
Զաքարիա անունը թարգմանաբար կը նշանակէ «Ան, որուն կը յիշէ Տէրը» եւ կամ «Տէրը կը յիշէ»: Այս անունով Հին Կտակարանին մէջ յիշուած են աւելի քան քսան անհատ: Սակայն Զաքարիա մարգարէի անունը կը յիշատակուի Անգէի անուան կողքին, որպէս Տաճարի վերակառուցման գործի ջատագով: Ան իր մարգարէական առաքելութիւնը իրականացուցած է Դարեհի տիրապետութեան երկրորդ տարին, մեր թուականէն առաջ 520-516 թուականներուն միջեւ: Տաճարը սկսած էր վերակառուցուիլ, երբ ան կը յայտարարէ իր առաջին մարգարէութիւնը, ապա՝ երկրորդ եւ երրորդը: Մարգարէն իր աստուածային կանխասացութիւններով քաջալեր կը հանդիսանայ ժողովուրդին, կը մխիթարէ զանոնք աստուածային առատ օրհնութիւններով եւ սրբարանի վերականգման յոյսով, ինչպէս նաեւ՝ կը յիշեցնէ անոնց ընտրեալ ժողովուրդ ըլլալու հանգամանգը:
Զաքարիայի մարգարէութիւնը, որ տասնմէկերորդն է Հին Կտակարանի մարգարէներու ժողովածուներու շարքին, կ’ընգրկէ տասնչորս գլուխ եւ կը բաժնուի երկու մասի: Առաջին մասը կը բովանդակէ ութ տեսիլքներ, որոնք իրականութեան մէջ երկնային պատասխաններ են երկիրն ու այդ ժամանակաշրջանը յուզող հարցերուն: Այս տեսիլքներէն ետք, Աստուած խորհրդանշական գործողութեամբ մը Զաքարիային ցոյց կու տայ, որ մարգարէական բոլոր հեռանկարները կը տանին դէպի Մեսիային յայտնութիւնը: Ապա, յաջորդ մասին մէջ կը բացայայտուի Մեսիային երկրորդ փառաւոր գալուստը եւ Անոր ընկալումը եբրայեցի ժողովուրդին կողմէ: Ընտրեալ ժողովուրդի մնացորդացը դարձի կու գայ եւ կը մաքրագործուի: Կը հաստատուի Աստուծոյ թագաւորութիւնը, թշնամի ժողովուրդները ահեղ դատաստանի կ’ենթարկուին եւ Երուսաղէմը կը դառնայ ազգերու հոգեւոր կեանքի կեդրոնը:
ԶԱՔԱՐԻԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Զաքարիայի մարգարէութիւնը, որ ժամանակագրական առումով ամենամօտն է Նոր Կտակարանի դարաշրջանին, կը յայտնէ թէ թշնամիները շուտով պիտի պատժուին եւ Երուսաղէմը պիտի վերակառուցուի: Հոգեւոր եւ պետական իշխանութիւնները պիտի մաքրագործուին եւ օր մը անոնք պիտի միաւորուին Մեսիայի անձին մէջ, որ առաջին անգամ մերժուելէ ետք, երկրորդ անգամ պիտի յայտնուի փառքով, իշխելու համար ամբողջ մարդկութեան վրայ:
Մարգարէն, որպէս վկայ, Աստուծոյ միջամտութիւններն ու ծրագիրները կը հաղորդէ մարդոց: Հին դարերուն, Աստուած մարգարէներուն հետ ուղղակիօրէն կը հաղորդակցէր խօսքով կամ տեսիլքով, սակայն Զաքարիայի գիրքին մէջ Աստուած այլեւս անձնապէս չի յայտնուիր, այլ՝ իր երկնային ծրագիրներն ու մտադրութիւնները կը յայտնէ իր հրեշտակներուն միջոցաւ:
Զաքարիայի մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ վերանորոգուած ժողովուրդի ճակատագիրը ՄեսիյաիԵրկրորդ Գալստեան ժամանակ եւ կը նոյնանայ Մեսիայի անձին վերաբերող այլ մարգարէներու հաղորդած տեղեկութիւններուն եւ մարգարէութիւններուն:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան