ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿՈՒՄ

Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանի պատուիրակութիւնը, տնօրէն Արա Խզմալեանի գլխաւորութեամբ, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Մատենադարանի տնօրէնի գիտական գծով տեղակալ Վահէ Թորոսեան, տնօրէնի խորհրդական Գուրգէն Գասպարեան եւ վերականգնման բաժնի աւագ վերականգնողներ Սուսաննա Պաղտասարեան եւ Չինար Մկրտչեան: Հանդիպման Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էր Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարանի եւ ձեռագիրներու ու հնատիպերու բաժանմունքներու տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան:

Նորին Սրբութիւնը ողջունելով Մաշտոցեան Մատենադարանի պատուիրակութիւնը՝ իր գոհունակութիւնն ու օրհնութիւնը յայտնեց Մատենադարանին կողմէ իրականացուող աշխատանքներուն ու բարեփոխումներուն գծով: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ բարձր գնահատեց Մատենադարանին առաքելութեան կարեւորութիւնը եւ ի նշան գնահատանքի, պատուիրակութեան նուիրեց հայկական ձեռագրական եզակի օրինակներէն՝ «Բարձրաբերդի» Աւետարանի նմանահանութիւնը։

Մատենադարանի տնօրէնութիւնը, իր կարգին, Արամ Ա. Կաթողիկոսին փոխանցեց Մատենադարանին մէջ վերականգնած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւաքածոներէն ձեռագիր հմայիլ մը: Նշենք, որ ամիսներ առաջ Կաթողիկոսութեանս վերադարձուեցաւ Մատենադարանին կողմէ վերականգնած «Սասանցի» Աւետարանը (10-11 դար) եւ արժանացաւ Վեհափառ Հայրապետի բարձր գնահատութեան։