ՊԷ՞ՏՔ Է ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ «ՀԱՅՐ» ԿՈՉԵԼ

Բնաւ մտածա՞ծ էք, թէ ինչու մեր հոգեւորականները «Հայր» կը կոչենք, երբ Յիսուս կ’ըսէ. «Երկրի վրայ ոեւէ մէկը «Հայր» մի՛ կոչէք, որովհետեւ դուք մէկ Հայր ունիք, որ երկինքի մէջ է» (Մտ 23.9)։

Առաջին հայեացքով կրնայ թուիլ, թէ մեր եկեղեցական սովորութիւնը կը հակասէ Յիսուսի այս խօսքին։ Սակայն, երբ ուշադրութեամբ կարդանք Աւետարանի այս հատուածը, կը հասկնանք, որ Յիսուս բոլորովին ուրիշ բան մը ըսել կ’ուզէ։

Մատթէոսի Աւետարանին 23-րդ գլուխին մէջ Յիսուս կը յանդիմանէ փարիսեցիները, որոնք կը սիրէին պատուոյ տեղերը գրաւել, մեծարուիլ եւ բարձր կոչումներով դիմաւորուիլ։ Անոնք աւելի մտահոգուած էին իրենց դիրքով ու հեղինակութեամբ, քան՝ մարդոց ծառայելով։ Իրենց համար կրօնական կոչումները դարձած էին հպարտութեան եւ իշխանութեան միջոց։

Յիսուս այսպիսի վերաբերմունք մըն է, որ կը դատապարտէ։ Ան չի պահանջեր, որ այլեւս «հայր» բառը չգործածենք, այլ կը զգուշացնէ, որ ո՛չ ոք պէտք է Աստուծոյ տեղը գրաւէ մեր կեանքին մէջ։

Ասոր ապացոյցը կը գտնենք նոյնինքն Սուրբ Գիրքին մէջ։ Յիսուս Ինք կը յիշեցնէ «Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ» պատուիրանը (Մտ 15.4)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ, դիմելով կորնթացի քրիստոնեաներուն, կ’ըսէ. «նոյնիսկ եթէ բիւրաւոր  դաստիարակներ ունենաք՝ ձեզ Քրիստոսի առաջնորդելու համար, բայց ինձմէ զատ հայր չէք կրնար ունենալ, որովհետեւ ե՛ս էի որ Աւետարանին քարոզութեամբ ձեզի հայր եղայ՝ որպէսզի Քրիստոս Յիսուսի պատկանիք» (Ա. Կր 4.15)։

Հետեւաբար, Սուրբ Գիրքը կը խօսի ո՛չ միայն մարմնաւոր, այլեւ հոգեւոր հայրութեան մասին։

Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ հոգեւոր հայր ըլլալ։

Հայրը միայն անուն մը չէ։ Ան մէկն է, որ կը սիրէ, հոգ կը տանի, կը խրատէ եւ կ’առաջնորդէ իր զաւակները։ Հոգեւոր հայրութիւնն ալ նոյն այս սիրոյն ու հոգատարութեան վրայ հիմնուած է։

Հոգեւորականը մեր կեանքին մէջ ներկայ է թէ՛ ուրախ եւ թէ՛ դժուար պահերուն։ Ան կը մկրտէ մեզ, Աստուծոյ Խօսքը կը քարոզէ, կը զօրացնէ մեր հաւատքը, կը մխիթարէ նեղութեան ժամանակ եւ կ’աղօթէ մեզի համար։ Իր ծառայութեամբ ան կը ջանայ մեզ աւելի մօտեցնել Աստուծոյ։

Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր, թէ հոգեւորականը կատարեալ է կամ սխալներ չի գործեր։ Ան ալ մարդ է՝ իր տկարութիւններով եւ թերութիւններով։ Սակայն ան յատուկ կոչում մը ստանձնած է՝ հաւատացեալներուն հոգեւոր կեանքին հոգ տանելու եւ զանոնք դէպի Քրիստոս առաջնորդելու։

Ուստի, երբ հոգեւորականը «Հայր» կը կոչենք, զինք Աստուծոյ հաւասար չենք դասեր։ Պարզապէս կը յարգենք անոր կոչումն ու ծառայութիւնը։ Ինչպէս մեր մարմնաւոր հայրը սիրելն ու յարգելը չի նշանակեր Աստուծոյ հայրութիւնը մերժել, նոյնպէս հոգեւոր հայրը յարգելը չի նուազեցներ մեր երկնաւոր Հօր փառքը։

Սակայն այստեղ կայ նաեւ կարեւոր ճշմարտութիւն մը, զոր յատկապէս հոգեւորականները պէտք է միշտ յիշեն։

«Հայր» կոչումը պատիւ է, բայց մանաւանդ՝ պատասխանատուութիւն։

Յիսուս նոյն այդ Մատթէոսի գլխուն մէջ կ’ըսէ. «Ձեր մէջէն մեծը թող ձեր սպասաւորը ըլլայ։ Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցէ՝ պիտի բարձրանայ» (Մտ 23.11-12)։

Այս խօսքը պէտք է միշտ յիշեցնէ հոգեւորականին, թէ իր կոչումին մեծութիւնը ո՛չ թէ ունեցած իշխանութեան, այլ մատուցած ծառայութեան մէջ է։ Ան կոչուած է ո՛չ թէ մարդոց վրայ իշխելու, այլ անոնց ծառայելու, ո՛չ թէ մարդիկը իրեն կապելու, այլ զանոնք Քրիստոսի մօտեցնելու։

Երբ մենք հոգեւորականը «Հայր» կը կոչենք, կը յարգենք անոր հոգեւոր ծառայութիւնը։ Իսկ հոգեւորականը, ամէն անգամ որ «Հայր» կը լսէ, պէտք է յիշէ, թէ այդ կոչումը իրմէ հայրական սէր, հոգատարութիւն եւ անձնուիրութիւն կը պահանջէ։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան