ԴԱՍ

Ընդհանուր բնորոշումով դաս՝ իր զանազան իմաստներու կողքին, կը նշանակէ նաեւ համանման յատկութիւններ ունեցողներու խումբ՝ համախմբում: Ինչպէս օրինակՀրեշտակներու դաս, հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու դաս, հարուստներու կամ աղքատներու դաս: Նոյն հասկացողութեամբ դպիրներու խումբը կը կոչուի դպրաց դաս:

Եկեղեցիէն ներս, դէպի Արեւելք Ատեանին առաջամասը՝ բեմին ճիշդ առջեւը գտնուող բաժինը, որ կ’երկարի Հիւսիսային պատէն դէպի Հարաւային պատ, տրամադրուած է հոգեւորականներուն եւ դպիրներուն, որոնք եկեղեցական արարողութիւնները կը կատարեն:

Նկատելով որ ծիսական արարողութիւններու ընթացքին, երբ երգեցողութիւններն ու շարականի քաղուածքները կը կատարուին փոխասացութեան ձեւով, աջ կողմ համախմբուած դպիրներու կեցած բաժինը կը կոչուի Աջակողմեան դաս, իսկ ձախ կողմ համախմբուած դպիրներու կեցած բաժինը՝ Ձախակողմեան դաս: Աւելի յստակացնելու համար կարելի է ըսել, որ առաջնորդին գահը կը գտնուի Աջակողմեան դասին մէջ:

Ուրեմն, դէմքերնիս դէպի դուռը, մեր աջ ձեռքին կողմը կը կոչուի աջակողմեան, իսկ ձախ ձեռքին կողմը ձախակողմեան:

Եկեղեցականներուն եւ դպիրներուն յատկացուած այս բաժինը, Աջակողմեան դասէն մինչեւ Ձախակողմեան դաս, քիչ մը բարձր կ’ըլլայ եկեղեցւոյ ընդհանուր յատակէն եւ շուրջ մէկ մեթր բարձրութեամբ փայտեղէն կամ արկաթեայ միջնորմով կամ վանդակապատով անջատուած ժողովուրդէն:

Դպիրներուն երկուքի բաժնուած խումբերը՝ կը կենան Աջակողմեան եւ Ձախակողմեան դասերուն մէջ: Իսկ եկեղեցականներու դասն ալ միեւնոյն ձեւով երկուքի բաժնուած, անցեալին ծալապատիկ կը նստէին վանդակապատին առջեւ, իրենց համար փռուած գորգի մը վրայ, իսկ ներկայիս երկու դասերուն մէջ աթոռներ շարուած կ’ըլլան եկեղեցականներուն համար:

Երկու դասերուն մէջտեղի բաժինը, ճիշդ բեմին առջեւ, այսպէս ըսենք՝ դասերուն Ատեանի բաժինը, կէս բոլորակաձեւ՝ քիչ մը դուրս ելած կ’ըլլայ, դիւրութիւն ընծայելու համար մասնաւոր արարողութեանց ընթացքին դպիրներու համախմբումին կեդրոնական բաժնին մէջ: