ՎԱԿԱՍ

Եկեղեցական պատարագի զգեստաւորումին մաս կը կազմէ վակասը:

Զգեստաւորութեան պահուն երբ սարկաւագը վակասը պիտի կապէ, պատարագիչ քահանան հետեւեալ աղօթքը կը կարդայ խորհրդատետրէն.- Տէր արդարութեամբ զարդարէ իմ պարանոցս, եւ սրբէ սիրտս մեղքի բոլոր աղտերէն, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքով:

Աղօթքը ինքնին հոգեւոր պատրաստութիւն է եկեղեցականին, որ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ:

Վակասը պատարագիչին ուսերուն հանգչող այն բաժինն է, որուն երկու ծայրամասերը գտնուող կապերը, փորուրարին տակէն՝ կրծքավանդակէն խաչաձեւ անցնելով, կ’երթան դէպի պատարագիչին թիկունքը, մէջքէն հանգուցուելու, որպէսզի վակասը հաստատուն մնայ պատարագիչի ուսերուն:

Ըստ կարգ մը մեկնիչներու վակասը անցեալին անմիջական մասը կազմած է սաղաւարտին, բայց հետագային անջատուած է անկէ:

Այսօր սաղաւարտին եւ վակասին նմանօրինակ բանուածքը մտածել կու տայ մեզի թէ վերեւ յիշատակուած մեկնութիւնը տրամաբանական է:

Այս մտածումը կը ճշմարտուի երբ կը տեսնենք, որ մինչեւ այսօր Կաթողիկէ Եկեղեցին եպիսկոպոսական խոյրն ու արտախուրակները միասին կը գործածէ, որպէս մէկ ամբողջութիւն եւ վակասի խօսք չկայ բնաւ, մինչ մեր մօտ անոնք կախուած կ’ըլլան վակասէն:

Այնուամենայնիւ այսօր սաղաւարն ու վակասը իրենց անջատ վիճակին մէջ իսկ գեղեցիկ ներդաշնակութիւն մը կը ներկայացնեն: Միեւնոյն նրբահիւս աշխատանքով գեղակերտուած եւ յաճախ վայելք է տեսնել արծաթեայ սաղաւարտներուն հետ, արծաթեայ վակասները, որոնք Քրիստոսի 12 առաքեալներու քանդակով արուեստի վաւերական կնիքը կը կրեն: