
Շաբաթ, 20 Յունիս 2026-ին, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Յիսուսի Փոքրիկներ» երկշաբաթական հաւաքը, որ այս անգամ նուիրուած էր Հայրերու Օրուան։
Փոքրիկները իրենց հայրերուն ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին սրահ՝ հետեւելով նախապէս պատրաստուած ոտնահետքերուն։ Հաւաքը սկսաւ անոնց միասնական «Հայր Մեր» աղօթքով։
Այնուհետեւ, Տիկ. Հուռինա Պէրպէրեան փոքրիկներուն ներկայացուց Յիսուսի հրաշքներէն Կանայի Հարսանիքի հրաշքը, որ անոնք լսեցին մեծ հետաքրքրութեամբ եւ ոգեւորութեամբ։
Ապա, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեան շնորհաւորեց հայրերը Հայրերու Օրուան առիթով եւ խօսեցաւ ընտանիքին մէջ հօր կարեւոր դերակատարութեան եւ պատասխանատուութեան մասին։ Տէր Հայրը ըսաւ. «Զաւակ մը իր դաստիարակութիւնը առնելու է իր տունէն եւ ո՛չ թէ փողոցէն, իր ծնողքէն ո՛չ թէ իր ընկերներէն: Եթէ տունը իրօք առաջին դպրոցն է մանուկին, ծնողքը այդ դպրոցին առաջին ուսուցիչներն են: Ընտիր հայր մը իր զաւակներուն լաւ օրինակ ըլլալու է»:
Հաւաքի աւարտին, փոքրիկները հագուեցան իրենց խոհարարի գլխարկները եւ նախաճաշ պատրաստեցին իրենց ծնողներուն պատուելու համար իրենց հայրերը՝ Հայրերու Օրուան առիթով։

