ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 16.1-31
Մեծ Պահոց չորրորդ կիրակին կը կոչուի «Տնտեսի» Կիրակի: Քրիստոսի պատմած գեղեցկագոյն առակներէն է: Այս առակը դժուարիմաստ է խորքին մէջ եթէ նիւթական անկիւնէն դիտուի հարցը, բայց իրականութեան մէջ Յիսուս կը փորձէ շօշափելիօրէն հասկցնել մարդուն թէ ինչպէ՞ս կը կայանայ նիւթականի եւ բարոյականի փոխ յարաբերութիւնները:
«Տնտեսի» առակը իր մէջ հոգեւոր ճշմարտութիւններ կը բովանդակէ, այլ խօսքով՝մարդու հոգիի փրկութեան վերաբերող իրականութիւններ: Մեծահարուստ մարդ մը իր ունեցուածքին վրայ տնտես մը ունէր: Օր մը կ’իմանայ թէ տնտեսը կը վատնէ իր հարստութիւնը, ուստի զինք կը կանչէ եւ հաշիւ կը պահանջէ։ Իմանալէ ետք եղելութիւնը՝ զինք կը զրկէ իր պաշտօնէն: «Տնտեսը» ինքնիրեն կը մտածէ թէ ի՞նչ ընեմ որ մարդիկ զիս կրկին ընդունին իրենց տուներէն ներս աշխատելու, ապա մէկ առ մէկ կը կանչէ իր տիրոջ պարտապանները եւ իւրաքանչիւրէն բաժին մը կը զեղչէ եւ հաշուեփակ կը կատարէ, որպէսզի գործէ արձակուելէ ետք նոր բարեկամներ սիրաշահած ըլլայ: Աւետարանը կ’ըսէ. «Տէրը ասիկա լսելով՝ գովեց անիրաւ տնտեսը իր հնարամտութեան համար» (Ղկ 16.8):
Մարդը տնտես նշանակուած է Աստուծոյ կողմէ ողջ աշխարհին եւ անոր անսահման բարիքներուն ու գանձերուն վրայ: Ան ինչպէ՞ս պէտք է վարէ իր «Տնտեսութիւն»ը: Ասկէ կը ծագի յատկապէս քրիստոնեային համար կարեւոր հարց մը, թէ տնտեսին ըրածը յանցա՞նք է: «Տնտեսի» առակը այս հարցին որոշակիօրէն կը պատասխանէ: Եթէ տնտեսին ըրածը չարաշահութեան, վաշխառութեան եւ խաբէութեան արդիւնք չէ, այլ հնարամտութեան՝ ուրեմն յանցանք չէ. «Աշխարհիկ հարստութիւնը գործածեցէք այնպէս որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիք» (Ղկ 16.9):
Աստուած մարդուն տնտես կարգեց եւ ուզեց, որ Իր ստեղծած մարդը միաժամանակ Իր գործակիցը ըլլայ, որպէսզի մարդը ինքն իր անձին վերակացուն ըլլալով նաեւ տնօրինէ իր եւ շրջապատին բարոյական արժէքները եւ սատար հանդիսանայ բոլորին բարեկամութիւնը եւ համակրանքը շահելու:
«Տնտեսի» առակին մէջ, թէեւ տնտեսը հեռացած էր իր պաշտօնէն, բայց եւ այնպէս կը խորհէր միջոց մը որդեգրել եւ կրկին դառնալ իր նախկին վիճակին: Ուզեց վերականգնիլ իր անկումէն եւ արթննալ մահուան քունէն: Ան չյուսահատեցաւ, այլ ճարպիկութեամբ փորձեց ելք մը գտնել, ուստի օգտագործեց յարմար առիթը: Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Որքան ատեն որ ժամանակը մեր ձեռքն է՝ բարիք ընենք բոլորին, մանաւանդ հաւատքի ճամբով մեր հարազատներուն» (Գղ 6.10): Տէրը տնտեսին իմաստուն վերաբերմունքը տեսնելով զայն կը գովէ: Որովհետեւ առաջին հերթին, նիւթը օգտագործեց իր ապագան շահելու, երկրորդ՝ նիւթը օգտագործեց որպէս միջոց, մարդասիրութեան նպատակներով եւ ոչ թէ ինքնանպատակ:
Մենք եւս պէտք է տնտեսին իմաստութիւնը ունենանք՝ բարեկամներ ապահովելու, ճշմարիտ եւ աստուածահաճոյ գործեր կատարելու համար: Ուշ կամ կանուխ մեզմէ եւս պիտի պահանջուի որպէս մարդ այս անցաւոր աշխարհէն բաժնուելէ ետք։ Աստուած պիտի ըսէ. «Քեզի յանձնուած բոլոր ստացուածքներուն հաշիւը տուր» (Ղկ 16.2): Պատասխանատուութեան զգացումը եւ պարտականութեան գիտակցութիւնը քրիստոնեայ հաւատացեալին առաքինութիւններն են, իսկ անոնցմէ զուրկ ըլլալը՝ յանցանք է եւ մեղք:
Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս կը թելադրէ, որ մենք եւս շահինք Աստուծոյ բարեկամութիւնը: Աստուծոյ հետ բարեկամանալու համար հարկ է նախ մեղքէն հեռանալ: Տիրոջ հետ միանալու միակ միջոցը չարէն ու անոր գայթակղութիւններէն անջատուիլն է, ես-էն ու անոր կործանարար բնութենէն հրաժարիլ: Առակին մէջ, տանտէրը Աստուած է, իսկ տնտեսը մարդը, իսկ աշխարհի հարստութիւնները եւ ստացուածքները՝ Աստուծմէ տրուած բարիքներ են տրամադրուած։ Մարդը անոնց տէրը չէ, այլ մատակարարող պաշտօնեան, «Տնտես»ը:
Աստուած այս աշխարհի բարիքները մարդուն յանձնած է, զանոնք գործածելով հանդերձեալ կեանքի տիրանալու: Առակին հիմնական նպատակն է, թէ մարդ պարտաւոր է այս աշխարհէն ստացած բարիքներէն բաժին հանել, օգնել, նպաստել, ողորմիլ իր նմանին, որպէսզի ժառանգէ յաւիտենական կեանը:
Թող ամենաբարին Աստուած շնորհքի եւ հաւատքի թթխմորը առատացնէ մեր մէջ, որպէսզի խմորէ ամբողջ զանգուածը մեր էութեան:
ՅՈՎՀԱՆ ՈՐՈՏՆԵՑԻ ՎԱՐԴԱՊԵՏ
Իմաստասիրութիւնը իր բազմադարեան գոյութեան ընթացքին մեծապէս նպաստած է հոգեւոր մշակոյթի եւ գիտական միտքի զարգացումին:
Հայ իմաստասիրական միտքը աննախադէպ զարգացում կ’ապրի 13-14րդ դարերուն: Հանդէս կու գան իմաստասէրներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մեծ աւանդ կ’ունենայ իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան բնագաւարներէն ներս:
Յովհան Որոտնեցի մեծանուն վարդապետը կը պատկանի այդ իմաստասէրներու փաղանգին: Ծնած է 1315-ին, պատմական Սիւնիք նահանգի Ծղուկ գաւառի Վաղանդի գիւղը: Ան Օրբելեան ազգատոհմէն՝ Իվանէ իշխանին որդին էր: Բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանայ Գլաձորի համալսարանին մէջ, ուսուցչապետ ունենալով նշանաւոր գիտնական՝ Եսայի Նչեցին: Որոտնեցին աստուածաբանութեան կողքին կ’ուսանի յունա-կան դասական փիլիսոփաներուն՝ Պղատոնի, Արիստոտէլի, Պորփիւրի եւ ուրիշներու ստեղծագործութիւնները: Ան կը հետեւի նաեւ քերկանութեան, ճարտասանութեան եւ բնագիտութեան:
1338-ին քաղաքական անբարենպաստ պայմաններու եւ Եսայի Նչեցիի մահուան պատճառով կը փակուի Գլաձորի համալսարանը: Որոտնեցի քանի մը տարի ետք Տաթեւի մէջ կը հիմնէ նոր համալսարանը, դառնալով անոր ուսուցչապետը: Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ Յովհան Վարդապետ իր ուսումը կատարելագործելու միտումով 1340-ականներուն կը փոխադրուի Որոտանի վանքը, որմէ կը ստանայ Որոտնեցի մականունը:
Յովհան Որոտնեցի կը համարուի պարագլուխը այն շարժումին, որ 14րդ դարու կիսուն հայ հոգեւորականութիւնը կազմակերպած էր Ունիթոռներուն դէմ: Ունիթոռները կը ձգտէին ոչնչացնել Հայ Եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութիւնը զայն ենթարկելու Հռոմէական եկեղեցւոյ, լատինացնելով հայութիւնը՝ կրօնքով, լեզւով եւ ուսուցումներով: Այդ պայքարը բարեբախտաբար վերջ կը գտնէ Հայ Եկեղցւոյ յաղթանակով: Որպէս արժանի հետեւորդ Սիւնեաց տոհմին, Յովհանին վերապահուած էր Արքեպիսկոպոսութեան աթոռը, սակայն ան կը հրաժարի անկէ եւ ամբողջովին կը նուիրուի եկեղեցւոյ:
Որոտնեցին Տաթեւի եւ Ապրակունիսի վանքերէն ներս հանդէս եկած է իր դասախօսութիւններով, որոնք որպէս փիլիսոփայական աշխատութիւններ, գիտական բազմազան ստեղծագործութիւններու կողքին, առանձնայատուկ տեղ գրաւած են: Այդ աշխատութիւնները հետագային մշակած ու խմբագրած է իր աշակերտը՝ Գրիգոր Տաթեւացին:
Յովհան Որոտնեցի հաւատքի եւ բանականութեան յարաբերակցութեան հարցը վերլուծելով կ’եզրակացնէ, թէ «Աստուծոյ գոյութիւնը կարելի է հիմնաւորել բանականութեան միջոցով»:
Յովհան Որոտնեցի կը վախճանի 1386-ին, կը թաղուի Ապրակունեաց վանքին մէջ: Ան կը սրբադասուի Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսի կողմէ եւ անունը կը նշուի Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ: Որոտնեցիի շնորհիւ Հայ Եկեղեցին կ’ունենայ ուսեալ եւ քաջարի վարդապետներու ընտրանի մը, որոնք կը նուիրուին ազգային եկեղեցական գոյապայքարին:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան