Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԵՍՈՒՉԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Շաբաթ, 11 Յուլիս 2026-ին, Սուրբ Աստուածածին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ Բրշ. Սարգիս Սրկ. Կիտանեանի եւ եկեղեցւոյ Երեսփոխան Բրշ. Ռազմիկ Սրկ. Պէպէճեանի, այցելեց Հայ Կեդրոնի 29-րդ Ամառնային Փառատօնը (SummerFest)։

Այցելութեան ընթացքին Գերպ. Հայր Սուրբը խօսք առնելով շնորհաւորեց կազմակերպիչ յանձնախումբը՝ գնահատելով անոնց նուիրեալ ծառայութիւնն ու աշխատանքը, որոնց շնորհիւ այս սիրուած ամառնային 29-րդ փառատօնը կը համախմբէ հայ համայնքը։ Ան իր խօսքին մէջ յատկապէս շեշտեց ժողովուրդի մասնակցութեան, կամաւորներու անձնուէր ծառայութեան եւ համայնքի միասնական աջակցութեան կարեւորութիւնը, որոնք այս եւ նման նախաձեռնութիւններու շարունակական յաջողութեան հիմնական գրաւականներն են։

Գերպ. Հայր Սուրբը նաեւ հանդիպեցաւ եւ զրուցեց ներկայ հայ եւ օտար քաղաքական ներկայացուցիչներուն հետ, յանձինս՝ Տիար Արիս Պապիկեանի, ապա շրջեցաւ փառատօնի տաղաւարները, մօտեցաւ կամաւորներուն ու պատասխանատուներուն, փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները եւ զրուցեց ժողովուրդին հետ՝ գնահատելով անոնց մասնակցութիւնն ու աջակցութիւնը։