ՀՐԱԺԵՇՏ ՀՈԳԻԻՍ…
Արդէն մինակ ենք հիմա, ո՜վ իմ հոգիս ալեւոր:
Ե՞ս է որ քեզ, թէ՞ դուն զիս, քիչ մը մ’ամէն օր լքելով,
Չկարդացուած, չգրուող առեղծուած դարձուցինք:
Արդ կը մեկնիս ալ ինձմէ, պարմանին պէս գլխիկոր,
Որուն հոգին երազին ցուրտ մարմինը վաղ ճանչցաւ:

Բայց կը յիշե՞ս այն գիշերն, երբ խոստացանք երդումով
Ա՛լ չորոնել այս կեանքի անառաւօտ օրերու
Երջանկութիւնն յամեցող, որուն ի զուր տենչացինք:
Դուն տխրեցար առանձին, իսկ ես այնքա՜ն մսեցայ,
Որ կարօտով մը անհուն՝ ունայնութիւն երգեցի:
Երկարօրէն քեզ իմ մէջ կրեր էի հաւատքով.
Յետոյ քեզմէ դատարկուած, քու տենչանքիդ կ’ըղձայի:
Ո՜վ իմ հոգիս կարեվէր, պիտի դառնա՞նք մենք կրկին
Այն սէրերուն, որոնցմով գիտցանք նստիլ աղօթքի
Եւ ողողուիլ՝ արբշիռ, այն լոյսերով, որոնց արդ,
Անգութօրէն շիջումովն, դուն կը մեկնիս ալ անդարձ:
Կորիւն Արք. Պապեան
Պիքֆայա, 1966