Սորվի՛ր հայերէնը, ճանչցի՛ր պատմութիւնդ,
խորացո՛ւր ազգային գիտակցութիւնդ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»ը իր դռները կը բանայ բոլոր անոնց առջեւ, որոնք կը փափաքին հարստացնել հայագիտական իրենց պաշարը, ամրապնդել հայերէնի իմացութիւնը եւ աւելի ամբողջական կերպով հաղորդակից դառնալ մեր ժողովուրդի պատմութեան, գրականութեան, մշակոյթին եւ հոգեւոր ժառանգութեան։
Հիմնարկին եռամեայ կրթական ծրագիրը կը համադրէ դասական հայագիտութիւնն ու ժամանակակից գիտելիքները՝ ուսանողին հաղորդելով ոչ միայն անհրաժեշտ գիտական իմացութիւն, այլեւ ազգային ինքնաճանաչում, վերլուծական մտածողութիւն եւ համայնքին ծառայելու պատրաստութիւն։
Դասաւանդութիւնները տեղի կ՚ունենան շաբաթը երեք օր՝ Երկուշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 5:00-7:30, Խորէն Ա. Կեդրոնին մէջ, Ֆանար։
Կրթական ծրագիրը կ՚ընդգրկէ՝ հայերէն լեզու, գրաբար, հայոց պատմութիւն, հայ գրականութիւն՝ տարբեր ժամանակաշրջաններէն մինչեւ մեր օրերը, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն, մատենագրութիւն, հոգեբանութիւն, մանկավարժական հոգեբանութիւն, ժամանակակից աշխարհաքաղաքական իրավիճակ եւ քաղաքացիական կրթութիւն։

Արտասահման բնակող մեր հայորդիներուն եւս ընձեռուած է դասաւանդութիւններուն առցանց հետեւելու կարելիութիւն, որպէսզի աշխարհագրական հեռաւորութիւնը արգելք չդառնայ հայագիտական կրթութեան եւ մայրենի մշակոյթին հաղորդակից ըլլալու ճանապարհին։
Դասընթացքները կը սկսին Հոկտեմբերին եւ կ՚աւարտին Մայիսին։ Վերամուտի ճշգրիտ թուականը կանխաւ կը փոխանցուի ուսանողներուն։
Եռամեայ կրթական ծրագիրը յաջողութեամբ աւարտողները կը ստանան վկայական։
Հայագիտութիւնը մեր ինքնութիւնը հասկնալու, ներկան գիտակցօրէն արժեւորելու եւ ապագային հայօրէն մասնակցելու միջոց է։
Եթէ կը փափաքիս հայերէնիդ աւելի վստահ տիրապետել, պատմութիւնդ խորութեամբ ճանչնալ, հայ մշակոյթին ու հոգեւոր ժառանգութեան հաղորդակից դառնալ եւ գիտելիքներդ ծառայեցնել հայ կեանքին՝ «Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»ը քեզ կը սպասէ։
Հետաքրքրուողները կրնան դիմել Հիմնարկի Տնօրէնութեան.-
Հեռաձայն.- +961 3 713 897 կամ +961 4 410 001
Ե-նամակ.- edu@armenianorthodoxchurch.org
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»
սորվի՛լ հայը, ճանչնա՛լ հայը, ծառայե՛լ հայուն