
Արեւելեան սովորութիւն մըն է, որեւէ սրբատեղի մտնելէ առաջ, կօշիկները հանելը:
Յատկանշական է Քորեբ Լերան օրինակը.-
Երբ Մովսէս Քորեբ լերան ստորոտին ոչխարները կ’արածէր, տեսաւ մորենի մը, որ կ’այրէր բայց չէր սպառեր: Մովսէս մօտեցաւ մորենիին, եւ ահա բոցերուն մէջէն պատգամ մը լսեց.- Մովսէս կօշիկներդ հանէ, որովհետեւ այն հողին վրայ, որ դուն կեցած ես սուրբ է (Ելից Գ.5):
Անցեալին, եկեղեցի մտնելէ առաջ կօշիկները հանելու սովորութիւն կար: Այս երեւոյթը երկու պատճառ ունէր.-
Առաջինը՝ հաւատքի զօրեղ արտայայտութեան նշան մըն էր, թէ կօշիկներով կարելի չէր մտնել սրբատեղի մը, ուր Աստուած կը բնակի:
Երկրորդը՝ կենցաղային էր, որովհետեւ ամբողջ եկեղեցւոյ սալայատակը գորգով եւ կարպետով ծածկուած կ’ըլլար, անյարմար էր ցեխոտ կօշիկներով ներս մտնել:
Ներկայիս, կեանքի պայմանները փոխուած են. Եկեղեցիներուն մէջ նստարաններու դրութիւնը հաստատուելէն ետք, կօշիկներով եկեղեցի մտնելը սովորական դարձած է:
Սակայն եկեղեցւոյ դասին մէջ եւ բեմին վրայ հողաթափի գործածութիւնը պայման է:
Ահա թէ ինչու այսօր կարելի չէ կօշիկներով բեմ բարձրանալ եւ կամ դասէն ներս արարողութեան մասնակցիլ:
Ուստի եկեղեցականները եւ եկեղեցական արարողութեան մասնակցող դպիրներն ու սարկաւագները պարտաւոր են հողաթափ հագնելու եւ արտօնուած չէ իրենց հողաթափով դուրս ելլել եւ անմաքուր վայրեր կոխել:
Ուշագրաւ է յաճախ եկեղեցականներու հողաթափին ներքին մասը ասեղնագործուած տեսնել իժի եւ քարբի մանրանկարները, ինչ որ սաղմոսերգու մարգարէին խօսքն է, որ մեզի կը յիշեցնէ Ի վերայ իժից եւ քարբից գնասցես դու….. (Սղմս. Ղ.13)