ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՍՏՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԱՊԱՑՈՅՑԸ
1. Ինչպէ՞ս կը գիտնանք, թէ առաջին աշակերտները Սուրբ Հոգիի շնորհքներով լեցուած էին։
Այս կը յայտնուի Աւետարանին տարածումով եւ աշխարհի մէջ Եկեղեցւոյ հաստատումով, որ կատարուեցաւ Քրիստոսի առաքեալներուն եւ աշակերտներուն ծառայութեամբ։
2. Կարելի՞ է սխալ կրօն մը լայնօրէն տարածուի։
Այո՛, սխալ կրօն մըն ալ կրնայ լայնօրէն տարածուիլ, երբ անիկա կը գրգռէ մարդուն չար ցանկութիւնները եւ բռնապետական ուժ կամ նոյնիսկ սուր կը գործածէ իր ընդունումը պարտադրելու համար։
3. Կա՞ն արդեօք այսպէս տարածուած սխալ կրօնքներ։
Ցաւօք, կան սխալ կրօնքներ, որոնք այսպիսի չար մարդկային միջոցներով տարածուած են, բայց անոնք չեն կրնար մնայուն ըլլալ, որովհետեւ ճշմարտութեան վրայ հիմնուած չեն։
4. Քրիստոնէութի՞ւնն ալ մարդկային միջոցներով տարածուած է։
Քրիստոնէութիւնը միակ կրօնն է, որ ոչ միայն զուտ մարդկային միջոցներով չէ տարածուած, այլեւ տարածուած է ժողովուրդներու մէջ՝ մարդկային ընդդիմութեան դէմ յանդիման։ Քրիստոնէութեան երկնաւոր Հիմնադիրը քարոզեց, թէ Իր թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէ (Յովհ. ԺԸ. 36), արգիլեց կռիւը եւ ըսաւ, թէ սուր գործածողները սուրէ պիտի կորսուին (Մատթ. ԻԶ. 52)։ Բոլոր մարդկային ուժերը Քրիստոնէութեան դէմ պայքարեցան, բայց ան յաղթեց բոլորին, որովհետեւ Քրիստոսի սուրբ կրօնը ճշմարտութեան վրայ հիմնուած է։
5. Որո՞նք էին Քրիստոնէութեան տարածման գլխաւոր արգելքները։
(1) Մանկութենէն սորված նախապաշարումները,
(2) մարդկութեան ընդհանուր ապականութիւնը,
(3) հեթանոս քուրմերուն ագահութիւնը,
(4) կայսրերուն եւ թագաւորներուն հպարտութիւնը։
6. Ինչպէ՞ս կը ստեղծուէին մանկութենէն սորված նախապաշարումները։
Քրիստոնէութեան քարոզութեան սկզբնաւորութեան մարդիկ մանկութենէն ի վեր կուռքերը աստուածներ նկատելու սովոր էին. ուստի դժուար էր զանոնք համոզել, թէ ճշմարիտ Աստուածը միայն մէկն է, եւ կուռքերու պաշտամունքը մեղք է։
7. Արդեօք բոլոր մարդիկ հեթանոս ու կռապաշտ էի՞ն։
Թէեւ շատեր զգացած էին կռապաշտութեան սուտն ու նուաստացուցիչ ազդեցութիւնը եւ հասկցած էին, թէ հեթանոս աստուածներուն պաշտամունքը անմտութիւն է, սակայն անոնք ալ ընկղմած էին անհաւատութեան եւ արատաւոր կեանքի մէջ։
8. Ի՞նչ կը մտածէին եւ կ’ընէին փիլիսոփաներն ու ուսեալ մարդիկը։
Կային փիլիսոփաներ եւ ուսեալներ, որոնք հասկցած էին, թէ բազմաստուածութիւնը հակառակ է ճիշդ բանականութեան, բայց հասարակական կարծիքէն վախնալով կը համաձայնէին ժողովուրդին սնոտիապաշտութեան։
9. Հանրային ապականութիւնը ի՞նչ արգելք կը հանդիսանար Քրիստոնէութեան համար։
Քրիստոնէութենէն առաջ մարդիկ այն աստիճան ընկղմած էին արատներու եւ ամօթալի ապականութիւններու մէջ, որ Քրիստոսի սուրբ եւ կատարեալ բարոյականութիւնը զիրենք կը վանէր, եւ անոնք իրենց մեղքերուն ծառայելը աւելի նախընտրելի կը համարէին, քան Փրկչին ուսուցումները հետեւիլը։

10. Ի՞նչ վիճակի մէջ էր հեթանոս ընտանիքը։
Հեթանոս ընտանիքներուն մէջ ապականութիւնն ու անբարոյութիւնը այն աստիճան տարածուած էին, որ ամէն տեսակ գարշելի մեղքեր կը գործուէին՝ առանց ամօթի կամ խայտառակութեան զգացումի (Հռոմ. Ա. 21-32)։
11. Հեթանոս կրօնները չէի՞ն կրնար զսպել այդ մեղքերը։
Ո՛չ, որովհետեւ ժողովուրդը իրենց պաշտած աստուածներուն եւ աստուածուհիներուն առասպելներուն մէջ նոյն գարշելի չարիքներուն օրինակները կը տեսնէր եւ զանոնք առանց հարցադրութեան ընդօրինակելու արժանի օրինակներ կը համարէր։
12. Ինչո՞ւ հեթանոս քուրմերը այսքան բուռն կերպով կը հակառակէին Աւետարանին։
Որովհետեւ կռապաշտութեան կործանումը պիտի փակէր իրենց շահերուն աղբիւրները եւ պիտի ոչնչացնէր իրենց հեղինակութիւնն ու իշխանութիւնը։
13. Ինչո՞ւ թագաւորներն ու կայսրերը Քրիստոնէութեան դէմ էին։
Որովհետեւ շողոքորթութիւնն ու ստոր ծառայամտութիւնը այն աստիճան զարգացած էին, որ մարդիկ թագաւորներն ու կայսրերը որպէս աստուածներ կը պաշտէին։ Քրիստոնեաները, թէեւ ըստ Փրկչին պատուէրին օրինաւոր իշխաններուն յարգանք կու տային, բայց չէին պաշտեր զանոնք, ուստի անոնց ատելութեան եւ հալածանքներուն զոհ կը դառնային։
14. Առաքեալները, որպէս մարդիկ, կրնայի՞ն յաղթահարել այդ արգելքները։
Ո՛չ։ Անոնք հասարակ ժողովուրդէն սերած, աղքատ եւ անուս մարդիկ էին։ Ոչ միայն ուժով չէին կրնար համոզել մարդիկը իրենց վարդապետութիւնը ընդունելու, այլ իրենց քարոզութեամբ եւ օրինակով կ’ենթարկուէին ամէն տեսակ հարստահարման եւ հալածանքի՝ հրեաներուն եւ հեթանոսներուն կողմէ։
15. Հալածանքները յաջողեցա՞ն ճնշել Աւետարանը։
Ո՛չ։ Ընդհակառակը, անոնք նպաստեցին, որ Քրիստոնէութիւնը զարմանալի արագութեամբ տարածուի ամբողջ աշխարհով։ Քրիստոնեայ նահատակներուն արիւնը, որ հարիւրաւոր տարիներ թափուեցաւ, ոռոգեց Աստուծոյ տնկած Քրիստոնէութեան ծառը եւ անոր բարերար հովանին տարածեց ամբողջ մարդկութեան վրայ։
16. Ինչպէ՞ս դադրեցան հալածանքները։
Քրիստոնէութիւնը իր սրբութեամբ, հրաշքներով եւ հեզութեամբ ի վերջոյ յաղթեց մեր թագաւոր Տրդատին եւ Հռոմէացիներու կայսր Կոստանդիանոսին, եւ անոնց հովանաւորութեամբ ձեռք ձգեց լիակատար խաղաղութիւն եւ ազատութիւն։
17. Ի՞նչ բարիքներ բերաւ Քրիստոնէութիւնը։
Քրիստոսի երկնաւոր կրօնը Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւն է մարդկութեան, որովհետեւ Քրիստոնէութեան շնորհիւ մարդկային ընկերութեան մէջ կը տիրէ սուրբ բարոյականութիւն, առաքինութիւնը կը տարածուի, ընտանեկան կեանքը կը սրբագործուի, կինը ազատ կ’ըլլայ ստրկութենէն, իսկ մարդոց միջեւ կը տիրէ հաւասարութիւն, եղբայրութիւն եւ սէր։ Քրիստոնէութիւնը վերացուց ստրկութիւնը, հեռացուց նախապաշարումն ու սնոտիապաշտութիւնը, կրթեց վայրենի ժողովուրդները եւ դարձաւ ու պիտի շարունակէ մնալ քաղաքակիրթ ազգերուն կրօնը։
18. Ո՞րն է Քրիստոսի Աստուածութեան վերջին ապացոյցը։
Քրիստոսի Աստուածութեան վերջին ապացոյցը այն ահաւոր պատիժն է, զոր Աստուծոյ արդարութիւնը գործադրեց հրեաներուն վրայ՝ իբր պատիժ անոնց, որոնք մերժեցին ու խաչեցին Աստուծոյ Որդին եւ իրենց ու իրենց զաւակներուն վրայ կանչեցին Անոր անմեղ արիւնին պատասխանատուութիւնը (Մատթ. ԻԷ. 25)։
19. Քրիստոս կանխագուշակա՞ծ էր այս մասին։
Այո՛։ Մեր Տէրը յստակօրէն կանխագուշակեց Երուսաղէմի Տաճարին կործանումը եւ հրեաներու ցրուիլը։ Այս սարսափելի դէպքը, որ նոյնիսկ առաքեալներուն անհաւատալի կը թուէր, ճիշդ այնպէս կատարուեցաւ, ինչպէս Տէրը ըսած էր (Մատթ. ԻԴ. 12-34, Ղուկ. ԻԱ. 24)։
20. Ինչպէ՞ս կատարուեցաւ այս մարգարէութիւնը։
Քրիստոսի ծնունդէն ետք 70 թուականին հրեաները ապստամբեցան Հռոմէական իշխանութեան դէմ։ Կայսր Վեսպասիանոսի որդին՝ Տիտոս, եկաւ, գրաւեց Երուսաղէմը եւ կործանեց Հերովդէսի շինած Տաճարը, որ կառուցուած էր Սողոմոնի Տաճարին տեղը։ Տաճարը այրեցաւ, թէեւ Տիտոս ջանաց զայն փրկել, բայց անկարելի էր, որովհետեւ Քրիստոսի վճիռը պիտի կատարուէր. «Քար քարի վրայ պիտի չմնայ, որ չքանդուի» (Մատթ. ԻԴ. 2)։
21. Ի՞նչ պատահեցաւ հրեաներուն։
Երուսաղէմի պաշարման ընթացքին մէկ միլիոն հարիւր հազար հրեաներ կորսուեցան, իսկ հարիւր հազար ուրիշներ գերի տարուեցան եւ ցրուեցան ամբողջ աշխարհով։ Անոնք մինչեւ այսօր, աւելի քան տասնութ դար անց, կը գտնուին իբր առանձին ժողովուրդ։
22. Ի՞նչ կ’ապացուցեն այս դէպքերը։
Ասիկա բացայայտ ապացոյց մըն է, որ հրեաները մերժուած են Աստուծմէ։ Հրեաները այժմ կռապաշտ չեն. ժամանակին անոնք կռապաշտ եղած են, սակայն նոյնիսկ այն ատեն Ամենակալը զանոնք այսքան երկարատեւ գերութեամբ չէ պատժած։ Աստուած խոստացած էր վերջ տալ անոնց բաբելոնական գերութեան եօթանասուն տարի ետք, եւ այդպէս ալ ըրաւ. բայց այս գերութեան համար վերեւէն տրուած խոստում չկայ, թէ երբ պիտի վերջանայ։ Այսօր, թէեւ հրեաները մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած են եւ հարստացած՝ Քրիստոնէութեան հաշուոյն, զոր անոնք անհագ ատելութեամբ կը նզովեն, սակայն ո՛չ միութիւն ունին եւ ո՛չ քաղաքական ազատութիւն, որովհետեւ Աստուծոյ կողմէ որոշուած է, որ անոնք այսպէս ցրուած մնան եւ անկարող ըլլան կատարել Մովսիսական ծէսերը, մինչեւ որ Քրիստոսը փնտռեն եւ փրկութիւն ստանան։ (Ղուկ. ԻԱ. 24, Հռոմ. ԺԱ. 26)