ՎԵՐԱՐԿՈՒ

Հայ եկեղեցականին պաշտօնական սքեմը վերարկուն է, որ կը հագնի պարեգօտին վրայէն:

Վերարկուն լայն թեզանիկներով վերէն վար իջնող պատմուճան մըն է, որ դպրեվանքի ժառանգաւորաց ուսանողներէն, սարկաւագներէն, եւ քահանայից կարգի բոլոր եկեղեցականներէն մինչեւ կաթողիկոս կը հագնին:

Դպրեվանքներուն մէջ, ոչ տէրունի օրերուն, այսինքն սրբոց ոգեկոչման եւ պահոց օրերուն, ժառանգաւորներ եւ սարկաւագներ եկեղեցական արարողութեան կը մասնակցին վերարկուներով: Սարկաւագներ իրենց ուրարը վերարկուին վրայէն կը դնեն:

Վերարկուին գոյնը սեւ կ’ըլլայ եւ երկու երեսով կարելի է գործածել, աջէն ձախ կամ ձախէն աջ ամրացնելով օձիկին օղակները:

Նախապէս նշած էինք որ, եպիսկոպոսներուն եւ կաթողիկոսին վերարկուներուն կրկնակը մանիշակագոյն կ’ըլլայ:

ՍՔԵՄ

Ծիսակատարութեան զգեստը զանց ընելով, եկեղեցականներու գործածած զգեստը կը կոչուի սքեմ:

Սքեմին մաս կը կազմեն պարեգօտը, վերարկուն, վեղարը, փակեղն ու փիլոնը:

Պարեգօտներու պարագային անցեալին կուսակրօններուն եւ վանականներուն վերապահուած էր սեւ գոյնը, իսկ ամուսնացեալ քահանաներ, զանազան գոց գոյներով պարեգօտներ կը հագնէին:

Իսկ այսօր ճիշդ հակառակն է. Սեւ գոյնը վերապահուած է քահանաներուն եւ գունաւոր պարեգօտները՝ վարդապետներուն եւ եպիսկոպոսներուն:

Ս. Էջմիածնի եւ Երուսաղէմի միաբաններ ընդհանրապէս բաց մոխրագոյն կամ բաց մեղրագոյն պարեգօտներ կը հագուին:

Իսկ Կիլիկիոյ միաբանները որդեգրած են գոց կապոյտ գոյնը:

Եպիսկոպոսներու վերարկուին կրկնակը մանիշակագոյն է: