ԽՈՅՐ

Եպիսկոպոսական պատարագի զգեստին թագը կը կոչուի խոյր:

         1180-ական թուականներուն Լատին Եկեղեցւոյ խոյրը մեր եկեղեցւոյ կողմէն որդեգրուեցաւ:

         Խոյրը երկու տափակ երեսներով եւ դէպի վեր երկու սրածայր վերջաւորութեամբ գլխարկ մըն է: երբ պատարագիչ եպիսկոպոսը գլխուն կը դնէ, երկճիւղ կերպարանք մը կը ստանայ, ասոր համար նաեւ ժողովրդային բացատրութեամբ կոչուած է չաթալթագ:

         Խոյրի սրածայր զոյգ ծայրամասերուն կը գտնուին երկու փոքր խաչեր:

         Խոյրի բարձրութիւնը 40-50 սմ. Կ’ըլլայ: Թէեւ անոր գործածութիւնը վերապահուած է եպիսկոպոսներուն, սակայն եւ այնպէս՝ Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակով, զայն կրելու արտօնութիւն կրնան ստանալ այն ծայրագոյն վարդապետները, որոնք վիճակաւոր առաջնորդներ են, իրենց թեմական սահմաններուն մէջ:

Խոյրը ընդհանրապէս գեղեցիկ ասեղնագործութեամբ եւ յաճախ մարգարիտներով զարդարուած կ’ըլլայ: Այս մասին կը վկայեն Ս. Էջմիածնի, Անթիլիասի, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ գանձատուները:

ԿԻՍԱԶԳԵՍՏ

Եպիսկոպոսական պատարագներուն, երկու քահանաներ կամ վարդապետներ որպէս առընթերակայ պատարագիչին, կիսազգեստ կը հագնին:

Կիսազգեստը քահանայական պատարագի զգեստաւորումն է առանց սաղաւարտի, շուրջառի եւ վակասի, միայն շապիկը, փորուրարը, բազպանը եւ գօտին: Յաճախ աւելի ճոխացնելու եւ շուք տալու համար սաղաւարտը եւս կը դնեն:

Վաղ ժամանակներուն, երբ մեր եկեղեցւոյ մէջ կիսազգեստի սովորութիւն չկար տակաւին, սպասարկող քահանաներն ալ լրիւ կը զգեստաւորուէին: