ԿՈՆՔԵՌ

Հայց. Եկեղեցին իր Հովուապետին՝ կաթողիկոսին վերապահած է կոնքեռի գործածութիւնը:

Կոնքեռը ասեղնագործուած քառակուսի զարդ մըն է, երեք անկիւնները՝ ծոպերով զարդարուած, իսկ չորրորդ անկիւնին՝ մասնաւոր կապ մը ագուցուած, որպէսզի Ս. Պատարագի ընթացքին կաթողիկոսը իր գօտիին ձախ կողմէն կախէ:

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին կոնքեռի գործածութիւն շնորհած է նաեւ եպիսկոպոսներուն: Կ’ենթադրուի որ կոնքեռը խորհրդանիշն է հովիւներու մախաղին:

Կայ նաեւ այն վարկածը, որ կաթողիկոսներ ուզած են իրենց ղենջակն ու թաշկինակը որոշ պահարանի մը մէջ դնել, որ յետագային վերածուած է կոնքեռի: