Չորեքշաբթի, 20 Մայիս 2026-ին, հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ՝ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս սկիզբ առաւ Սարկաւագաց Պատրաստութեան եւ Վերաւորակաւորման Դասընթացք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ դպիրները, կիսասարկաւագներն ու սարկաւագները։
Դասընթացքը կը վարէ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանը։
Դասընթացքը պատրաստուած է Թեմիս եկեղեցիներու այն դպիրներուն համար, որոնք կը պատրաստուին ստանալու Սարկաւագական ձեռնադրութեան կարգը, ինչպէս նաեւ որպէս վերաւորակաւորման առիթ բոլոր այն սարկաւագներուն համար, որոնք կ՚ուզեն թարմացնել եւ խորացնել իրենց ծիսական, աստուածաբանական եւ եկեղեցական գիտելիքները։
Դասընթացքին նպատակն է կազմաւորել հոգեւոր ծառայութեան գիտակից, պատրաստուած եւ նուիրեալ սպասաւորներ, որոնք իրենց ծառայութիւնը պիտի մատուցեն Հայ Եկեղեցւոյ մէջ՝ հաւատքով, խոնարհութեամբ եւ կարգապահութեամբ։
Այս նախաձեռնութիւնը կարեւոր ներդրում մըն է Թեմիս եկեղեցական կեանքին մէջ, որովհետեւ առողջ եւ գիտակից սերունդի կազմաւորումը անհրաժեշտ է Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան շարունակութեան եւ մեր հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման համար։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ