Օրուան Բանաստեղծութիւնը

Պատկերին Առջեւ

Արիւնաթաթաւ խաչուած Յիսուսի

Պատկերին առջեւ, խորանին տակ լուռ,

Երեք մոմերու կըշտին, մեկուսի,

Կը ծըխայ անվերջ բուրվառը մաքուր։

Կընդրուկը կ’այրի կրակին վրայ յուշիկ,

Մինչ փոքրիկ հնոցէն կայծեր մերթ՝ ուժգին

Թափով՝ կ’ոստնուն դուրս, ու բոյրն անուշիկ,

Ծաւալելով մեղմ, կ’ելնէ դէպ երկին։

Երբոր գուլաներն խունկին՝ գալարուն՝

Կը հասնին իրենց, կը խըտղան կարծես

Բոցեղէն աչքերն աղուոր մոմերուն,

Ամպերուն մէջէն ժըպտող աստղի պէս։

Ու խաչին վրայ մահացած դէմքին

Շուրջն աղօտացած ճաճանչներն անշէջ

Յանկարծ նոր կեանքի շունչով կը բռընկին

Լուսապսակի մ’անեղծ փառքին մէջ։

Եղիշէ Ա. Դուրեան

Գահիրէ