Memorial Day – July 12th, 2021

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու գրով կը տեղեկացնենք Թորոնթօ բնակող մեր հաւատացեալներուն,որ յառաջիկայ Կիրակի 11 Յուլիս 2021ին, Քրիստոսի Այլակերպութեան (Վարդավառ)ի Տօնին առթիւ Ս.եւ Անմահ Պատարագի աւարտին,մեր եկեղեցւոյ կանոններուն համաձայն, հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի չունենար,այլ յաջորդ օրը կը յիշատակուի (Մեռելոց)ի օր,այս առթիւ Երկուշաբթի 12 Յուլիս 2021ին,առաւօտեան ժամը10ին,Ս.եւ Անմահ Պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ: Այն հաւատացեալները որոնք կը փափաքին իրենց ննջեցեալ հարազատներուն հոգեհանգիստ եւ կամ գերեզմանօրհնէք կատարել,թող բարեհաճին եկեղեցւոյս գրասենեակ քարտուղարութեան հետ կապուիլ, կատարելու պարտն ու պատշաճը:Հեռ.4164938122:

«ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ»

Հովիւք եւ Հոգաբարձութիւն Ս.Աստուածածաին Եկեկեղեցւոյ Թորոնթօ