Մայիս 28, 1918 – Մայիս 28, 2026. 108ամեակ անկախ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման։
Վեց հարիւր եւ աւելի տարիներու ընդմիջումէն յետոյ, մեր ժողովուրդը վերստին տէրը դարձաւ հայոց պետականութեան։ Հայոց ցեղասպանութենէն երեք տարի յետոյ, մեր ժողովուրդը յարութիւն առաւ եւ վերստին կեանքին նայեցաւ։ Լինելութեան ու գոյութեան, ապրելու կամ մեռնելու, մահուան կամ ազատութեան ի խնդիր՝ Արամներու, Դրօներու, Նժդեհներու եւ Գարեգիններու առաջնորդութեամբ կրցաւ ոգեւորուիլ եւ կեանքին նայիլ՝ ապրելու, ապրեցնելու եւ յաւերժացնելու համար հայկազնեան ազգը։
1918 թուականի մայիսի 28-ին Էջմիածնի զանգերու ղօղանջին ներքոյ, մեր ժողովուրդը մէկ բռունցք դարձած, Արարատեան դաշտ իջաւ՝ պայքարի. մէկ խօսքով, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ-Ապարանի գոյամարտին, աշխարհական թէ եկեղեցական, տարեց թէ երիտասարդ, կին թէ տղամարդ, բոլորը միասին՝ միակամ կեցուածքով եկան ըսելու թուրքին եւ օտարին, որ մենք մեր յոյսը ուրիշին, ոչ հայու ուժին վրայ չենք դներ, այլ մեր յոյսը կը դնենք մեր սեփական զօրութեան, մեր միասնականութեան վրայ, եւ անոր համար մեր ժողովուրդը կրցաւ յաղթանակ ապահովել եւ անկախ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմը դնել:
Երեւանի սրտին վրայ ծածանուեցաւ եռագոյն դրօշը՝ հայկական պետական դրօշը, եւ մեր ժողովուրդը կրցաւ տէրը դառնալ եւ կառչած մնալ իր հողին, արժէքներուն, սրբութիւններուն ու արժանապատուութեան:
Այսօր մեր ժողովուրդը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի նոյն պատգամը պարտաւոր է լսել. կառչած մնացէ՛ք մեր նահատակներու արիւնով շաղախուած հողին, անոնց կտակին, կառչած մնացէք մեր արմատներուն, մեր անժամանցելի գանձերուն եւ սրբութիւններուն։
Նայի՛նք անցեալին՝ մեր հերոսներու ոգիին, ապրինք այսօրը եւ կերտենք վաղը՝ մե՛ր պայծառ ապագան՝ մեր յաղթակա՛ն ապագան, այլապէս ի՞նչ իմաստ ունի Հայրենիք, հող, անկախութիւնն ու անկախ պետականութիւնը:
Իմ մաղթանքս է որ մեր ժողովուրդը այս գիտակցութեամբ յաղթանակներ ապահովէ՝ բռնցկացած արժանապատիւ կեցուածքով։
Այսօրուան փոքրիկ Հայաստանը դառնայ տեսլականը՝ մեր վաղուան ազատ, անկախ, ամբողջական Հայաստանին, որպէսզի այս անգամ «Արարատի լեռան վրայ ծածանուի արիւնէն ծորած երիզ մը կարմիր, երկնքէն պոկուած կտոր մը կապոյտ, եւ հասուն հասկերու շողը նարնջագոյն, եւ վեց դարերու խաւարին վրայ՝ դրօշը եռագոյն»:
Փառք Մայիս 28 կերտող մեր հերոսներուն։
Խունկ ու աղօթք մեր նահատակներու յիշատակին։
Աղօթարար՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի
