ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ Տօնախմբութիւն Ս. Աստուածածին Եկեղեցիէն Ներս

Հինգշաբթի 14 Մայիս 2026-ի երեկոյեան, Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի «Համբարձման» Տօնին առիթով, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատոյց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց եկեղեցւոյս Հոգեւոր Հովիւ` Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան: Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Համբարձման տօնը գեղարուեստական պարերգերով եւ տօնին անբաժան «Վիճակ քաշելու» իւրայատուկ խաղերով շարունակուեցաւ եկեղեցւոյ Յովնանեան սրահէն ներս: Հանդիսութեան բացման եւ բարի գալստեան  խօսքը կատարեց Հոգաբարձու Բրշ. Սարգիս Սրկ. Կիտանեան, որմէ ետք Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան օրուան խորհուրդը մեկնաբանելէ ետք, սեղանի օրհնութիւն կատարեց: Երեկոն առաւել խանդավառուեցաւ երգիչ Մհեր Մինասեանի պարերգերով, ինչպէս նաեւ երեկոն իր լրումին հասաւ աւանդական վիճակ քաշելու գեղեցիկ միջոցառումով: