ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 20 Մարտ 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ՝ Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեան Հովական այցելութեամբ ներկայ գտնուեցաւ Թորոնթոյի Հայց. Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցի:

Սրբազան Հայրը յաւուր պատշաճի քարոզեց «Տնտեսի» Կիրակիի խորհուրդը մեկնաբանելով:

Աւարտին Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյս Հովիւներուն եւ Հոգաբարձութեան հետ: Նախօրոք առնուած ժամադրութեան համաձայն, եկեղեցի այցելեցին Թորոնթոյի ՀՕՄի «ՌՈՒԲԻՆԱՅ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր, եկեղեցւոյ հովիւներուն, ինչպէս նաեւ Հոգաբարձութեան,որ սատար հանդիսացած եւ ներկայ գտնուած էին մասնաճիւղին կազմակերպած «Երուսաղէմի եւ Յորդանանի» Տօհմիկ օրուայ ձեռնարկին:

Այս առթիւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը համագործակցութեան վերսկսելու ենք ըսաւ, այժմ որ համաճարակը հասաւ իր աւարտին: Եկեղեցւոյ Հովիւներն ալ պատրաստակամութիւն յատնեցին համագործակցութեան:

Աւարտին, Ռուբինա մասնաճիւղի Վարչութիւնը Առաջնորդ Սրբազան Հօր Եպիսկոպոսական Պանակէ մը նուիրեցին, իսկ Եկեղեցւոյ Քառասուն կանթեղներ՝, Երուսաղէմէն յատուկէն բերուած, հանդիպումը փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքով հասաւ իր աւարտին Սրբազան Հօր պահպանիչ աղօթքով:

Սոյն այցելութեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Հոգշ. Տ. Յակոբ Աբղ. Եագուպեան:

PRELATE TCHARIAN IN TORONTO

On Sunday, March 20th, 2022, His Eminence Archbishop Papken Tcharian alongside Very Rev. Fr. Hagop Yacoubian paid a visit to St. Mary Armenian Apostolic Church, where Prelate Tcharian presided over Divine Liturgy and delivered the weekly homily reflecting upon the Sunday of the Steward.

Following the service, Prelate Tcharian, alongside the Parish Priest and Board of Trustees, met with ARS Toronto Roubina Chapter, who thanked Archbishop Tcharian for attending the Doghmig Day dedicated to the Holy Land Jerusalem.

To his extent, Prelate Tcharian thanked the dedicated ladies for the work they do and recommitted his support and encouragement ensuring that the Church will always be there for the Armenian Relief Society.

At the end of the meet, the ARS Roubina Chapter executives gifted His Eminence Tcharian a episcopal Panagia, and donated to the Church forty censers that were brought from Jerusalem specifically for the Dohmig Day.