Յիսուս ապահարզանի դէմ կը խօսի.
Փարիսեցիները Յիսուսը փորձելու մտադրութեամբ մօտեցան անոր եւ հարցուցին.
-Մեր Օրէնքով մէկը իրաւունք ունի՞ ոեւէ պատճառով իր կինը արձակելու:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
-Չէ՞ք կարդացած Սուրբ գիրքերուն մէջ, թէ Աստուած սկիզբէն «արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը եւ ըսաւ անոնց. Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան: Հետեւաբար այլեւս երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին: Ուրեմն ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց»:
Փարիսեցիները դարձեալ հարցուցին.
-Հապա ինչո՞ւ Մովսէս օրէնք սահմանեց՝ բաժանման թուղթ տալ կնոջ եւ արձակել զայն:
Յիսուս պատասխանեց.
-Մովսէս ձեր խստասրտութեան պատճառով արտօնեց արձակել ձեր կիները, սակայն ստեղծագործութեան ժամանակ արձակելու խօսք չկար: Գիտցէք նաեւ, թէ ո՛վ որ իր կինը կ’արձակէ առանց պոռնկութեան պատճառի եւ ուրիշ մը կ’առնէ՝ շնութիւն ըրած կ’ըլլայ:
Աշակերտները ըսին Յիսուսի.
-Եթէ ամուսնութիւնը այդպէս դատապարտութեան պատճառ կրնայ ըլլալ այր մարդուն եւ կնոջ համար, աւելի լաւ է չամուսնանալ:
Յիսուս ըսաւ.

-Բայց ամէն մարդ չի կրնար առանց ամուսնութեան մնալ, այլ միայն անոնք՝ որոնց Աստուած կարողութիւն տուած է: Որովհետեւ մարդիկ չեն ամուսնանար ա՛յն պարագաներուն, երբ ծնունդով ներքինի են, կամ՝ մարդոց կողմէ ներքինի եղած են եւ կամ՝ իրենք զիրենք ներքինի դարձուցած են երկինքի արքայութեան համար: Ով որ կրնայ ընդունիլ իմ հաստատումս, թող կատարէ զայն:
Փարիսեցիները, ներքնապէս կեղծաւորութեամբ լեցուած, ինչպէս նաեւ Քրիստոսը փորձելու նպատակաւ, կը մօտենան Յիսուսի եւ կը հարցնեն՝ կին արձակելու մասին. (Մտ19.3):
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս այս հարցին շուրջ խօսելով, կարեւորութեամբ կ’ընդգծէ թէ ամուսնացած զոյգը երկու չէ, այլ՝ մէկ մարմին, որովհետեւ Աստուած անոնց միացուցած է: Ուստի անոնց կապը անքակտելի եւ անլուծելի է: Այսպիսով ոմանց համար սովորական թուացող ամուսնութիւնը «Խորհուրդ»ի կը վերածէ, զայն նկատելով Աստուծոյ նախախնամական ծրագիրին որպէս արդիւնք: Պօղոս առաքեալ, մեկնելով Քրիստոսի եւ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնը, ընտանիք հասկացողութիւնը կ’որակէ «Աստուծոյ ծրագրին կապուած կարեւոր ճշմարտութիւն» (Եփ 5.32), որ հիմնուած է սիրոյ սկզբունքին վրայ: Ընդհանուր եկեղեցւոյ հայրերու հոգեւոր գրականութեան մէջ գեղեցիկ եւ իմաստալից վերլուծումներ կատարուած են, օրինակ «մէկ այր եւ մէկ կին» որոնք ընտանիքի մը կորիզը կը կազմեն, աստուածային սքանչելի եւ ճշմարիտ տնօրինումով:
Ամուսնութիւնը օրհնեալ խորհուրդ է, որովհետեւ Աստուած մարդու ստեղծագործութեան ժամանակ օրհնեց ամուսնութիւնը, ըսելով. «Աճեցէ՛ք ու բազմացէ՛ք, երկիրը լեցուցէ՛ք եւ զայն նուաճեցէ՛ք» (Ծն 1.28):
Քրիստոս բոլորին կ’ուսուցանէ հաւատարիմ մնալ աստուածադիր խորհուրդին նկատմամբ: Ամուսնութիւնը մարդ արարածին համար կեանքի սովորական ընթացք մը պէտք չէ նկատուի, այլ՝ նուիրական առաքելութիւն մը, որ աստուածային օրհնութեամբ կը պսակուի, զոյգը կը դառնայ մէկ ամբողջութիւն՝ սիրով կատարելագործուած, Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Սէրը ամէն ինչի ամբողջացուցիչ շաղախն է» (Կղ 3.14):
-Ո՞վ հակառակ է ամուսնութեան խորհուրդին եւ կ’ուզէ պղծել անոր սրբութիւնը:
Պատասխան.
-Բնականաբար, բանսարկուն, սատանան, չարը, որ ստեղծագործութեան առաջին օրէն հակառակ էր նախամարդուն եւ կը ջանար արգելք հանդիսանալ անոր սերունդներուն: Ան կ’ուզէ պղծել ընտանեկան սրբութիւնը, որպէսզի քանդէ ընտանեկան յարկը եւ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ խանգարէ Քրիստոսի փրկագործութեան խորհուրդը: Ուստի ով որ սուրբ ամուսնութեան խորհուրդին կը հակառակի եւ կը քաջալերէ զայն, մարդասպան ըլլալու համազօր յանցագործ է, եւ գործակից չարին:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան