ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ (ՊԵՆՏԷԿՈՍՏԷ) ԿԻՐԱԿԻ

ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ (ՊԵՆՏԷԿՈՍՏԷ) ԿԻՐԱԿԻ
ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ  ԱՒԵՏԱՐԱՆ 14.25-31:

            Այս բոլորը խօսեցայ ձեզի, քանի տակաւին ձեզի հետ եմ: Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրս ձեզի պիտի ղրկէ իմ անունովս,անիկա ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ եւ յիշեցնէ ինչ որ ես ձեզի ըսի:
            Քրիստոսի խաղաղութիւնը

            -Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. Իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է: Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք: Լսեցիք ինչ որ ըսի ձեզի, թէ՝ «Ահա կ’երթամ, բայց կրկին պիտի գամ ձեզի»: Եթէ զիս սիրէիք, ուրախ պիտի ըլլայիք որ Հօրս կ’երթամ, որովհետեւ Հայրս ինձմէ մեծ է: Այս բոլորը ձեզի ըսի՝ նախ քան պատահիլը, որպէսզի երբ պատահին՝ այն ատեն հաւատաք: Այլեւս երկար պիտի չխօսիմ ձեզի, որովհետեւ ահա կու գայ այս աշխարհի իշխանը, որ իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունի: Բայց աշխարհը պէտք է գիտնայ թէ ես Հայրը կը սիրեմ եւ այդ է պատճառը, որ ինծի բոլոր պատուիրածները կը կատարեմ:
            Ելէ՛ք, երթանք այստեղէն:

            Քրիստոս կանուխէն յայտնած էր Իր առաքեալներուն, թէ մխիթարիչ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը Երուսաղէմի սահմաններէն դուրս գալով պիտի տարածուի համայն աշխարհի մէջ: Ուղիղ վարդապետութեան ուսուցումը, ճշմարիտ  աստուածգիտութեան լոյսին սփռումը եւ հոգիներու փրկութեան պատգամին փոխանցումը: Սուրբ Հոգիին շնորհաբաշխ ներկայութիւնը այսպէս իրականացաւ.  Քրիստոսի եկեղեցին ունեցաւ տիեզերական հանգամանք:
            Եսայի Մարգարէն Սուրբ Հոգիին մասին կ’ըսէ .«Իմաստութեան ու հանճարի հոգին, գիտութեան ու Աստուծոյ վախի հոգին»(Ես 11.2): Սոյն մարգարէութիւններուն իրականացումը կը տեսնենք առաքեալներուն քարոզութեան եւ գործունէութեան ընդմէջէն: Գործք Առաքելոցի հեղինակ՝ Ղուկաս Աւետարանիչ հաղորդական նկարագրականով եւ բծախնդիր ներկայացումով  կը հաստատէ վերեւ նշուած մարգարէութեան իրականացումը:
            Սուրբ Հոգին հրեղէն լեզուով հանգչեցաւ վերնատան մէջ հաւաքուած հաւատացեալներուն վրայ, եւ այդ էջքը հանդիսացաւ Աւետարանի քարոզութեան հիմնակէտը:
            Կրակը կը խորհրդանշէ Սուրբ Հոգին: Առիթով մը Յիսուս  ըսաւ.«Եկայ կրակ ձգելու երկրի վրայ»(Ղկ 12.49): Հոս ակնարկուածը Սուրբ Հոգին է: Նոյն հաստատումը կը գտնենք Պօղոս առաքեալի մօտ երբ կ’ըսէ.«Սուրբ Հոգիին կրակը մի՛ մարէք ձեր մէջ»(Ա.Թս 5.19): Ասոր կողքին  կրակը կը խորհրդանշէ.
            ա- Ս.Հոգիով զօրացում եւ նախանձախնդիր ծառայութիւն:Առաքեալներուն համարձակ վկայութիւնը պերճախօս օրինակն է անոնց ջերմեռանդ ծառայութեան:

            բ- Սէր: Աստուծոյ սէրը անմար հուր է, ինչպէս իմաստունը կ’ըսէ.«Շատ մը ջուրեր չեն կրնար սէրը մարել»(Երգ 8.7):

            գ- Սրբութիւն: Սրբապղծութիւն  նկատուած հեթանոսութիւնը՝ փուշերու նման կրակը պիտի նետուէր եւ անոր փոխարէն հաւատքի սերմեր պիտի ցանուէր:
            Առանց Սուրբ Հոգիի բարեբեր ազդեցութեան կարելի չէ աստուածապաշտ, աստուածասէր եւ մարդասէր դառնալ: Ան է հաւատքին ողնասիւնը եւ հոգեւոր պաշտամունքին ակնաղբիւրը:
            Անով է  որ՝
            ա- Աստուծոյ սէրը տեղ կը գտնէ  մեր  սիրտերուն  մէջ.(Հռ 55):
            բ- Աստուծոյ  հայրութիւնը  կը  դաւանինք.(Հռ 8.15):
            գ- Հօր Աստուծոյ  կ’աղօթենք.(Հռ 8.26):
            դ- Աստուծոյ փառքը  կ’արտացոլացնենք.(Հռ 3.18):
            Եկեղեցին  Սուրբ Հոգիին ձայնը կը հաղորդէ Աստուծոյ ժողովուրդին: Ասոր համար եկեղեցիէն ներս կրակը խորհրդանշող սպասներ կը գործածուին օրինակ՝ կանթեղ, մոմ,
Բուրվառ….: Իսկ Մկրտութեան եւ Դրոշմի արբազան եւ կենդանարար խորհուրդներով ընծայեալը կը դառնայ տաճար եւ բնակարան Սուրբ Հոգիին:
            Սուրբ Հոգիով նորոգուած եւ վերստին ծնած անձ մը.
            -Կը դառնայ   ազատ եւ համարձակ:
            -Աստուծոյ Օրէնքներուն եւ պատուիրաններուն դէմ չի գործեր:
            -Կը դառնայ գիտակից եւ երկիւղած:
            -Զգուշութեամբ կը մտածէ, կը խօսի եւ կը գործէ, որպէսզի չարին յաղթէ եւ չի մեղանչէ:
            -Կը դառնայ  արթուն  եւ աղօթող:
            -Կը գիտակցի իր ներկայ վիճակին, որ նախապէս Պօղոս Առաքեալի նման Քրիստոսի դէմ էր, իսկ այժմ Քրիստոսի հետ՝ մեղքի եւ անարդարութեան դէմ:
            Սիրելի՛ ընթերցող.
            Այսպիսի փոփոխութիւն մը ունեցա՞ծ ես արդեօք: Եթէ այո է պատասխանդ՝ ուրեմն ընդունէ Սուրբ Հոգին, ճանցիր Քրիստոսը, եւ յանձնուիր Աստուծոյ եւ լսէ Տիրոջ ձայնը, որ իւրաքանչիւրիս կ’ըսէ.«Հաւատարիմ եղիր ինծի, նույնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք է, եւ ես քեզի կեանքի պսակը պիտի տամ»(Յյտ 2.10):
            Թող  որ  հրեղէն Սուրբ Հոգին հրդեհէ մեր խաւարապատ   էութիւնը, որպէսզի դառնանք լոյսի  եւ Սուրբ Հոգիի   որդիներ՝ ու փրկութեան ժառանգորդներ:

ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ – ՊԵՆՏԵԿՈՍՏԷ

            Պենտեկոստէն հրէական տօն մըն էր: Սինայի անապատին մէջ երբ Ասուծոյ կողմէ Մովսէս  Մարգարէին կը յանձնուի «Տասնաբանեայ  Պատուիրանները»,այսինքն  Օրէնքներու  տուչութեան տօն:
            Հին Կտակարանի մէջ Սինա լերան  վրայ Տէրը կրակին եւ ամպին մէջէն կ’երեւի Մովսէսին: Իսկ Նոր Կտակարանին՝ վերնատան մէջ հրեղէն լեզուներով կը հանգչի առաքեալներուն վրայ: Սինա լերան վրայ Աստուած եբրայեցի ժողովուրդին յատուկ Օրէնքներ կը յանձնէ Մովսէսի միջոցաւ: Իսկ քրիստոնէական Պենտեկոստէն կը յատկանշուի , որ փրկութեան աւետիսը   կը քարոզուի աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն, իրենց սեփական լեզուներով:
            Նոր Պենտեկոստէն տօնն է նոր եկեղեցւոյ ,որ սկսաւ տարածուիլ եւ յառաջդիմել, շնորհիւ  հրեղէն լեզուներով զօրացած եւ աստուածգիտութեամբ օժտուած առաքեալնե-
րուն: Գործք Առաքելոց   գիրքը  ինքնին բաւարար է ցոյց տալու  թէ ինչպէս առաքեալները քրիստոնէական կրօնքը կարողացան ամբողջ աշխարհին փոխանցել: Երկչոտ, պարզ այդ ցկնորսները Սուրբ Հոզին ստանալէ ետք, հերետոր եւ ճարտասան քարոզիչներու վերածուեցան,որոնց դիմաց ոչ մէկ ոյժ կարողացաւ դէմ կենալ, կայսրեր անգամ խոնահեցան  եւ մկրտուելով  Սուրբ Հոգիի շնորհքները ստացան:

Տաթեւ Ա.Քհնյ.Միքայէլեան






ԿԱՆՈՆ

ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ  ԱՌԱՋԻՆ   ՕՐՈՒԱՆ

            Կենդանարար Աստուած, մարդասէր հոգի, միաբանական սիրով Վերնատանմէջ  հաւաքուածները հրեղէն  լեզուներով լուսաւորեցիր. Ուստի մենք ալ այսօր քու
գալուստդ կը տօնենք:

            Սուրբ  առաքեալները զուարճացան գալուստովդ եւ բազմաձայն լեզուներով
Միահամուռ հրաւիրեցին իրարմէ ցրուած ազգերը. Ուստի մենք ալ այսօր քու սուրբ գալուստդ կը տօնենք:
            Անոնց միջոցաւ՝ հոգեւոր սուրբ մկրտութեամբ  զարդարեցիր տիեզերքը լուսափայլ եւ նորափետուր զգեստներով. Ուստի մենք այսօր քու սուրբ   գալուստդ կը տօնենք:
ՇԱՐԱԿՆՈՑ
ԱՂՕԹՔ ՈՒՂՂՈՒԱԾ Ս.ՀՈԳԻԻՆ
            Միշտ Քեզի ծնրադրելով կ’աղաչենք մարդասէր Ս.Հոգի որ այս մարմնաւոր կեանքի ընթացքին մեր հոգիները պահպանես:Աներկիւղ անցնինք այս աշխարհէն,փրկուինք պիղծ դեւերէ եւ առաջնորդուինք ապահով երկիր ուր արդար հոգիները ուրախութեամբ Քեզ կ’օրհնաբանեն:Իսկ փրկչիդ երկրորդ գալուստին,երբ կրկին պիտի նորոգես մեզ,երբ բոլոր ննջեցեալները պիտի արթննան փողի ձայնէն եւ յարութեամբ պիտի վերստանաս աբողջ մարդկութիւնը, կը խնդրենք Քեզմէ ով Տէր,վերանորոգէ մեզմէ իւրաքանչիւրս Ս.Հոգիով,ազատէ մեզ   գեհենի ապառնալիք անտանելի տանջանքներէն:Միացուր  մեզ Քու սուրբերուդ եւ անունդ սիրողներուն բանակին,ժառանգորդ դառնալու երկնքի արքայութեանդ:Իսկ մենք բանաւոր հօտդ եւ Քեզի հաւատացողներս,կ’աղօթենք եւ կը փառաւորենք ամենասուրբ երրորդութիւնդ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից.Ամէն

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան