեռացնել մեր արժէքներէն կամ պատճառ դառնալ կորուստի ճամբուն մէջ մտնելու։
Ուրեմն, քրիստոնեան կրնա՞յ խնճոյքներու երթալ։ Այո՛. չկայ ընդհանուր արգելք մը, որ կը ստիպէ քրիստոնեան ամբողջութեամբ խուսափիլ ընկերային հաւաքներէ։ Սակայն, ինչպէս ըսինք, մենք կոչուած ենք ամէն տեղ Քրիստոսի ներկայութիւնը տանելու՝ մեր վարքով, խօսքով եւ ընտրութիւններով։ Կարեւորը միայն այն չէ, թէ ուր կ՛երթանք, այլ՝ ի՞նչ կը տանինք մեզի հետ։
Ուրեմն ուր ալ երթաս, Քրիստոսը հետդ տար եւ պահէ այն իմաստութիւնը, ինքնագիտակցութիւնը եւ սրբութիւնը, որոնք կը յիշեցնեն, թէ դուն Աստուծոյ զաւակն ես։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան