ՏՕՆ ՎԵՐՓՈԽՈՒՄՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԵՔ

ՏՕՆ ՎԵՐՓՈԽՈՒՄՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԵՔ
 

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդն է: Այս տօնը շարժական է եւ կը նշուի Օգոստոս ամսուան 12էն- 18 ի զուգադիպող Կիրակի օրը:

Վերափոխումը Ս.Կոյս Մարիամ Աստուածածնի երկրային կեանքի վախճանն է, որ կը նշանակէ վեր փոխադրուիլ:
 

Յովհաննու Աւետարանը կը վկայէ, թէ Յիսուս խաչելութեան օրը Իր մայրը՝ կը յանձնէ Յովհաննէս առաքեալի խնամքին.« Մա՛յր, ահաւասիկ զաւակդ: Յետոյ ըսաւ իր աշակերտին. Ահաւասիկ մայրդ։ Այդ օրուընէ աշակերտը զայն իր մօտ տարաւ:» (Յհ 19.26-27):
 

Ըստ արձանագրութիւններու, Քրիստոսի Համբարձումէն ետք Մարիամ տասընհինգ տարի եւս կ’ապրի Երուսաղէմի մէջ: Այդ տարիներու ընթացքին Ինք եւս կ’ենդարկուի բազմաթիւ հալածանքներու:
 

Օր մը Գաբրիէլ հրեշտակապետը կը յայտնուի՝ Ս.Կոյսին աւետելու, թէ շուտով կ’աւարտի Անոր երկրաւոր կեանքը: Մարիամ տուն վերադառնալով տեղեակ կը պահէ առաքեալները: Առաքեալները յուզմով կ’իմանան եղելութիւնը, ապա Ս.Պատարագ կը մատուցանեն, Ս.Կոյսը կը հաղորդեն Իր Միածինին մրմնով եւ արիւնով, Սրբուհին առքեալներէն կտաւ մը խնդրելով դէմքին վրայ կը դնէ աստուածային հրաշքով մը Անոր կենդանի պատկերը կ’արտացոլայ կտաւին վրայ, զայն կը յանձնէ առաքեալներուն որպէսզի անով մխիթարուին Իր մեկնումէն ետք: Անոնց ներկայութեամբ կ’աւանդէ հոգին:
 

Առաքեալները, բացի Բարթուղիմէոսէն, որ բացակայ էր այդ օրը, մեծ հանդիսութեամբ յուղարկաւորութիւն կը կատարեն եւ զայն կը թաղեն Գեթսեմանիի ձորակին կողմը, ուրկէ երեք օր շարունակ հրեշտակներու օրհներգութեան ու փառաբանութեան երգեր կը լսուին:
 

Բարթուղիմէոս, որ ներկայ չէր յուղարկաւորութեան, վերադառնալով Երուսաղէմ, Տիրամայրը վերջին անգամ տեսնելու փափաքին գոհացում տալու համար, առաքեալները կը ստիպուին գերեզմանը բանալ: Սակայն մարմինը հոն չեն գտներ, կը հաստատուի Քրիստոսի խոստումը, թէ Իր մայրը երկինք պիտի փոխադրէ: Կ’աւանդուի թէ Բարթուղէմիսի մխիթարութեան համար, իրեն կը տրուի նաեւ կենդանագիր պատկերը, զոր Ս.Կոյսը յետ օրհնութեան յանձնած էր Յովհաննէս աւետարանիչ առաքեալին: Հայկական աւանդազրոյցներուն համաձայն, Բարթուղէմիոս պատկերը կը բերէ Հայաստան եւ կը զետեղէ Անձեւացեաց գաւառի Դարբնաց Քար կոչուած վայրը, ուր վանք մը կը կառուցէ Աստուածածինի պատկերին ի պատիւ եւ ի պաշտպանութիւն: Հետագային հոն կոյսերու միաբանութիւն մը կը հաստատուի, ուր Հռիփսիմեանց կոյսեր հոն ապաստան կը գտնեն:
 

Վերափոխման տօնին եկեղեցիէն ներս նաեւ խաղողօրհնէք կը կատարուի: Խաղողը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս մեծ նշանակութիւն ունեցած է, որ միայն օրհնուելէն ետք կը թոյլատրուէր ուտել զայն: Աստուածաշունչին համաձայն, Նոյ Նահապետ, երբ կ’իջնէ Արարատի գագաթէն, անոր առջեւ հիասքանչ դաշտ մը կը բացուի: Նահապետը այդտեղ խաղողի որթատունկ կը տնկէ, որ կ’ըլլայ յետ ջրհեղեղի առաջին խաղողի այգին: Հետեւաբար Հայոց Եկեղեցին խաղողի օրհնութեան հետ կ’օրհնէ նաեւ, նոյն տարուան բոլոր բերքերը եւ արտերը, ինչպէս նաեւ՝ մշակները:
 

Եթէ հարց տանք, թէ օրհնութեան համար ինչո՞ւ ընտրուած է խաղողը: Պատասխանը այն է, որովհետեւ աւետարանին մէջ Քրիստոս ինքզինք կը համեմատէ խաղողի որթատունկին հետ: Խաղողէն կը պատրաստուի նաեւ գինին: Յիսուսի վերջին ընթրիքի ժամանակ խորհրդաւոր կերպով գինին աշակերտներուն տալով ըսաւ. «Բոլորդ խմեցէք ասկէ. ասիկա իմ արիւնս է»(Մտ 26.28): Ահա այս պատճառով Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին բերքի օրհնութեան ժամանակ կ’օրհնէ խաղողը եւ Հայոց Աշխարհի ամբողջ բերքերը:
 

Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին, Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը՝ ինն օրեր կը յիշատակէ, Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի ժամանակաշրջանէն ըսկսեալ:
 

ՏՕՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՍՐԲՈՅ ԷՋՄԻԱԾՆԻ (ՏՕՆ ՇՈՂԱԿԱԹԻ)
 

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին նախօրեակին, շաբաթ օր կը յիշատակուի, Տօն Շողակաթի: Այս տօնը նուիրուած է Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ Մայր Տաճարի բացման՝ Նաւակատիքի յիշատակին:

Ե. դարու պատմիչ՝ Ագաթանգեղոս, կ’ըսէ. «Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն դուրս գալէն ետք, 60 օր կը շրջագայի Հայաստանի զանազան շրջանները, մարդոց կը քարոզէ եւ կ’ուսուցանէ: Վերջին գիշեր ան տեսիլք մը կը տեսնէ: Տեսիլքին մէջ երկինքը կը բացուի ու անոր կը յայտնուի Յիսուս Քրիստոս՝ երկինքէն իջնելով լոյսի չորս սիւներու ընդմէջէն, ոսկեայ ուռնակով կը մատնանշէ վայրը եւ կը գծէ յատակագիծը Մայր Տաճարին»:
 

Ագաթանգեղոս պատմիչ՝ Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչի բերնով, կը կատարէ տեսիլքի մեկնութիւնը հետեւեալ ձեւով. «Երկինքի բացուիլը ցոյց կու տայ, որ Հայաստան աշխարհին համար, բացուած են Քրիստոսի մարդասիրական դռները»:«Որոտումի ձայները եւ անձրեւները,արդիւնք են Աստուծոյ ողորմութեան եւ գթութեան,որ պիտի իջնէ Հայաստանի վրայ»: «Լոյսը, որ ողողեց հայոց աշխարհը, Աւետարանի քարոզութիւնն է, Հայաստան աշխարհին մէջ»: « Լուսեղէն զօրքերը՝ հրեշտակները, որոնք իջան հոտոտելու Հռիփսիմեանց վկաներու ծաղկագեղ ու վարդագոյն արիւնը, եւ այնուհետեւ հրեշտակները միացան եւ խառնուեցան ու բնակեցան մարդոց հետ»: «Շգեղ ու պատկառելի մարդը, որ լոյսին մէջ էր, ոսկեայ ուռնակը ձեռին, եւ որ բախեց սանդարամետի մեհենատեղին, Աստուծոյ տեսչութիւնն է, որ կը նայի եւ կը դողացնէ ու կը մօտենայ լեռներուն»:
 

Տեսիլքը պատմելէ ետք Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ կը յորդորէ ժողովուրդը անմիջապէս Մայր տաճարի շինութեան անցնելու: Նախ՝ նահատակուած կոյսերուն մարմինները ամփոփելու համար կը կառուցեն երեք վկայարաններ: Ապա կը կառուցեն Մայր Տաճարը: Շինարարութիւնը կը տեւէ երկու տարի եւ կ’աւարտի 303 ին:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան