Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2026-ին, Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին յիշատակեց «Դանիէլի մարգարէին եւ երից մանկանցն` Սեդրաքայ, Միսաքայ եւ Աբեդնագովի» տօնը:
Դանիէլ Մարգարէ եւ Երեք Երիտասարդները` Սեդրակ, Միսաք եւ Աբէդնագով:
Դանիէլ մարգարէի առաքելութեան մասին կը խօսի Մարգարէութիւն Դանիէլի անունով Հին Կտակարանի գիրքերէն մէկը:
Դանիէլ եւ իր երեք ազգակից ընկերները` Անանիա, Ազարիա եւ Միսայէլ, այն իմաստուն եւ վայելուչ երիտասարդներէն էին, որոնք Ք.Ա. 597 թուականին, Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կողմէ Բաբելոն բերուած գերիներուն մէջէն ընտրուած էին, որպէսզի երեք տարուան պատրաստութենէ ետք, ծառայէին արքայական պալատին մէջ եւ պաշտօններ ստանային:

Թագաւորը նախ Բաբելական անուններ կու տայ իւրաքանչիւրին, Դանիէլը կ’անուանէ Պաղտասար, Անանիան` Սեդրակ, Ազարիան` Աբեդնագով իսկ Միսայէլը` Միսաք, եւ ապա այնպէս կը տնօրինէ, որ երեք տարիներ լաւապէս զարգանան եւ թագաւորական սեղանէն սնանին, որպէսզի պատրաստ ըլլան սպասարկելու արքայական սեղանին:
Դանիէլ եւ իր երեք ընկերները կը խնդրեն թագաւորին ներքինապետէն, որպէսզի արքայական սեղանի ուտելիքներուն փոխարէն իրենք սնանին ընդեղէնով եւ ջուրով: Տասը օր փորձէ վերջ, ներքինապետը կը նշմարէ թէ Դանիէլ եւ իր երեք ընկերները աւելի առողջ եւ կայտառ են քան այն հրեայ գերիները որոնք արքայական սեղանէն կը սնանէին:
Այսպիսով Դանիէլ եւ իր երեք ընկերները Աստուծոյ օրհնութեամբ շնորհք կը գտնեն Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին առջեւ եւ բարձր պաշտօներ կը ստանձնեն:
Սակայն անոնք որքան կը բարձրանան թագաւորին աչքին, այնքան հակառակորդներ ու թշնամիներ կ’ունենան:
Դանիէլի մարգարէութեան գիրքի 3-րդ գլխուն մէջ կը պատմուի թէ ինչպէս Նաբուգոդոնոսոր թագաւոր կը հրամայէ իր իշխաններուն, երկրպագութիւն ընել իր շինած ոսկիէ արձանին: Դանիէլի երեք ընկերները կը մերժեն երկրպագել արձանին, որու պատճառով խարոյկի կը դատապարտուին, եւ ի զարմանս բոլորին, հակառակ հսկայ բոցին, անոնք անվնաս դուրս կու գան անկէ: Այսպիսով Աստուծոյ զօրութիւնը կը յայտնուի բաբելացիներուն, եւ կը զգուշանան վնաս հասցնելէ հրեայ գերիներուն:
Դանիէլի առաքելութեան շրջանը կը տարածուի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ժամանակ, երբ թագաւորին երազը մեկնելով մեծ պաշտօնի կ’արժանանայ (4-րդ գլուխ), անոր որդիին` Պաղտասար թագաւորի շրջանին, ան պալատի պատին վրայ գրուած անծանօթ գրութիւն կը մեկնաբանէ (5-րդ գլուխ) եւ Դարեհ թագաւորի ժամանակ, ան առիւծներու գուբը նետուելով անվնաս դուրս կու գայ (6-րդ գլուխ):
ՁԵՌԱԿԵՐՏ ԿՈՒՌՔԵՐ ՉԵՄ ՊԱՇՏԵՐ, ԱՅԼ՝ ԿԵՆԴԱՆԻ ԱՍՏՈՒԱԾԸ»

Դանիէլի մարգարէութեան 14-րդ գլուխին մէջ կը նկարագրուի, թէ ինչպէս Դանիէլը Բէլ կոչուած կուռքը կը կործանէ, անոր քուրմերը մահով կը վերացնէ, ինչպէս նաեւ բաբելացիներուն պաշտած վիշապը կը սատկեցնէ եւ անոնք որոնք զինք կը չարախօսէին, թագաւորին հրամանով առիւծներուն կեր կը դառնան (կարդալ Դն 14-րդ գլուխը):
Այս բոլոր դէպքերը կը սկսին երբ Դանիէլը կը հրաժարի Բէլ կոչուած կուռքին երկրպագել: Բաբելոնացիներուն Աստիագէս թագաւորը կը հարցնէ անոր. «Դուն ինչո՞ւ չես երկրպագեր Բէլին» (Դն 14.3): Դանիէլին պատասխանը կ’ըլլայ. «Որովհետեւ ձեռակերտ կուռքեր չեմ պաշտեր, այլ՝ կենդանի Աստուածը, երկինքի եւ երկրի Արարիչը, որ իշխանութիւն ունի մարմնաւոր բոլոր էակներուն վրայ» (Դն 14.4): Ի՜նչ համարձակութիւն ապրածդ երկրի թագաւորին պատասխանել այսպիսի վստահութեամբ, հակառակ անոր, որ գիտես ի՜նչ կը սպասէ քեզի եւ ինչպէ՜ս կրնայ վարուիլ քեզի հետ: Դանիէլը սակայն, բացարձակ վստահութիւն ունէր իր պաշտած Աստուծոյ նկատմամբ եւ գիտէր, որ ո՛չինչ կրնայ կանգնիլ Անոր դիմաց եւ ո՛չ մէկ ոյժ կրնայ պայքարիլ կամ հակառակիլ Անոր:
Այսօր մեզմէ քանի՞ հոգի կրնայ նոյն համարձակութեամբ եւ վստահութեամբ խոստովանիլ ու դաւանիլ իր հաւատքը, իր պաշտած Աստուածը: Մեզմէ քանի՞ հոգի, հակառակ իր կրած նեղութիւններուն եւ սպասելի վտանգներուն, անվախօրէն, համարձակութեամբ եւ կատարեալ վստահութեամբ կառչած կը մնայ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ պատրաստ ըլլալով իր կեանքն իսկ զոհել յանուն Անոր, յանուն իր հաւատքին:
Պօղոս Առաքեալին խօսքերը վերյիշենք. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ մեզի հակառակ կ’ըլլայ» (Հռ 8.31): Այո՛, եթէ երկինքի եւ երկրի Արարիչը, որ իշխանութիւն ունի մարմնաւոր բոլոր էակներուն վրայ մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ, ո՞վ կրնայ մեզի վնաս պատճառել, կամ երկրաւոր սպառնալիքներով սպառնալ: Չէ՞ որ Աստուծոյ հաւատալով, կառչելով ու վստահելով Անոր, մենք մեր վրայ առած ենք Անոր զօրութիւնն ու սպառազինութիւնը, որով ի զօրու ենք այլեւս պայքարիլ սատանային բոլոր հնարքներուն դէմ (տե՛ս Եփ 6.10-11):
Չամչնանք դաւանիլ մեր Աստուածը, չվախնանք խոստովանիլ Անոր մեծամեծ գործերուն եւ հրաշքներուն մասին, չընկրկինք բարձրաձայնելու մեր հաւատքն ու վստահութիւնը Անոր նկատմամբ, վստահ ըլլալով, որ Ան մեզ երբե՛ք ամօթով պիտի չձգէ (տե՛ս Սղ 32.18-22: Ես 64.4: Հռ 4.18-22, 5.5):
Համադրեց՝
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան