ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ

Ինչո՞ւ խաղողօրհնէք կը կատարենք։

Հեթանոս մեր նախնիները Նաւասարդեան տօնին երինջներ, ցուլեր եւ քաղցրահամ միրգեր կը զոհաբերէին Արամազդ, Անահիտ, Աստղիկ ու Վահագն չաստուածներուն։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, տեսնելով հեթանոսական այս տօնին խոր արմատները մեր ժողովուրդին մէջ, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին կցած է խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, որ առ այսօր կը կատարուի Օգոստոսի 15-ին մերձակայ Կիրակի օրը։ Խորհրդանշական իմաստով եկեղեցի բերուած խաղողի բերքի օրհնութեամբ, Հայ Եկեղեցին կ’օրհնէ իր երկրին բոլոր այգեստանները։ Եւ ասիկա՝ Աստուածաշնչական հիմք ունի. Հին Կտակարանին մէջ կը պատուիրուի մարդոց՝ իրենց բերքի երախայրիքը բերել եւ ընծայել Աստուծոյ Տաճարին՝ առ ի երախտագիտութիւն Աստուծոյ տուած բարիքներուն (Ելից 23.19։ Բ.Օրինաց 26.2։ Առ 3.9)։

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ինքզինք ներկայացուց նաեւ որպէս որթատունկ, իսկ մեզ՝ իրեն միացած ճիւղերը (տե՛ս Յովհաննէս 15.1-8)։

Ժե. Շարունակելի: