Ի՞նչպէս Դիմագրաւել Կորուստի Ցաւը

Որքան համտեսենք կեանքը, աւելի կը յստականայ որ կեանքի մէջ ոչ մէկ բան հաստատ է։ Իւրաքանչիւր իրականութիւն մէկ վայրկեանէն կրնայ ամբողջութեամբ տարբեր պատկեր ստանալ եւ մեր կեանքը շեղել իր սովորական պայմաններէն։ 

Թէեւ այս կարելիութիւնը իր հետ անորոշութիւն եւ զոհողութիւն կը բերէ, փոփոխութիւնը անպայման ժխտական կամ սարսափելի երեւոյթ չէ։ Ընդհակառակը, կան փոփոխութիւններ որ մեր սովորական ընթացքը կ՚ուղղեն դէպի աւելի նպաստաւոր ուղիներ։ Այսպիսի առիթներու, ժամանակի ընթացքին կը յստականան պտուղները այդ բարի նորութեան եւ կը դիւրանայ համակերպումը փոփոխութեան հետ։ Սակայն, երբ փոփոխութիւնը կ՚ենթադրէ համակերպիլ կեանքի նոր ձեւի մը, ուր մեր սրտի մտերիմ անձ մը բացակայ է, հարցը մեծապէս կը բարդանայ։ 

Մտերիմ անձի մը մահը կեանքի այն փոփոխութիւններէն է, որուն ազդեցութիւնը դժուար է պարտկել։ Մտային ցաւը՝ անձին հետ բարի եւ չար յիշատակներու, ֆիզիքական ցաւը՝ ըսուած եւ չըսուած խօսքերու ու ապրած վայրկեաններու եւ հոգեկան ցաւը՝ զղջանքի, մեզ երկար ատեն կը չարչարեն մահէն շատ ժամանակ անց։ 

Ի՞նչպէս կրնանք այսպիսի հսկայական կորուստի մը յարմարիլ ու շարունակել կեանքը։ Երբ կեանքը մեծ խոչընդոտներ կը բարձրացնէ մեր դիմաց, բնական է լուծումներ փնտռենք։ Կը խնդրենք խրատ եւ ողղութիւն եւ նաեւ այլ ձեւեր՝ որ մեր ուշադրութիւնը կարնանք շեղել։ Այսպիսի վերաբերմունքը կրնայ մեզի մղել մարմնային հաճոյքներ, վտանգաւոր որոշումներ եւ մենակեացութիւն փնտռելու։ Այս բոլորը փորձելէն ետք, կը գտնենք մենք մեզի նոյն տեղը, թերեւս ժամանակաւոր աւելի խաղաղած բայց աւելի յուսախաբ որ բուն հարցը չլուծուեցաւ։ 

Սակայն, երբ կը փնտռենք իսկական սրտի սփոփում, այս հարցումը միայն յարմար է հարցնել մեր ամենակարող եւ ամենաիմաստուն երկնային Հօր։ Աստուած գիտակից ըլլալով մահուան կորուստի խոր ցաւերուն ու հետեւանքներուն, իր իսկ զաւակը զոհեց։ Աստուած, որ կրնայ մահը ոչնչացնել, որոշեց մահը ներկայ իրականութիւն պահել մարդկային կեանքին մէջ։ 

Իբրեւ հաւատացեալ Յիսուսի զաւակներ, մեր հաւատքը հիմնուած է Աստուծոյ մեր հանդէպ սիրոյն վրայ։ Այդ հաւատքին մաս կը կազմէ Աստուծոյ խոստումը որ Ան մեր դիմաց ոչ մէկ ցաւ ու փորձութիւն կը դնէ որ, Իր օգնութեամբ, չենք կրնար յաղթահարել։ Նաեւ, որ Աստուած կ՚օգտագործէ իւրաքանչիւր պայման Իր կամքին համաձայն մեզի Իրեն մօտեցնելու։

Այս իրականութիւններուն դիմաց, պէտք է գիտակցինք որ հաստատ միջոց կայ այս կորուստէն ալ ոտքի կանգնելու ու այն մեծ ցաւը դիմագրաւելու։ Եթէ Աստուած այդ կարելիութիւնը ստեղծած է, ուրեմն մեզի կը մնայ միակ պարտականութիւնը՝ Աստուծոյ ուղղութեան հետեւելու ու յաջորդ լաւագոյն քայլը առնելու։ Հաւանաբար կորուստին ժամանակ չհասկնանք մահուան պատճառը բայց կրնանք Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ զետեղել հարցը եւ վստահիլ որ Ան մեր ցաւը կը մեղմացնէ։ 

Ի վերջոյ, կեանքը ի՞նչ է եթէ ոչ յարաբերութիւն մը մարդու ու Աստուծոյ միջեւ։ Մահը կեանքի իսկական իմաստը երբէք չի կրնար խախտել։ 

Լոռի Պէրպէրեան