
Չորեքշաբթի, 11 Մարտ 2026-ին, Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Պահքի Հսկումի արարողութիւնը, որուն աւարտին խորհրդածութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ սարկաւագներէն՝ Բրշ. Տարօն Սրկ. Հալլաճեան։
Բրշ. Սարկաւագը իր խորհրդածութիւնը հիմնեց Մատթէոսի Աւետարանի 13. 43-52 համարներուն վրայ, ուր Տէրը երկինքի արքայութիւնը կը նմանցնէ արտի մէջ պահուած գանձի, թանկագին մարգարիտի եւ ուռկանի օրինակին։ Ան բացատրեց, որ այս առակներուն ընդմէջէն Քրիստոս կը յայտնէ երկնքի արքայութեան անգին արժէքը եւ կը հրաւիրէ մարդը գիտակցաբար ընտրելու այն, ինչ յաւիտենական է։
Տարօն Սարկաւագ շեշտեց, որ քրիստոնեայի ճշմարիտ գանձը Յիսուս Քրիստոսն է եւ Անոր շնորհած յաւիտենական կեանքը։ Ուստի, Մեծ Պահքի շրջանը կը դառնայ առիթ ինքնաքննութեան, որպէսզի մարդը սորվի զատել բարին չարէն, մաքրել իր կեանքը այն բոլոր բաներէն որոնք զինք Աստուծմէ կը հեռացնեն, եւ իր սիրտը ուղղել դէպի երկնային գանձերը։

Իր խորհրդածութեան ընթացքին ան նաեւ անդրադարձաւ Սեբաստիոյ Քառասուն Մանկանց վկայութեան, որոնք նախընտրեցին հաւատարիմ մնալ Քրիստոսի՝ մերժելով աշխարհիկ պատիւներն ու ապահովութիւնը։ Անոնց օրինակը, ըստ սարկաւագին, կը յիշեցնէ թէ իսկական յաղթանակը կը գտնուի Քրիստոսի հանդէպ անխախտ հաւատարմութեան մէջ եւ երկնքի արքայութեան փնտռտուքին մէջ։
Խորհրդածութեան աւարտին, Բրշ. Սարկաւագը հրաւիրեց հաւատացեալները, Մեծ Պահքի այս սուրբ շրջանին, վերագտնելու իրենց հոգեւոր գանձը Քրիստոսի մէջ եւ ապրելու այնպիսի կեանք մը, որ կը տանի դէպի երկնքի արքայութեան լոյսը։