ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԱՏԵՆԱՊԵՏ՝ ՏԻԱՐ ԳՐԻԳՈՐ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Ուրբաթ, 12 Յունիս 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համաատենապետ՝ Տիար Գրիգոր Մահսէրէճեանի եւ իր տիկնոջ՝ Տիկին Մարալ Մահսէրէճեանի այցելութիւնը։

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեան, եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակին, մասնաւորաբար Լիբանանի եւ Պարսկաստանի մէջ տիրող զարգացումները, ինչպէս նաեւ անոնց ազդեցութիւնը տեղւոյն հայ համայնքներուն վրայ։ Շեշտուեցաւ նաեւ, որ ներկայ անկայուն պայմաններուն մէջ կարեւոր է շարունակել ազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու սերտ համագործակցութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ զօրակցիլ մեր ժողովուրդին եւ պահպանել համայնքային կեանքի կենսունակութիւնը։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ