Չորրորդ Պատուիրանը

«Յիշէ՛ շաբաթ օրն՝ զսուրբ պահել զայն»։

1. Ի՞նչ կը նշանակէ Շաբաթը։

Հրեաներու շաբաթուան վերջին օրը, այսինքն՝ եօթներորդ օրը, որ կը կոչուէր Շաբաթ։ «Շաբաթ» բառը կը նշանակէ հանգիստ։

2. Ի՞նչ հրամայեց Աստուած ընել եօթներորդ օրը։

Սուրբ պահել զայն՝ աշխատանքէ դադարելով եւ զայն Աստուծոյ նուիրելով, իբրեւ տօնական օր, սուրբ պաշտամունքներով (Եսայի ԾԶ. 2)։

3. Ե՞րբ Աստուած տուաւ այս պատուիրանը։

Աստուած այս պատուիրանը տուաւ նախնական նահապետներուն (Ծննդոց Բ. 2-3), եւ զայն կրկնեց Իսրայէլացիներուն. «Յիշէ՛ Շաբաթ օրն՝ զսուրբ պահել զայն», ըսաւ Ան (Ելք Ի. 8)։ Ուստի այս օրէնքը մարդկութեան համար պարտադիր եղած է հնագոյն ժամանակներէն ի վեր։

4. Ինչո՞ւ Աստուած հրամայեց սուրբ պահել եօթներորդ օրը։

Որպէսզի մարդիկ, աշխարհի ստեղծագործութեան յիշատակը պահելով, իրենց Արարիչին խորհուրդը միշտ իրենց մտքին մէջ ունենան եւ այսպէս հեռու մնան կռապաշտութենէն։

5. Քրիստոնեաները ո՞ր օրը կը նուիրեն Աստուծոյ։

Առաքեալները, Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած, շաբաթուան առաջին օրը առանձնացուցին, որ կը կոչուի Տէրունի օր կամ Կիրակի (Գործք Առաքելոց Ի. 7, Ա. Կորնթացիս ԺԶ. 2, Յայտնութիւն Ա. 10)։

6. Ինչո՞ւ Առաքեալները շաբաթուան առաջին օրը նուիրեցին Աստուծոյ եւ զայն կոչեցին Տէրունի օր։

Շաբաթուան առաջին օրը Տէրունի օր կոչուեցաւ, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոս այդ օրը յարութիւն առաւ մեռելներէն, եւ հետեւաբար պատշաճ ու արդար էր այդ օրը Անոր նուիրել։ Աւելին, Քրիստոսի Յարութիւնը ոչ միայն Իր աստուածային առաքելութեան անհերքելի ապացոյցն է, այլ նաեւ մեր քրիստոնէական յոյսերու իրագործման երաշխիքն է։

7. Ինչպէ՞ս պէտք է անցընենք Տէրունի օրը կամ Կիրակին։

Պէտք է Աստուծոյ ծառայենք հրապարակաւ՝ Եկեղեցիներուն մէջ, եւ մեր տուներուն մէջ՝ առանձին աղօթքով ու պաշտամունքով։

8. Ի՞նչ կերպով պէտք է պաշտենք Աստուած։

Հոգիով եւ ճշմարտութեամբ, ինչպէս մեր Տէրը՝ Քրիստոս, սորվեցուց մեզի (Ս. Յովհաննէս Դ. 23)։

9. Պէ՞տք է նաեւ Աստուծոյ հրապարակային պաշտամունք մատուցանենք մեր Եկեղեցիներուն մէջ։

Այո՛, որովհետեւ Աստուած այսպէս հրամայած է մեզի։ Ուստի բոլոր ժամանակներուն նահապետները, մարգարէները, առաքեալները եւ անոնց աշակերտները նման պաշտամունք մատուցած են (Ս. Ղուկաս Դ. 16-17, ԺԳ. 10, Գործք Առաքելոց ԺԶ. 13, Եբրայեցիս Ժ. 25)։

10. Որո՞նք են Եկեղեցւոյ մէջ կատարուող Աստուածային Պաշտամունքի հիմնական մասերը։

Հետեւեալներն են.

  1. Գերագոյն Էակին՝ Աստուծոյ պաշտամունքը։
  2. Աղօթքներ՝ Անոր շնորհներուն շարունակութիւնը խնդրելով։
  3. Սուրբ Գիրքի ընթերցումը։
  4. Աստուծոյ Խօսքին քարոզութիւնը։
  5. Սուրբ Խորհուրդի, այսինքն՝ Սուրբ Պատարագի կատարումը։

11. Որո՞նք են հաւատացեալներուն համար անոր գլխաւոր օգուտները։

Գլխաւորաբար երեք են.

  1. Հանրային աղօթքները բոլոր մարդիկը կը միացնեն՝ Աստուծմէ խնդրելու եւ Անոր շնորհակալութիւն յայտնելու այն բարիքներուն համար, զորս մշտապէս կը ստանանք եւ որոնց շարունակ կարիքը ունինք, ինչպէս՝ կրօնական ազատութիւն, միութիւն, սէր, առատութիւն, խաղաղութիւն եւ այլն։

12. Ո՞րն է երկրորդ օգուտը։

Եկեղեցւոյ մէջ կատարուող հանրային պաշտամունքով անուսները կրօնական կրթութիւն կը ստանան, եւ ամէն մարդ կը յիշէ կրօնքի մեծ ճշմարտութիւնները եւ իր սուրբ պարտականութիւնները, որոնք շուտով պիտի մոռնային, եթէ չըլլար յատուկ օր մը, վայր մը եւ սպասաւորներ՝ այս բոլոր պարտականութիւնները յիշեցնելու համար։

13. Ո՞րն է երրորդ օգուտը։

Եկեղեցւոյ հանրային պաշտամունքը նաեւ շատ ազդեցիկ միջոց մըն է՝ քրիստոնէական սրտերը բարի գործերու եւ եղբայրական սիրոյ մղելու։

14. Ինչպէ՞ս կը խթանուին այս առաքինութիւնները։

Որովհետեւ Եկեղեցւոյ մէջ հաւատացեալներուն շարունակ յորդորներ կը տրուին՝ զիրար սիրելու եւ իրարու օգնելու իբրեւ եղբայրներ, քանի որ անոնք բոլորը ունին նոյն ՀԱՅՐԸ եւ նոյն ՓՐԿԻՉԸ, եւ բոլորն ալ հրաւիրուած են յաւիտենական երջանկութեան՝ հանդերձեալ աշխարհին մէջ։

15. Ի՞նչ կը հետեւի այս նկատողութիւններէն։

Կը հետեւի, որ ամէն քրիստոնեայ պէտք է ամէն Կիրակի Եկեղեցի երթայ եւ հաւատացեալ եղբայրներուն հետ միասնաբար աղօթէ, որովհետեւ անոնք բոլորը ունին նոյն Հայրը եւ նոյն Փրկիչը, եւ բոլորն ալ հրաւիրուած են հանդերձեալ աշխարհի յաւիտենական ուրախութիւններուն։

16. Ուրիշ ի՞նչ պարտականութիւններ ունի Կիրակին մեզի համար։

  1. Չաշխատիլ մեր ապրուստը ապահովելու համար, ինչպէս՝ խանութներ, գրասենեակներ եւ արտադրութեան վայրեր բանալ։
  2. Զբաղիլ այնպիսի գործերով, որոնք հոգիին օգտակար են։

17. Որո՞նք են հոգիին օգտակար գործերը։

Սուրբ Գիրքը, մանաւանդ Սուրբ Աւետարանները կարդալ, Քրիստոսի կեանքն ու վարդապետութիւնը ուսումնասիրել, հոգեւոր գիրքեր կարդալ, քննել մեր վարքը, զբաղիլ կրօնական զրոյցներով, խորհիլ Աստուծոյ մեծութեան եւ բարերարութեան մասին եւ մտածել այն անսահման բարիքին վրայ, որ Ան մեզի ըրած է Փրկչին՝ Քրիստոսի միջոցով։

18. Կա՞ն ուրիշ գործեր եւս, որոնք հոգիին օգտակար են։

Այո՛։ Մտածել երկնային հանգիստին մասին եւ, անոր արժանի ըլլալու համար, բարի գործեր կատարել։ Հոգ տանիլ մեր եղբայրներուն միտքերուն եւ սրտերուն հոգեւոր դաստիարակութեան համար։ Բարեգործութիւն կատարել, այցելել հիւանդներուն եւ բանտարկեալներուն՝ զանոնք մխիթարելու համար եւ այլն։

19. Ի՞նչ բաներէ պէտք է խուսափինք Կիրակի օրերը։

Կիրակի օրերը պէտք է խուսափինք բոլոր այն անօրինական հաճոյքներէն, որոնք մեղքի պատճառ կը դառնան, ինչպէս՝ ծուլութիւնը, խաղամոլութիւնը, հարբեցողութիւնը, շռայլութիւնը եւ այլն։

20. Ինչպէ՞ս կարելի է այս Պատուիրանը արհամարհել եւ խախտել։

Երբ Կիրակի օրերը կը զանցենք Աստուծոյ Տունը երթալը, կամ երբ հոն գտնուելով հանդերձ՝ անկեղծութեամբ եւ մեր ամբողջ սրտով ու մտքով չենք պաշտեր զԱստուած, այլ միայն մարմնով ներկայ կ’ըլլանք, մինչ մեր միտքը Անկէ հեռու է։ Կամ երբ սուրբ պարտականութիւնները բեռ կը նկատենք եւ կը տրտնջանք Կիրակի օրերը Եկեղեցի երթալու եւ քարոզներ լսելու համար։

21. Ուրիշ ի՞նչ կերպով կարելի է Կիրակին պղծել։

Երբ Կիրակի օրերը մեր մտածումները, խօսակցութիւնները, ընթերցումները եւ զբաղումները միայն աշխարհիկ բաներով կը զբաղին։

22. Երրորդ՝ ուրիշ ի՞նչ կերպով։

Երբ պարապ կը մնանք եւ մեր ժամանակը կ’անցընենք հաճոյքներու եւ մեղքերու մէջ։

23. Ի՞նչ օգուտ ունի Կիրակին սուրբ պահելը։

Կիրակին Աստուծոյ մեծագոյն օրհնութիւններէն մէկն է, որ մեզի երկու տեսակ օգուտներ կը պարգեւէ՝ հոգեւոր եւ մարմնական։ Ուստի Կիրակին իրաւամբ շաբաթուան եօթը օրերուն ամէնէն սուրբ օրն է։

24. Ի՞նչ հոգեւոր օգուտներ կը պարգեւէ Կիրակին։

  1. Ան մեր հոգիներն ու սրտերը աւելի կը մօտեցնէ Աստուծոյ՝ զանոնք Իր շնորհքին մէջ աճեցնելով։
  2. Եկեղեցւոյ պաշտամունքներուն եւ Աստուծոյ Խօսքին քարոզութեան միջոցով կը պահպանէ եւ կը տարածէ ճշմարիտ կրօնքի վարդապետութիւնները։

25. Ի՞նչ պիտի պատահի այն ազգին, որ կը զանցէ Տէրունի օրը սուրբ պահելը։

Այն քրիստոնեայ ժողովուրդը, որ կը զանցէ Կիրակին սուրբ պահելը, Աստուծմէ պիտի հեռանայ։ Մեղքը աստիճանաբար պիտի շատնայ անոր մէջ, եւ անոր հետ միասին պիտի տարածուին հեթանոսական անօրէնութիւնը եւ թշուառութիւնը։

26. Ի՞նչ մարմնական օգուտներ կ’ապահովէ Կիրակին սուրբ պահելը։

Կիրակի օրերը հանգստանալով՝ մեր մարմինները կը զօրանան եւ մեր միտքերը կը թարմանան, որպէսզի շաբաթուան միւս օրերուն նոր եւ թարմ ուժով աշխատինք։ Եւ այդ աշխատանքներուն վրայ Կիրակի օրը Աստուծոյ օրհնութիւնը կը ստանանք։

27. Ի՞նչ կը խոստանայ Աստուած Կիրակին սուրբ պահողներուն։

Աստուած, Իր մարգարէին միջոցով, կ’օրհնէ անոնք, որոնք օրը՝ այսինքն Կիրակին, սուրբ կը պահեն, մարմնական աշխատանք չեն կատարեր, առաքինի գործեր կը գործեն եւ մեղքերէ կը խուսափին։ Անոնց Աստուած մեծ բարիքներ կը խոստանայ (Եսայի ԾԶ. 2-7, ԾԸ. 14)։