Ս.ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳ

Երկուշաբթի 25 Դեկտ.2023 ին Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Յիշատակը`
 
Ս.ՍՏԵՓԱՆՈՍ  ՆԱԽԱՎԿԱՅ  ՍԱՐԿԱՒԱԳԻՆ
           
           «Ստեփանոս Աստուծոյ շնորհքով եւ զօրութեամբ լեցուն մարդ մըն էր,որ ժողովուրդին մէջ մեծամեծ հրաշքներ եւ նշաններ կը կատարէր» (Գրծ 6.8): 

Համաքրիստոնէական եւ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ  սուրբերէն  ու Յիսուսի եօթանասուներկու աշակերտներէն էր Ս.Ստեփանոս Նախավկայ Սարկաւագը: Գործք Առաքելոց գրքին համաձայն եօթը հոգիներ սարկաւագ կը ձեռնադրուին եկեղեցւոյ ծառայելու համար: Ընտրեալներուն մէջէն ամէնէ շնորհալին Ս.Ստեփանոսն էր:

Ստեփանոս յունարէն կը նշանակէ պսակ կամ ծաղկեպսակ: Ս.Ստեփանոս իր արեան վկայութեամբ առաջին մարտիրոսը կը հանդիսանայ Քրիստոսի  հիմնած Եկեղեցւոյ: Ան իր նահատակութեամբ կը հաստատէ Յիսուս Քրիստոսի Աստուծոյ Որդին ըլլալը:

            Աստուածաշունչ մատեանի Գործք Առաքելոց գիրքը կը վկայէ, թէ Ս.Ստեփանոս Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ անվախ օրէն Քրիստոսի փրկագործութեան խորհուրդը  կը քարոզէր: Օրուան քահանաները եւ օրէնսգէտները Ս.Ստեփանոսի դէմ կը գրգռեն եբրայեցի ժողովուրդը եւ զայն կը յանձնեն բարձրագույն ատեան: Անոնք քանի մը հոգիներ կը կաշառելով կ’ամբաստանէն, թէ «Այս մարդը անդադար հայհոյալից խօսքեր կ’ընէ այս սրբավայրին եւ Աստուծոյ օրէնքին դէմ» (Գրծ 6.13): Ս.Ստեփանոս ի պատասխան այդ զրպարտութիւններուն, Ս.Հոգիի ներշնչումով եւ զօրութեամբ, ատեանին մէջ կը սկսի մեկնել Հին Կտակարանը, բացատրելով բոլոր մարգարէներուն խօսքերը, որոնք մաէգարէացած էին Մեսիային գալուստի մասին. (Գրծ 7.1-50):

            Ատեանի քահանաները, Ս.ՍՏեփանոսի արտասանած խօսքերէն զայրացած, չեն ուզեր լսել զինք իսկոյն քարկոծելով կը սպանեն  զայն: Սուրբը հոգին չաւանդած կը բացականչէ ըսելով. «Ահա բացուած երինքը, եւ կը տեսնեմ Մարդու Որդին, որ Աստուծոյ աջին կանգնած է» (Գրծ 7.56): Մինչ զինք կը քարկոծէին՛ թողութիւն կը խնդրէ Աստուծմէ, զինք քարկոծողներուն համար ըսելով. «Տէր ներէ ՛իրենց այս մեղքը» (Գրծ 7.60 ) եւ այս գեղեցիկ տեսիլքի ներքեւ կ’աւանդէ հոգին:

            Ս.Ստեփանոսի մահուան դատապարտուելու ցանկացողներէն էր սօղոսը (հետագային Պօղոս Առաքեալը): Պօղոս Առաքեալ դարձի գալէն ետք կը գրէ. «Երբ Քու վկայիդ՝ Ստեփանոսի արիւնը կը թափէին՝ ես ալ իրենց կոքին էի, անոր մահը պահանջողներէն մէկն էի եւ սպաննողներուն վերարկուները ե՛ս բռնած էի» (Գրծ 22.20):

            Գամաղիէլի եւ Նիկոդեմոսի վկայութեանց համաձայն, Սուրբը թաղուած է իրենց ագարակին մէջ: Ս.Ստեփանոսի  մասունքները ժամանակ մը կը տեղափոխուի Կ.Պոլիս, որմէ ետք՛ Վենետիկ  եւ կը տեղադրուի Ս.Գէորգ կղզի մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր ամէն տարի կ’անմահացնեն անոր յիշատակը:

            Հայ եկեղեցին Ս.Ստեփանոսը դսած է Աւագ Սուրբերու կարգին, զայն կը յիշատակէ դեկտ. ամսուան 25ին կամ յջորդող օրը, ինչպէս նաեւ զայն հռչակած է «Սարկաւագներու» բարեխօսը: Արդարեւ ամէն տարի փառաշուք կերպով կը յիշատակուի թէ վանական եւ թէ թեմական եկեղեցիներէն ներս: Ս.Ստեփանոս, որպէս անդրանիկ վկան, անձնուիրութեամբ, խիզախ ու աննկուն կամքով հարթեց այն ճանապարհը, ուրկէ պիտի քալէին այլ վկաներ ու մարտիրոսներ, վկայակոչելով մեր Տիրոջ Աւետարանին ու անոր սուրբ աւանդին մասին: Եկեղեցւոյ Հայրերը ներբողներ հիւսած են Սուրբին մասին:

          Սուրբերը առաքինի ապրելակերպով, աստուածահաճոյ վարքով, դարձան այն փայլող  գիսաւոր աստղերը, որոնք մեղքով խաւարած երկնակամարը լուսաւորեցին:
         
        Նոր Տարին դիմաւորելու համար անյետաձգելի պահանջք է լուսաւորուիլ, խաւարային  գործերէ հրաժարիլ, հաւատքը զգենուլ որպէս լուսազգեստ: Պօղոս Առաքեալի խօսքերուն համաձայն ունենալու համար լոյսի պտուղները. «Բարութիւնը, արդարութիւնը  եւ ճշմարտութիւնը» (Եփ 5.9):

ՇԱՐԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՛ Ս.  ՍՏԵՓԱՆՈՍ   ՆԱԽԱՎԿԱՅ  ՍԱՐԿԱՒԱԳԻ

Քրիստոսի բարի նահատակ եղար այսօր մեր մէջ, եւ յաւիտենական խորհուրդի վերնատուն մտար:

Երկնային զօրքերուն դասակից ընտրուցար, Թագաւորէն անթառամ պսակով պսակեցար եւ քու սուրբ արիւնովդ մկրտեցար սուրբ Ստեփանոս, առաջին վկայ Քրիստոսի եւ մեծ նախասարկաւագ:

Այսօր թշնամիին դէմ մարտնչեցար եւ մարդկային ցեղի պարծանքին համար արիւնովդ արքայութիւնը գնեցիր ո՜վ ճգնաւոր քրիստոսի, գոհութի՜ւն սուրբ Երրորդութեան որ քեզ, իր վկան սուրբ Ստեփանոս՝ Վերին Երուսաղէմ ընդունեց:

ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 19 .11-28:

            Աւետարանական այս հատուածով, մեր Տէրը Յիսուսուս Քրիստոս, կ’ուսուցանէ իր հետեւորդներուն, թէ ինչպէ՞ս պէտք է շահարկել, բազմացնել եւ ծառայեցնել մեզի տրուած շնորհքները, շահելու յաւիտենական կենաքը հետեւեալ առակով:
 
            Մեծահարուստ ազնուական անձ մը ճամբորդութեան գնաց, նախ քան մեկնիլը կանչեց իր պաշտօնեաները եւ իւրաքանչիւրին տասը ոսկի դրամ տուաւ եւ ըսաւ. «Շահարկեցէ՛ք այս դրամը, մինչեւ վերադարձս» (Ղկ 19.13): Ազնուականը երբ վերադարձաւ, իր առաջին գործը եղաւ տուած ոսկիներուն արդիւնքը իմանալ եւ պաշտօնեաները կանչեց, որպէսզի հաշիւ ներկայացնեն: Առաջինը յայտնեց թէ տասը ոսկիները օգտագործելով, տասը եւս շահած է: Տէրը գովեց զինք իր պարտաճանաչութեան համար եւ ըսաւ. «Ապրիս, բարի եւ հաւատարիմ ծառայ» (Ղկ 19.17): Ծառային հաւատարմութեան եւ պարտաճանաչութեան համար տասը քաղաքներու վերակացու նշանակեց:

            Երկրորդ ծառան յայտնեց որ տասը ոսկիները գործածելով հինգ եւս շահած է, ան ալ գովեստ ստանալով, հինգ քաղաքներու վերակացու  նշանակուեցաւ:

            Երրորդ ծառան ըսաւ թէ գործածելու վախցայ, մի՝ գուցէ կորսնցնեմ, եւ տիրոջ բարկութեան արժանանամ, հիմայ նոյնութեամբ կը յանձնեմ զայն քեզի: Տէրը ըսաւ. «Չա՛ր ծառայ, քու խօսքովդ պիտի դատեմ քեզ» (Ղկ 19.22): Երրորդ ծառան պէտք էր աշխատէր, գոնէ առած ոսկիները սեղանաւորի մը յանձնէր, որ գէթ անկէ առնելիք գումարը շահէր, բայց հիմայ ապարդիւն եւ ձեռնունայն կը ներկայանայ իր Տիրոջ: Տէրը իր սպասաւորներուն կ’ըսէ. «Առէ ՛ք իրմէ ոսկիները եւ տուէք անոր՝ որ տասնապատիկը շահած էր» (Ղկ 19.24):

            Առակը ունի իր բարոյական եւ հոգեւոր իմաստը, թէ ինչպէս պէտք է, Աստուծմէ մարդուն՝ տրուած շնորհքներն ու բարիքները  ընդունիլ  իբեւ աւանդ  եւ զայն  արդիւնաւորել, հոգիի փրկութեան  համար: Կերպով մը տնտեսի առակին այլ օրինակն է որ կը յիշեցնէ մեզի, քանքարներու այս առակը: Իսկ  սուրբ գրային իմաստով կը խորհրդանշէ, Հին Կտակարանի մարդոց իրավիճակը, որոնք չկարողացան գիտնալ եւ հասկնալ երկնաւոր Հօր կողմէ իրենց պարգեւուած շնորհքները արդիւնաւորել եւ հաւատալ  Մեսիային գալուստին: Չկարողացան իրենց յանձնուած Հին Ուխտի առանձնաշնորհումները արժեւորել եւ բազմացնել, ընդհակառակը անոնք փորձեցին խափանել, Յիսուսի քարոզած երկնքի Արքայութեան վարդապետութիւնը, այդ իսկ պատճառաւ իրենցմէ առնուեցաւ եւ տրուեցաւ անոնց որոնք հաւատացին Աստուծոյ եւ իր Միածին Որդիին: Իսկ Յիսուսի դէմ եղող հակառակորդները ստացան իրենց արժանի պատիժը եւ պիտի ստանան  բոլոր անոնք որոնք տակաւին կը շարունակեն:

            Քանքարներու առակով Յիսուս մեզի կը յիշեցնէ, թէ իւրաքանչիւրիս Աստուած տուած է շնորհքներ: Եթէ քեզի տուած է հինգ քանքար եւ եղբօրդ՛տասը, երկուքդ ալ ձեզի տրուածը պարտաւոր էք շահագործել եւ բազմացնել, դուն որքանով որ վարձատրուիս նոյնքանով ալ պիտի վարձատրուի եղբայրդ:

            Կարեւորը այն է, սիրելի հաւատացեալ՛ թէ դուն ի՞նչ տրամադրութեամբ կը ընդունիս Աստուծոյ քեզի տուած շնորհքները եւ կ’արժէւորէս զանոնք:


 ՅԻՇԱՏԱԿ Ս. ՊԵՏՐՈՍ ԵՒ Ս. ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ

            Ս.ՊԵՏՐՈՍ  ԱՌԱՔԵԱԼ
            «Քեզի կ’ըսեմ թէ ժայռ ես դուն, եւ այդ ժայռին վրայ  պիտի  շինեմ իմ  եկեղեցիս» (Մտ16.18):          

Նախկին անունով Շմաւոն կամ Սիմոն: Յիսուս զինք կոչեց Կեփաս (Պետրոս), որ կը նշանակէ ժայռ (վէմ): Ան Բեթսայիդա քաղաքէն էր, որդին՝  Յովնանի եւ եղբայրը՝ Անդրէաս առաքեալին:


Ս. Պետրոս նախքան Յիսուսի հանդիպիլը կը զբաղէր ձկնորսութեամբ: Ան ընդառաջելով Քրիստոսի հրաւէրին, ցգեց ամէն ինչ, հետեւեցաւ Տիրոջ եւ դարձաւ «մարդու որսորդ» (Մտ 4.19): Ան որպէս Քրիստոսի աշակերտը եւ առաքեալը, զանազան վայրերու մէջ քարոզեց  Քրիստոսի Աւետարանը եւ բժշկեց հիւանդները: Այլ խօսքով՝ իր կեանքը ամբողջութեամբ նուիրեց մարդկութեան հոգիներու փրկութեան առաքելութեան, դառնալով Քրիստոսի Աւետարանի  վկան:

Առաքեալը Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ գրեց երկու նամակ: Առաջինը՝ Ներոն կայսեր հալածանքներու ընթացքին, որուն գլխաւոր նպատակն էր քրիստոնեաները քաջալերել եւ Քրիստոսի կեանքի օրինակով յոյս ներշնչել անոնց: Երկրորդը՝ պայքարիլ կեղծ ուսուցողներուն եւ յատկապէս անոնց ուսուցումներէն բխած անբարոյականութեան դէմ:

            Այդ ժամանակաշրջանին Հռոմ կը գտնուէր Սիմոն մոգը (կախարդ), որ Ներոն կայսեր կողմէ յարգուած անձ մըն էր եւ ինքզինք իբրեւ Քրիստոս կը ներկայացնէր: Այս պատճառով Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքեալներ աստուածային զօրութեամբ կը նախատեն զայն Կայսեր ատեանին առջեւ, որուն իբրեւ հետեւանք, մոգը չարաչար հոգին կ’աւանդէ: Ներոն տեսնելով պատահածը, մանաւանդ պալատականներէն ոմանց հաւատքն ու դարձը դէպի քրիստոնէութիւն, զայրացած  կը հրամայէ սպանել սուրբ առաքեալները, 66 թուականին:

            Ս. Պետրոս ինքզինք արժանի չի նկատեր Տիրոջ նման խաչուելու, ուստի գլխիվայր կը խաչուի:

            Սուրբերուն յիշատակը  անմահացնելու նպատակաւ իրենց անունով  փառահեղ եկեղեցիներ կը կառուցուին, որոնց մէկ մասին մէջ կը տեղադրուին սուրբերուն  մասունքները:

            Արդարեւ, մեզմէ կը պահանջուի անսալ Առաքեալի առաջին նամակին մէջ մեզի ուղղուած կոչին՝ «Մօտեցէք անոր, Քրիստոսի, որովհետեւ Ի՛նքն է այն կենդանի վէմը, որ թէպէտ մարոցմէ մերժուաց, բայց Աստուծմէ ընտրուած պատուական վէմն է» (Ա.Պտ 2.4):
 
                        Ս.ՊՕՂՕՍ ԱՌԱՔԵԱԼ

            Ս.Պօղոս առաքեալ կամ Պաւղոս (որ կը նշանակէ «փոքր»), երբեմն կոչուած է Սօղոս կամ Սաւղոս (որ նոյնպէս «փոքր» կը նշանակէ), Բենիամինի ցեղէն էր, ծնած Տարսոն քաղաքին մէջ, նաեւ Հռոմի քաղաքացի: Ան իր բարձրագույն ուսումը ստացած է իր ծննդավայրի համալսարանէն ապա երթալով Երուսաղէմ  աշակերտած է յայտնի աստուածաբան Գամաղիէլ անուն օրէնքի ուսուցիչ վարդապետի մօտ. (Գրծ 5.34): Դարձած էր կծու, մոլերանդ հրեայ մը, փաստելու համար իր կրօնքին հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութիւնը եւ հաւատարմութիւնը՝ սկսած էր ձերբակալել բազմաթիւ անմեղ քրիստոնեաներ: Սօղոս երբ Դամասկոս կ’երթար քրիստոնեաները հալածելու, ճամբու ընթացքին յանկարծ զօրաւոր լոյս մը կը փայլատակէ եւ զինք գետին կը ձգէ, ապա ձայն մը կը լսուի որ կ’ըսէ. «Ես եմ այն Յիսուսը, որ դուն կը հալածես: Հիմայ ե՛լ, ոտքի՛ կանգնէ, որովհետեւ քեզի երեւցայ՝ որպէսզի քեզ ինծի օգնական դարձնեմ: Քեզ պիտի ազատեմ այս ժողովուրդին ձեռքէն, ինչպէս նաեւ  հեթանոսներէն, որոնց մէջ պիտի ղրկեմ քեզ որպէսզի անոնց աչքերը բանաս, զանոնք խաւարէն դէպի լոյս եւ Սատանային իշխանութենէն դէպի Աստուած դարձնես» (Գրծ 26.16-18):

Այս դէպքէն ետք Սօղոս կը դառնայ Քրիստոսի 13րդ Առաքեալը, քրիստոնէական հաւատքի ախոյեաններէն եւ եկեղեցւոյ պանծալի դէմքերէն:

            Իր կոչումը երկինքէն ստացած Ս.Պօղոս առաքեալ  կը քարոզէ աւելի քան վաթսուն եւ հինգ քաղաքներու մէջ: Պօղոս Առաքեալ իր կեանքի ընթացքին, աննպաստ պայմաններու մէջ աւետարանը կը քարոզէ, փոքր Ասիոյ եւ եւրոպական ցամաքամասերու վրայ : Հազարաւոր հոգիներ կը փրկուին, եկեղեցիներ կը հիմնուին, եկեղեցականներ կը ձեռնադրուին եւ իր կողմէ14 առաքելական նամակներ կը գրուին, այս բոլորը Աստուծոյ զօրութեամբ եւ շնորհիւ՝ կը պարտինք Պօղոս Առաքեալին: Ան որպէս քրիստոնէութեան տարածիչ զանազան չաչարանքներու ենթարկուելէ ետք հռոմայեցի ըլլալուն համար խաչի անարգ մահուան չի դատապարտուիր, այլ՝ սուրով կը գլխատուի Հռոմի մէջ:

            Անոր սրբազան մասունքները կը գտնուին Հռոմի՝ եւ իր անուամբ կառուցուած եկեղեցիներու մէջ:

            Հայ եկեղեցին Ս.Պետրոս   եւ Ս.Պօղոս Առաքեալներուն յիշատակը միասին կը նշեն տարին երկու անգամ:

   Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան