ՍԱՂՄՈՍԱՐԱՆ ԿԱՍ ՍԱՂՄՈՍԱԳԻՐԳ

Աստուածաշունչ Մատեանի սաղմոսներու հաւաքածոն է, որ ամփոփուած է վերոյիշեալ հատորին մեջ։

Սաղմոսերգութիւնը քրիստոնէական առաջին համայնքին իսկ ծէսին եւ Աստուածպաշտութեան հիմքը կազմած է։ Հայց․ Եկեղեցւոյ պատմութեան նախնագոյն դարերուն եւս եկեղեցական պաշտամունքներուն հարազատ արտայայտութիւնը եղած է անիկա։ Անոր ընթերցումը միշտ կատարուած է եկեղեցական ծիսակատարութեանց մեջ, ճոխացուցած եւ միանգամայն խորացուցած է հաւատացեալներու ներհայեցողական կեանքի հոգեւոր ապրումները։ Տէրունի տօներուն, պահեցողութեան եւ մարտիրոսներու վկայաբանութեան ոգեկոչման առիթներով՝ Ճաշու ընթերցուածներու սկզբնաւորութեան, որպէս նախերգանք, միշտ համար մը կարդացուած է եւ կը կարդացուի այսօր, իսկ Աւետարաններու ընթերցումէն առաջ յաճախ լման գլուխ մը կը կարդացուի ի լուր հաւատացեալներուն որպէս հոգեւոր սնունդ եւ պատրաստութիւն Սուրբ Աւետարանի ունկնդրութեան։ Մեր Եկեղեցական արարողութեանց մէջ բացայայտ կերպով Սաղմոսարանէն քաղուած յատկապէս «Կանոնագլուխ»ներու,  «Թագաւոր յաւիտեան»ներու եւ «Ալէլուք»ներու շարքերուն մեջ։

Ընդհանրապէս սաղմոսներ հաւատացեալի կեանքին մեջ լուսարձակի տակ կ’առնեն մարդուն մեղանչական բնութեան որպես հետեւանք՝ անոր անկումը, եւ ապա հուսկ՝ աստուածային ծով գթութեան դիմաց զղջումի եւ ապաշխարութեան որպէս հետեւանք՝ անոր վերականգնումը։

Սաղմոսագիրքը մեր ժողովուրդի կեանքին մեջ Ս․ Աւետարանի եւ Նարեկ Սուրբ Մատեանի կողքին փնտռուած ընթեռնելի հատոր մը եղած է։
Այստեղ կ’արժէ արձանագրել, որ մինչեւ միջին դար, Սաղմոսարանը կը ծառայէր նաեւ որպէս դասագիրք։ Եւ առ այդ ընդհանրացած էր անգիր արտասանութիւններ կատարել Սաղմոսարանէն։