Հինգ Հազարի Կերակրումը

ՄԱՐԿՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 6.30-44:

Առաքեալները վերադարձան Յիսուսի մօտ եւ անոր պատմեցին ինչ որ կատարեցին եւ սորվեցուցին: Յիսուս ըսաւ անոնց.

-Եկէք երթանք ամայի տեղ մը, ուր առանձին կրնանք ըլլալ եւ հոն քիչ մը կը հանգչինք:

Որովհետեւ ժողովուրդէն շատերուն երթալ-գալուն պատճառով ուտելու իսկ առիթ չէին ունեցած: Հետեւաբար իրենք առանձին նաւակ առին եւ գացին ամայի վայր մը: Երբ ժողովուրդը տեսաւ անոնց երթալը եւ գիտցաւ թէ Յիսուս անոնց հետ է, շրջակայ քաղաքներու բնակիչներէն շատեր լիճին եզերքէն վազելով՝ անոնցմէ առաջ հասան անոնց երթալիք վայրը: Երբ Յիսուս նաւակէն դուրս ելաւ եւ տեսաւ ամբոխը, գթաց անոնց, որովհետեւ հովիւ չունեցող ոչխարներու կը նմանէին: Ապա սկսաւ շատ բաներ ուսուցանել անոնց:

Երբ բաւական ժամանակ անցաւ, աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ ըսին.

-Ամայի տեղ ենք, եւ արդէն բաւական ուշ է. Արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի շրջակայ ագարակներն ու գիւղերը երթան իրենց համար ուտելիք գնելու, որովհետեւ ուտելիք չունին:

Յիսուս անոնց ըսաւ.

-Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը:

Անոնք հարցուցին.

-Կ’ուզե՞ս որ երթանք եւ երկու հարիւր արծաթ դահեկանի հաց գնենք զանոնք կերակրելու համար:

Յիսուս ըսաւ.

-Քանի՞ հաց ունիք, գացէք ստուգեցէք:

Աշակերտները ստուգեցին եւ ըսին.

-Հինգ հաց եւ երկու ձուկ:

Յիսուս հրամայեց աշակերտներուն, որ ժողովուրդը խումբ-խումբ նստեցնեն դալար խոտին վրայ, եւ անոնք հարիւրական եւ յիսունական հոգիներէ բաղկացած խումբերով նստան: Ապա Յիսուս առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց հացերը եւ տուաւ աշակերտներուն՝ որպէսզի բաշխեն, եւ երկու ձուկերը բաժնեցին ժողովուրդին: Բոլորն ալ կերան ու կշտացան, եւ աւելցած հացի եւ ձուկի կտորները հաւաքելով՝ տասներկու սակառ լեցուցին: Իսկ ուտողներուն թիւը, միայն այր մարդիկը հաշուած, շուրջ հինգ հազար էր:

Աւետարանական այս հատուածին Մարկոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք, առաքելական պաշտօնի եւ քարոզելու ղրկուած Յիսուսի աշակերտներու վերադարձի դրուագն ու հինգ հազարի կերակրումը: Անոնք իրենց պաշտօնը կատարելէ ետք վերադարձան եւ շատ բաներ ունէին պատմելու իրենց Վարդապետին: Մեծ Վարդապետը ըսաւ անոնց, որ ամայի տեղ մը երթանք եւ հանգստանանք: Շրջակայ գիւղերու եւ քաղաքներու բնակիչները հոծ խումբերով հետեւեցան անոնց: Յիսուս երբ լիճին միւս կողմը՝ Կափառնաում անցաւ, զարմանքով տեսաւ ժողովուրդը, որ կը նմանէին հովիւ չունեցող հօտի մը, գթալով անոնց վիճակին սկսաւ քարոզել:

Օրը կ’իրիկնանար, երբ աշակերտները մօտեցան Մեծ Վարդապետին եւ ըսին. «Ամայի տեղ ենք, եւ արդէն բաւական ուշ է. արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի շրջակայ ագարակներն ու գիւղերը երթան իրենց համար ուտելիք գնելու, որովհետեւ ուտելիք չունին» (Մր 6.35-36): Յիսուս պատասխանեց «Դուք տուէք անոնց ուտելիքը»:

Յիսուսի աշակերտներուն քով գտանուած հինգ հացն ու երկու ձուկը օրհնեց եւ տուաւ աշակերտներուն որ բաժնեն: Համատեսական Աւետարաններուն համաձայն, բոլորն ալ կշտացան, եւ աւելցածները տասներկու սակառ լեցուցին:

Յովհաննէս Աւետարանիչ այս հրաշքին աւարտին կ’աւելցնէ.«Հաւաքեցէ՛ք աւելցած կտորները, որպէսզի բան չկորսուի»(Յհ 6.12): Այս դրուգէն քանի մը մտածումներ խորհրդածութեան նիւթ կը դարձնենք: Նախ, Աստուած Իր ողորմութիւնն ու գթութիւնը նաեւ մարդոց միջոցով կը կատարէ: Այս պարագային, աշակերտները իրենց ամբողջ ունեցածը տուին, որպէսզի օրհնուի եւ բազմանայ եւ ապա մեծ սիրով բաժնեցին ներկաներուն:

Հացը խորհրդանշանն է բոլոր բարիքներուն եւ հարստութեանց, որոնք ճակտի քրտինքով եւ տարիներու աշխատանքով ձեռք կը բերուին: Նախ, իր կենսական անհրաժեշտութեամբ, երկրորդ՝ իր ետին կեցող շարք մը հաւաքական աշխատանքներով( դաշտ հերկել, ցորէն ցանել, հնձել, կալել, մինչեւ թխել): Հացը վատնել կը նշանակէ Աստուծոյ բարիքները արհամարհել: Հետեւաբար, եթէ հացի փշրանք մը գետին ինկած է, պէտք է վերցնել: Երկրորդ, Յիսուս Տէրունական աղօթքին մէջ մեզի սորվեցուց. «Ամենօրեայ մեր հացը, այսօր ալ տուր մեզի»:

Հացերու բազմացումէն եւ հինգ հազարի կերակրումէն ետք, յաջորդ օրը՝ Կափառնաումի մէջ ժողովուրդը կը հարցնէ Իրեն.«Վարդապե՛տ, ե՞րբ եկար հոս»: Յիսուս կը պատասխանէ անոնց.«Դուք զիս կը փնտռէք՝ ոչ թէ որովհետեւ հրաշքներ տեսաք, այլ որովհետեւ այդ հացէն կերաք եւ կշտացաք: Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքին մէջ կը մնայ» (Յհ 6. 25-26): Երկինքէն իջած հացը՝ մանանան, զոր Աստուած Մովսէին միջոցաւ Սինայի անապատին մէջ եբրայեցի ժողովուրդը կերակրեց, ճշմարիտ հացը չէր:

Մարդու Որդին կը բացատրէ, ըսելով.«Հայրս է որ ձեզի կու տայ երկինքէն իջած ճշմարիտ հացը: Որովհետեւ Աստուծոյ տուած հացը այն է՝ որ երկինքէն կ’իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին»(Յհ 6.32-33), այլ խօսքով՝«Այդ կերակուրը մարդու որդին պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ»(Յհ 6.27): Ժողովուրդը ըսաւ.« Տէ՜ր, մի՛շտ տուր մեզի այդ հացը»(Յհ 6.34): Քրիստոս պատասխանեց. «Ես եմ կեանքի հացը, ով որ ինծի կու գայ՝ բնաւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ»(Յհ 6.35):

Նիւթական հացն ու կերակուրը մեր գոյութիւնը կ’պահովեն այս աշխարհին մէջ, սակայն անկէ վեր գոյութիւն ունի աւելի զօրաւոր, աննիւթական ու յաւիտենական Հացը, որ մեր Տէրը կու տայ Ս. Հաղորդութեան ճամբով՝ մեզ Իրեն հաղորդակից կը դարձնէ:

Քրիստոս, որպէս կենարար հաց, զօրութեան աղբիւր է բոլոր անոնց, որոնք կը ճաշակեն Իր հոգեւոր հացէն եւ կ’ըմպեն անոր սրբարար արիւնէն: Քրիստոսով լեցուիլ, Իրմով յագենալ կը նշանակէ, Իրեն երթալ, առաւել կենդանութեամբ ու վերանորոգ հաւատքով կենդանացնել Իր պատուիրանները մեր գործնական կեանքին մէջ: Ուրեմն սիրելիներ ընդառաջենք Քրիստոսի հրաուէրին ըսելով.«Տէ՜ր, միշտ տուր մեզի այդ հացէն»,որպէսզի յաւիտնեանս չանօթենանք:

ՅԱԿՈԲՈՍ ԵՒ ՇՄԱՒՈՄ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐ

Ալփէոսի որդին՝ Յակոբոս, հայկական «Յայսմաւուրք»ին համաձայն եղբայրն է Մատթէոս առաքեալին, որ մաքսաւորութենէ հրաժարելով կը դառնայ Քրիստոսի տասներկու առաքեալներէն մէկը: Ս.Յակոբոս Քրիստոսի առաքելութեան ամբողջ ընթացքին կը շրջի Անոր հետ:

Քրիստոսի Համբարձումէն յիսուն օր ետք, Յակոբոս երբ Ս.Հոգին կը ստանայ, կը սկսի բագինները կործանել, տաճարներ կառուցել եւ քրիստոնէութիւնը քարոզել եբրայէցիներուն եւ հեթանոսներուն, որոնցմէ մեծ թիւով մարդիկ դարձի կը բերէ:

Բազմակարծիք են առաքեալին մահը պատմողները, սակայն մեծամասնութիւնը կը պնդէ թէ ինկած է կռապաշտներու եւ եբրայէցիներու ձեռքը, որոնք զինք խաչած են Քրիստոսի նման:

Ս.Շմաւոն Քրիստոսի եօթանասուներկու աշակերտներէն է, եւ միաժամանակ Անոր ազգականը: Ան միւս առաքեալներուն նման, Քրիստոսի Համբարձումէն ետք կը սկսի աւետարանել եւ վկայել Յիսուս Քրիստոսը:

Երուսաղէմի կործանումէն ետք, եօթանասուն թուականին, երբ Երուսաղէմի Եպիսկոպոսը կը վախճանի, ինք կ’ընտրուի Եպիսկոպոս եւ կը ստանձնէ Ս.Երկրի Աթոռը:

Առաքեալը Պաղեստինի մէջ կը քարոզէ Քրիստոսի աւետարանը, եկեղեցիներ կը կառուցէ եւ քահանաներ կը ձեռնադրէ:

Իննիսունութ թուին, Տրայանոս կայսեր հալածանքներու ատեն Ս.Շմաւոն կ’ամբաստանուի եբրայէցիներու Հերովդիական աղանդաւորներէն:

Ծերունի առաքեալը Տրայանոսի հիւպատոսին՝ Ատտիկոսին քով կը տարուի, կը հարցաքննուի եւ ապա կը ստիպեն զինք, որ ուրանայ քրիստոնէութիւնը, սակայն ան ատեանին առջեւ կը քարոզէ, թէ Քրիստոս Աստուած է եւ թէ «ինքնակալներէն աւելի մեծ Աստուած մըն է»:

Այս պատճառով, հարիւր ութ թուականին, ատեանը կ’որոշէ խաչել Շմաւոնը: Ան այս լուրը առնելով շատ կ’ուրախանայ եւ մահկանացուն կը կնքէ խաչին վրայ հարիւր քսան տարեկանին:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան