ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
Ի՞նչ է մատաղը եւ ուրկէ՞ եկած է «Հարիսա» անունը։
Մատաղը Հայ Եկեղեցւոյ առանձնայատուկ ծէսերէն մին է, դարերէն եկող, որուն ծագումը կու գայ Աստուածաշունչէն (տե՛ս Ծննդոց 4.4, 8.20։ Դատաւորաց 6.17-21, 13.19։ Ա.Թագաւորաց 1.3) եւ գլխաւոր նպատակ ունի Աստուծոյ նուէր ընծայաբերել կենդանիներէն ամենաընտիրը՝ արջառ, ոչխար, հաւ կամ աղաւնի, ինչպէս նաեւ՝ աղքատներուն ողորմութիւն տալ։ Մատաղը արու պէտք է ըլլայ։ Այսօր պատրաստման ձեւն է օրհնուած աղով ու ջուրով զայն խաշել։
Ս. Գրիգոր Տաթեւացին մատաղ բառին ստուգաբանութիւնը կը կատարէ ըսելով՝ «մատո՛ աղ», այսինքն՝ «աղ մատուցէ, աղ նուիրէ»։
Մատաղ պէտք է կատարել, երբ մէկը ձախորդութենէ մը, վտանգէ մը կամ փորձութենէ մը ազատի, որպէս շնորհակալութիւն Աստուծոյ՝ իր պահպանութեան համար, ինչպէս նաեւ՝ ննջած հոգիներու խաղաղութեան ի հանգիստ։
Հարիսայի Պատմութիւնը.- Կը պատմուի, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, մեր հոգիներու ու հաւատքի հայրը, քրիստոնեայ կնքելէ ետք Տրդատ Հայոց արքան ու ողջ աւագանին, գոհաբանական աղօթք կը բարձրացնէ Աստուծոյ՝ իր մեծ ողորմութեան ու հաճութեան համար։ Այս առիթով ան կը թելադրէ իշխաններուն, որ առատ ոչխարներ բերեն, մորթեն, կաթսայի մէջ լեցնեն, եփեն եւ ապա աղքատներուն բաժնեն։ Հետաքրքրական է, որ երբ ոչխարները ջուրին մէջ կ’եփէին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ իշխաններուն ըսաւ. «Հարէ՛ք ըզսա», այսինքն՝ միսը զարկէք, ծեծեցէք զայն։ «Հարէ՛ք ըզսա»ն ժամանակի ընթացքին աղաւաղուելով վերածուեցաւ Հարիսայի։ Ահա թէ ուրկէ՛ կու գայ Հարիսա անունը։
ԱՂՕՐՀՆԷՔ
Ի՞նչ է աղօրհնէքը։
Աղը, իբրեւ խորհրդանիշ սրբութեան ու մաքրութեան, պահպանութեան ու զօրութեան, Հին Կտակարանեան օրերերէն նկատուած էր իբրեւ մատաղ, ցորենի, ալիւրի, ձէթի, խունկի եւ այլ ընծայաբերումներու շարքին։ «Եւ քու ամէն հացի ընծայիդ աղ պիտի դնես, ու քու հացի ընծայէդ քու Աստուծոյդ ուխտին աղը պակաս չընես. քու ընծայովդ աղ ալ մատուցանես» (Ղեւտացիս 2.13)։

Յիսուս ի՛նք ալ աղի օրինակը օգտագործեց, իր աշակերտներուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն ըսելով՝ «Դո՛ւք էք երկրի աղը» (Մատթէոս 5.13)։
Աղօրհնէքը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ ընդունուած խորհրդապաշտական յատուկ արարողութիւն մըն է, եւ կ’օգտագործուի մատաղի ժամանակ։ Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետ իր հաստատած եկեղեցական կանոններուն, եւ Ս. Ներսէս Շնորհալի իր «Թուղթ Ընդհանրական»ին մէջ կը գրեն, թէ աղի օրհնութիւնը հաստատած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը ինք։
Մատաղի ընթացքին կ’օրհնուի աղը եւ կը տրուի զոհաբերուող մատաղցու կենդանիին, որպէսզի անոր ճաշակումով՝ անկէ վերանայ սկզբնական մեղքը, որովհետեւ Ադամ¬Եւայի պատուիրանազանցութեան պատճառով անիծուեցան նաեւ իրենց հետ դրախտին մէջ գտուող բոլոր կենդանիները եւ ամբողջ երկիրը։ Օրհնուած աղն է որ մատաղցուն կը մաքրէ ու կը նուիրագործէ եւ զայն կը տարբերէ հեթանոսական մատաղցուէն, զայն արժանի ընելով Աստուծոյ նուիրաբերելու։ Աղ կ’օրհնուի նաեւ տնօրհնէքի ժամանակ։ Օրհնուած աղը պէտք է օգտագործել ճաշերուն մէջ, որպէսզի անիկա բժշկութիւն պարգեւէ ուտողներուն։
Ժդ. Շարունակելի