1. Քրիստոս նախապէս յայտնա՞ծ էր Իր Յարութիւնը։
Այո՛. Ան Իր չարչարանքն ու մահը, ինչպէս նաեւ Իր աստուածային Յարութիւնը նախապէս մարգարէացուց եւ յայտնեց Իր աշակերտներուն, որպէսզի անոնք յուսահատութեան մէջ չմնան, այլ Իր մահուան մէջ մխիթարուին։ (Մատթ. ԺԶ. 21, ԻԶ. 32. Մարկ. Ը. 31. Ղուկ. Թ. 22. Յովհ. Ի. 9)։
2. Հրեաներու քահանաներն ու աւագ քահանաները գիտէի՞ն այս։
Այո՛. Ուստի, Քրիստոսի մարգարէութիւնը սուտ հանելու համար, անոնք կնքեցին Իր գերեզմանը եւ Պիղատոսի հրամանով հռոմէացի զինուորներ կարգեցին՝ հսկելու անոր վրայ։ (Մատթ. ԻԷ. 62-66)։
3. Քրիստոս ինչպէ՞ս մեռելներէն յարութիւն առաւ։
Քրիստոսի մահուան երրորդ օրը, Կիրակի լուսաբացին, երկիրը սասանեցաւ, հրեշտակ մը երկինքէն իջաւ, գերեզմանի քարը գլորուեցաւ, զինուորները ահաբեկ փախան, եւ մեր Տէրը փառքով յարութիւն առաւ։ (Մատթ. ԻԸ. 1-8. Մարկ. ԺԶ. 5. Ղուկ. ԻԴ. 1-8. Յովհ. Ի. 12)։

4. Անհրաժե՞շտ էր, որ Քրիստոս յարութիւն առնէր մեռելներէն։
Անկասկած, որովհետեւ այլապէս պիտի կարծուէր՝
(1) թէ հրեաները իրաւամբ զԻնք սպաննած էին, քանի որ Ան սուտ կերպով Իրեն Մեսիա եւ Աստուծոյ Որդի կոչած էր.
(2) որովհետեւ Աստուծոյ միացած Իր Մարմինը ապականութիւն չէր կրնար տեսնել։ (Յայտն. Ա. 13-18. Գործք Բ. 27-31)։
5. Ուրկէ՞ գիտենք, թէ Քրիստոս յարութիւն առաւ։
Իր աշակերտներուն վկայութենէն, որոնք Յարութենէն ետք բազմաթիւ անգամներ զԻնք տեսան, խօսեցան եւ կերան Իր հետ, եւ իրենց ձեռքերով դպան Իր վէրքերուն։ Այսպէս, առանց որեւէ կասկածի Իր Յարութեան ճշմարտութեան նկատմամբ, անոնք այդ ճշմարտութիւնը քարոզեցին ամէն տեղ։
6. Ի՞նչ եղաւ անոնց այս վկայութեան հետեւանքը։
Անոնք իրենց վրայ գրգռեցին հրեաներուն եւ հեթանոսներուն թշնամութիւնը, բայց նոյնիսկ մահուան դիմաց, բարձրաձայն, անվախ եւ միաբերան վկայեցին այդ անժխտելի ճշմարտութիւնը։
7. Ի՞նչ կը գրէ Պօղոս Առաքեալը այս մասին։
Պօղոս Առաքեալը կը գրէ.
«Վասն որոյ Աստուած ալ զՆա գերազանցապէս բարձրացուց եւ Անոր շնորհեց այն անունը, որ ամէն անունէ վեր է. որպէսզի Յիսուսի անունին առջեւ ծունկի գայ ամէն ծունկ՝ երկնաւորներուն, երկրաւորներուն եւ ստորերկրեայներուն, եւ ամէն լեզու խոստովանի, թէ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ ի փառս Աստուծոյ Հօր»։ (Փիլիպ. Բ. 9-11)։
8. Ուրեմն ի՞նչ պէտք է խորհինք մեր օրհնեալ Փրկչին մասին։
Յիսուս Քրիստոս ամենաբարձր Տէրն ու Փրկիչն է, որ կրնայ փրկել բոլոր մարդիկը, որոնք Իր միջոցով կու գան Աստուծոյ։ Ան միշտ կը բնակի երկինքի մէջ՝ Իր Հօր գիրկը, կը թագաւորէ ու կը տիրէ, կը յաղթէ Իր թշնամիներուն եւ մշտապէս կը հովուէ ու կը պահպանէ Եկեղեցին, զոր Իր Արեամբ գնեց։ (Մատթ. ԻԸ. 20. Եփես. Ա. 18-23)։
Երանելի են անոնք, որոնք մասնակից կը դառնան Իր թանկագին Արեան քաւութեան։
(Քաղուած՝ Խորէն Արք. Նարպէյի «Կանոն Քրիստոնէական Դաստիարակութեան» հատորէն)