ՎԵՐՋԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
1. Ի՞նչ պիտի պատահի մարդկութեան յարութենէն ետք։
Երբ Քրիստոս յարուցանէ բոլոր մարդոց մարմինները, մեծ փառքով եւ զօրութեամբ պիտի գայ աշխարհ՝ դատելու ողջ մարդկութիւնը՝ հոգիներն ու մարմինները։
2. Ինչո՞ւ Քրիստոս պիտի ըլլայ մարդոց Դատաւորը։
Որովհետեւ Քրիստոս Ի՛նքն է, որ օրէնք տուաւ մարդոց, ուստի արդար է, որ Ի՛նքն ալ քննէ իւրաքանչիւրը՝ տեսնելու, թէ ինչպէս պահած է այդ օրէնքը (Յովհ. Ե. 22-27, Բ. Կորնթ. Ե. 10)։
3. Արդեօք այս դատաստանը անհրաժե՞շտ է։
Այո՛, որովհետեւ այս աշխարհին մէջ շատ արդարներ անիրաւ կերպով տառապանքներ ու նեղութիւններ կը կրեն Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայութեան մէջ, մինչդեռ շատ մեղաւորներ կը վայելեն պատիւ, փառք եւ բարօրութիւն։ Աստուծոյ արդարութիւնը պէտք է բոլորին առջեւ յայտնէ, թէ ինչո՛ւ այս բոլորը արտօնած է, եւ իւրաքանչիւրին հատուցանէ իր բոլոր գործերուն համեմատ։
4. Ի՞նչ կը սորվեցնեն Սուրբ Գրքերը ընդհանուր դատաստանին մասին։

Շատ երկար պիտի ըլլար այստեղ յիշատակել այն ամէնը, ինչ որ Սուրբ Գիրքը կը խօսի ընդհանուր դատաստանին մասին։ Նոր Կտակարանը զայն կը ներկայացնէ որպէս քրիստոնէական հաւատքի հիմնական ճշմարտութիւններէն մէկը, չարէն հեռացնելու եւ առաքինութեան առաջնորդելու զօրաւոր խրատ մը (Սաղմ. ԻԹ. 3-6, Ժողով. ԺԲ. 1, Մաղ. Գ. 5, Մատթ. ԺԱ. 22, ԻԳ. 33, ԻԵ. 31-46, Յովհ. Ե. 22-30, Գործք ԺԷ. 31, Բ. Պետր. Ա. 9, Յակ. Ե. 1-9 եւ այլն)։
5. Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը։
Քրիստոսի երկրորդ գալուստը բոլորովին տարբեր պիտի ըլլայ առաջին գալուստէն։ Որքան խոնարհ էր Իր առաջին գալուստը, նոյնքան փառաւոր պիտի ըլլայ երկրորդը (Սաղմ. ԽԹ. 3, Մատթ. ԻԵ. 31, Մարկ. Ը. 38, Բ. Թես. Ա. 7)։
6. Ինչպէ՞ս պիտի դատէ Քրիստոս։
Ան հաշիւ պիտի պահանջէ մեր բոլոր մտածումներէն, խօսքերէն եւ գործերէն, ինչպէս նաեւ մեր գործած մեղքերէն ու այն բարիքներէն, որոնք պարտաւոր էինք ընել, բայց զանց առինք։
7. Արդեօք բոլոր արդարներն ու բոլոր մեղաւորները նոյն հատուցումը պիտի ստանա՞ն։
Ո՛չ։ Աստուած արդար է, եւ իւրաքանչիւրը պիտի ստանայ իր վարձքը՝ ըստ իր առաքինութիւններուն կամ մեղքերուն չափին (Բ. Կորնթ. Թ. 5)։
8. Ո՞վ աւելի մեծ վարձատրութիւն պիտի ստանայ։
Անոնք, որոնք աւելի շատ լոյս եւ շնորհք ստացած ըլլալով՝ աւելի լաւ կերպով գործածեցին Աստուծոյ պարգեւները (Մատթ. ԺԳ. 12)։
9. Ո՞վ աւելի ծանրապէս պիտի պատժուի։
Անոնք, որոնք այս աշխարհին մէջ ստացած էին հարստութիւն, իշխանութիւն, զօրութիւն, տաղանդներ եւ այլ շնորհքներ, բայց զանոնք չգործածեցին Աստուծոյ ծառայութեան եւ իրենց մերձաւորներուն բարիքին համար (Ղուկ. ԺԲ. 48)։
10. Ի՞նչ պիտի ըսէ Քրիստոս արդարներուն։
Քրիստոս պիտի ըսէ. «Եկէ՛ք, Իմ Հօրս օրհնեալները, ժառանգեցէ՛ք այն արքայութիւնը, որ աշխարհի ստեղծումէն ի վեր պատրաստուած է ձեզի համար» (Մատթ. ԻԵ. 34)։
11. Ի՞նչ է այդ արքայութիւնը։

Ան այն երկնային արքայութիւնն է, զոր Աստուած պատրաստած է արդարներուն համար, ուր անոնք յաւիտեան պիտի ապրին երանութեամբ, պիտի սիրեն ու փառաբանեն Աստուած, եւ Աստուած ալ պիտի սիրէ ու փառաւորէ զիրենք յաւիտեան։
12. Արդեօք կրնա՞նք այժմ պատկերացնել այդ արքայութիւնը։
Այդ երկնային բնակարանին փառքն ու երջանկութիւնը մարդկային աչքը չէ տեսած, ականջը չէ լսած, եւ մարդու սիրտը չի կրնար ամբողջութեամբ պատկերացնել, քանի դեռ ան այս աշխարհի ուխտագնացութեան մէջ կը գտնուի (Ա. Կորնթ. Բ. 9)։
13. Ի՞նչ վճիռ պիտի արձակէ Քրիստոս մեղաւորներուն վրայ։
Դատաստանէն ետք Արդար Դատաւորը պիտի ըսէ. «Հեռացէ՛ք Ինձմէ, անիծեալներ, դէպի յաւիտենական կրակը, որ պատրաստուած է սատանային եւ անոր հրեշտակներուն համար» (Մատթ. ԻԵ. 41)։
14. Ո՞ւր պիտի երթան մեղաւորները։
Անոնք պիտի մտնեն դժոխք՝ հոգիներու բանտը, ուր պիտի տառապին, զրկուած Աստուծոյ երանելի տեսութենէն։ Այդ զրկանքն իսկ պիտի կազմէ իրենց մեծագոյն թշուառութիւնն ու յուսահատութիւնը։
15. Ի՞նչպէս պէտք է վերջին դատաստանին խորհուրդը ազդէ մեզի վրայ։
Ան պէտք է մեր սրտերուն մէջ աստուածավախութիւն եւ սարսափ ներշնչէ՝ յիշեցնելով Աստուծոյ արդար բարկութիւնը եւ դժոխքի սոսկալի տանջանքները։
16. Ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընենք։
Պէտք է յարատեւենք բարի գործերու մէջ եւ այնպիսի կեանք ապրինք, ինչպիսին պիտի ուզէինք ունենալ մեր մահուան օրը եւ այն օրը, երբ Աստուած պիտի դատէ մեզ (Գործք ԻԴ. 15)։ Ապաշխարութեամբ, հաւատքով, բարի վարքով, համեստութեամբ եւ ողջախոհութեամբ պէտք է միշտ պատրաստ գտնուինք մեր մահուան եւ ահաւոր դատաստանին։
17. Ի՞նչ կը գրէ Պետրոս Առաքեալը այս մասին։
«Ինչպիսի՞ մարդիկ պէտք է ըլլաք սուրբ վարքով եւ աստուածապաշտութեամբ, սպասելով եւ փափաքելով Աստուծոյ օրուան գալուստը… Ուստի, սիրելինե՛ր, քանի որ այս բաները կը սպասէք, ջանացէ՛ք, որ Ան ձեզ գտնէ խաղաղութեան մէջ, անբիծ եւ անարատ, եւ մեր Տիրոջ երկայնամտութիւնը փրկութիւն համարէք» (Բ. Պետր. Գ. 11-14)։
18. Արդեօք Աստուած կ’ուզէ՞, որ մարդը դժոխք երթայ։
Ո՛չ։ Աստուած չի կամենար, որ Իր մեղաւոր զաւակներէն մէկը կորսուի։ Ընդհակառակը, Ան կը ցանկայ, որ բոլորը ապաշխարեն, հաւատան Իր Որդիին եւ փրկուին։ Այդ պատճառով ալ երկայնամտութեամբ կը սպասէ անոնց վերադարձին։ Եթէ չեն դառնար, մեղքը իրենցն է, որովհետեւ կ’արհամարհեն իրենց Աստուածն ու Փրկիչը։
19. Ի՞նչ կը սորվեցնէ Սուրբ Գիրքը այս մասին։

Պետրոս Առաքեալը կ’ըսէ. «Տէրը չի յապաղեր Իր խոստումը կատարելու, այլ երկայնամիտ է մեր հանդէպ, որովհետեւ չի կամենար, որ ոեւէ մէկը կորսուի, այլ կը կամենայ, որ բոլորը ապաշխարութեան գան» (Բ. Պետր. Գ. 9)։
20. Ի՞նչ ցոյց կու տան դժոխքի տանջանքները։
Դժոխքի ահաւոր տանջանքները կը յայտնեն, թէ որքան Աստուած կ’ատէ մեղքը, որովհետեւ մեղքը ապստամբութիւն է Աստուծոյ անսահման զօրութեան, բարութեան եւ անսահմանափակ մեծութեան դէմ։
21. Ի՞նչ է մեղաւորին վախճանը։
Թէեւ մեղաւորը այժմ կրնայ իր հաճոյքներուն մէջ ապրիլ եւ մեղանչել, բայց եթէ չշտապէ ապաշխարելու, իր վախճանը կորստեան պիտի առաջնորդէ զինք, որովհետեւ «չարիքը պիտի հալածէ բռնադատ մարդը եւ կործանէ զինք» (Սաղմ. ՃԽ. 11)։ Այն ժամանակ ան պիտի լայ եւ ողբայ, բայց ապարդիւն (Ղուկ. ԺԳ. 28)։
22. Ի՞նչ պէտք է ընենք մեղաւորներուն համար։
Պէտք է աղօթենք մեր մեղաւոր եղբայրներուն համար, որպէսզի Աստուծոյ ողորմութիւնը փափկացնէ անոնց կարծրացած սիրտերը։ Քահանաները, ծնողները եւ բոլոր աստուածապաշտ մարդիկը պարտաւոր են միասին աշխատիլ այս սուրբ գործին մէջ։
23. Ինչպէ՞ս։
Անոնք պարտաւոր են անդադար յորդորել եւ խրատել իրենց մոլորած զաւակներն ու աշակերտները, որպէսզի Աստուած փնտռեն, քանի դեռ կարելի է Զինք գտնել։ Այս նպատակին հասնելու համար ոչ միայն պէտք է գործեն ամբողջ կարողութեամբ, այլեւ աղաչեն Սուրբ Հոգին, որ օրհնէ իրենց անկեղծ ջանքերը եւ յաջողութեամբ պսակէ զանոնք։
24. Ի՞նչ պէտք է ընենք հեթանոսներուն համար։
(ա) Խղճահարութեամբ պէտք է մտածենք այն միլիոնաւոր հեթանոս եղբայրներուն մասին, որոնք, չճանչնալով փրկութեան ճամբան, ամէն օր դէպի կորստեան կը սահին։
(բ) Պէտք է աղօթենք Աստուծոյ, որպէսզի այդ դժբախտ եղբայրներուն ղրկէ հաւատարիմ քարոզիչներ, որոնք, ունենալով Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչին եւ Առաքեալներուն հոգին (Մատթ. Թ. 38), Սուրբ Աւետարանին լոյսով զանոնք ազատեն կռապաշտութեան խաւարէն, որպէսզի Քրիստոսի զաւակները դառնան եւ մեզի հետ միասին ժառանգորդները ըլլան Աստուծոյ Արքայութեան (Յակ. Բ. 5)։
(Քաղուած՝ Խորէն Արք. Նարպէյի «Կանոն Քրիստոնէական Դաստիարակութեան» հատորէն)