Երեքշաբթի 17 Յունիս 2025-ի կէսօրին, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Հայր Սուրբը եւ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Հայրը ներկայ գտնուեցան Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Երէցներու Համախմբումի կազմակերպած ”Հայրերու Տօն”ին առթիւ մեծարանքի հանդիսութեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արժ. Տէր Հայրը, շնորհաւորեց բոլոր հայրերը, ապա հրաւիրեց Համախմբումի ատենապետ Տիար Էտի Ուրֆալեանը եւ Հայր Սուրբը, որպէսզի գնահատեն օրուան մեծարեալ՝ Տիար Յարութիւն Շիթիլեանը եւ Տիար Հրանդ Մելքոնեանը իրենց տարիներու ծառայութեան համար:
Աւարտին, Գերպ. Հայր Սուրբը, յանուն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքին, շնորհաւորեց մեծարեալները եւ բոլոր հայրերը, մաղթելով անոնց առողջ եւ արեւշատ օրեր: