ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՈՒԽՏԻ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՇԱՐՔԵՐՈՒՆ ՄԻԱՑԱՆ ԵՐԿՈՒ ԿՈՒՍԱԿՐՕՆ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ

Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի, Կիրակի 21 Յունիս 2026-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Կիպրոսի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան կուսակրօն քահանայ (աբեղայ) ձեռնադրեց եւ օծեց դպրեվանեցի երկու բարեշնորհ սարկաւագներ՝ Յովհաննէս Պայտունեան եւ Աբրահամ Պայտունեան՝ զանոնք վերակոչելով Տ. Նորայր աբեղայ եւ Տ. Հրայր աբեղայ։

Ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութեան աւարտին, Կոմիտաս արքեպիսկոպոս յաւուր պատշաճի քարոզեց։

«Ողջոյն»ի պահուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, միաբան հայրեր խորան բարձրացան եւ եղբայրական համբոյրով ողջունեցին նորընծաներուն մուտքը Տիրոջ անդաստանէն եւ Կիլիկեան ուխտի միաբանական շարքերէն ներս։

Հայր Նորայրի լուացումը կատարեց անոր կնքահայրութիւնը ստանձնած տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Լիւսի Գարակաւուրեան ամոլը, իսկ հայր Հրայրինը՝ տէր եւ տիկին Ռաֆֆի եւ Անահիտ Քէսմէեան ամոլը։

Տէրունական աղօթքէն անմիջապէս առաջ տեղի ունեցաւ Վեղարի Օրհնութեան եւ տուուչութեան կարգը, որ կատարեալ հնազանդութեան եւ կրօնական ողջախոհութեան ուխտի խորհրդանիշն է։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ, հայր Նորայր եւ հայր Հրայր ծունկի ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։