Ուրբաթ 13 Յունիս 2025-ի առաւօտուն, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհն. Միքայէլեան, ընկերակցութեամբ Հ.Օ.Մ.-ի Ռուբինա մասնաճիւղի ընկերային ծառայութեան յանձնախումբին, այցելեցին ”Արարատ” հանգստեան տուն եւ հանդիպում ունեցան հայ տարեցներուն հետ:

Արժանապատիւ Տէր Հայրը բժշկութեան աղօթքով եւ հոգեւոր խորհուրդներով գօտեպնդեց ներկաները, ապա հաւաքական խոստովանանքէ ետք Սուրբ Հաղորդութիւն բաշխեց բոլորին։

Աւարտին, գեղարուեստական յայտագիր կատարուեցաւ դաշնակի ընկերակցութեամբ. Հ.Օ.Մ.-ի ընկերուհիները յատուկ հիւրասիրութիւն կատարեցին, որմէ ետք այցելեցին կարգ մը տարեցներու սենեակները։ Ապա հոգեկան բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան։