ՎԵՑԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ

1.Արդեօք Աստուած վեցերորդ Պատուիրանով միայն սպանութիւն գործելը կ’արգիլէ՞։

 Ո՛չ։ ԱՍՏՈՒԱԾ կ’արգիլէ նաեւ հետեւեալ ութ տեսակ յանցանքները։

2.Ո՞րն է առաջին յանցանքը։

 Առաջինը՝ մեր եղբայրը մեր սրտին մէջ ատելն է։ Ասիկա մեծ յանցանք մըն է, որովհետեւ ատելութիւնը սրտին մէջ սպանութիւն գործելու կը նմանի։

3.Ո՞րն է երկրորդ յանցանքը։

 Երկրորդը՝ մեր եղբայրը վիրաւորական անուններով կոչելն է, զայն անիծելը, անոր պատիւին եւ շահերուն բացայայտ կամ գաղտնի կերպով վնասելը։ ԱՍՏՈՒԱԾ նաեւ կ’արգիլէ մեր եղբօր հանդէպ չար զգացումներ ունենալ եւ ատելութեան պատճառով անոր հետ չխօսիլ կամ զինք չբարեւել։

4.Ո՞րն է երրորդը։

 Երրորդը՝ մեր չարութիւնը եւ թշնամութիւնը այնպիսի աստիճանի հասցնելն է, որ յարձակինք մեր եղբօր վրայ, հարուածենք, խածնենք կամ ծեծենք զինք, այնպէս որ ան վիրաւորուի եւ գուցէ նոյնիսկ մահանայ։

4.Ո՞րն է չորրորդը։

 Չորրորդը՝ մեր եղբայրը ստիպելն է ուտելու կամ խմելու այնպիսի բաներ, որոնք կրնան վնասել անոր առողջութեան կամ վտանգել անոր կեանքը։

5.Ո՞րն է հինգերորդը։

 Հինգերորդը՝ մեր եղբայրը ստիպելն է մեր շահին կամ հաճոյքին համար այնպիսի աշխատանքներ կատարելու, որոնք կրնան վտանգել անոր կեանքը կամ պատճառել անոր հոգեւոր եւ մարմնական վնաս։

6.Ո՞րն է վեցերորդը։

 Վեցերորդը՝ ուրիշները մեր զուարճութեան կամ վրէժխնդրութեան համար գրգռելն է, որպէսզի անոնք իրարու վրայ յարձակին եւ կռուին, ու այսպէս վիրաւորեն կամ սպաննեն զիրար։

7.Ո՞րն է եօթերորդը։

 Եօթերորդը՝ մեր սեփական եւ մեր եղբայրներուն կեանքը անզուսպ ու անխոհեմ ուտելու եւ խմելու միջոցով վատնելն է, որովհետեւ ասիկա ինքնասպանութեան եւ եղբայրասպանութեան համազօր է։

8.Ո՞րն է ութերորդը։
Ութերորդը՝ ծնողներուն կողմէ իրենց զաւակները առանց խնամքի եւ դաստիարակութեան ձգելն է, որովհետեւ այն ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն հոգեւոր եւ մտաւոր դաստիարակութիւնը չեն ապահովեր, զանոնք բարոյապէս կը սպաննեն։

9.Ինչպէ՞ս կրնանք պահել վեցերորդ Պատուիրանը։

 Պէտք է գիտակցինք, թէ որքան մեծ արժէք ունին մեր եւ ուրիշներու կեանքերը, որովհետեւ կեանքը Աստուծոյ բոլոր պարգեւներէն ամէնէն թանկագինն է՝ մեր հոգիներու փրկութենէն ետք։

10.Երկրորդ՝ ինչպէ՞ս կրնանք պահել վեցերորդ Պատուիրանը։

 Բոլոր մարդիկը սիրելով եւ մեր թշնամիներուն ներելով, եւ ամէն մարդու հանդէպ հոգատար ու ուշադիր վարուելով, ինչպէս նաեւ մեր կիրքն ու բարկութիւնը զսպելով։ Այս նպատակով շատ անհրաժեշտ է ամբողջովին խուսափիլ վէճերու բոլոր պատճառները հանդիսացող բաներէն, ինչպէս նաեւ բարկացկոտ եւ խռովարար մարդոց ընկերակցութենէն։

11.Երրորդ՝ ինչպէ՞ս կրնանք պահել վեցերորդ Պատուիրանը։

 Փորձելով մեր մէջ զարգացնել հեզ եւ խաղաղասէր հոգի մը, մեր մտքի հպարտութիւնը խորտակելով եւ ամէն առիթով համբերութիւն գործադրելով։ Այս նպատակին հասնելու համար պէտք է միշտ աղօթենք ԱՍՏՈՒԾՈՅ, որպէսզի մեզի պարգեւէ խաղաղ եւ հանդարտ հոգի մը։ Այդպիսի հոգիով մեր կեանքը մեզի համար քաղցր ու խաղաղ պիտի ըլլայ, եւ մենք այլեւս երբեք պիտի չգայթակղինք ուրիշներու կեանքին վնասելու։