ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՏԻԿԻՆ ՍԵԴԱ ԹՕՓՈՒԶԵԱՆԻ

Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Տիկին Սեդա Թօփուզեանը եւ իր ամուսինը՝ Տիար Ռաֆֆի Գուշեանը։

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանը, եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանը։

Հանդիպման ընթացքին, Տիկին Թօփուզեան ներկայացուց Լաւալի քաղաքապետարանի կողմէ իրականացուող շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնք կրնան օգտակար հանդիսանալ Լաւալի մէջ բնակող հայ համայնքի զաւակներուն եւ նպաստել անոնց բարօրութեան։

Իր կարգին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց Տիկին Թօփուզեանի լայնածաւալ հասարակական եւ քաղաքային գործունէութեան առիթով՝ շեշտելով համայնքի եւ քաղաքային իշխանութիւններու միջեւ սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Ան նաեւ շնորհաւորեց Տիկին Թօփուզեանը՝ Գանատայի Քաղաքապետարաններու Դաշնակցութեան (Federation of Canadian Municipalities) Վարչական Խորհուրդի անդամ նշանակուելուն առիթով եւ մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ իր պատասխանատու առաքելութեան մէջ։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ