ԽՈՒՆԿ

Ընդհանրապէս բոլոր կրօններուն մէջ խունկը առկայ է:

Անիկա անուշահոտ ծառերու խէժն է, որուն ընտիրն է, որ կը գործածուի եկեղեցական արարողութեանց ընթացքին որպէս խունկ:

Խունկը եկեղեցիէն ներս կը ծխեն բուրվառով եւ խնկանոցով: Բուրվառով խնկարկութիւնը, անմիջական աղերս ունի մեր ծիսակարգին հետ, ինչ որ աւագ սարկաւագին կամ պարզ ուրարակիրին կողմէ կը կատարուի:

Բայց խնկարկութիւն կը կատարեն նաեւ քահանայ հայրերն ու բարձրաստիճան եկեղեցականները, ինչպէս Ս. Պատարագի թափօրին, նախատօնակներուն եւ խաչի փառաբանանքին՝ Աւագ Շաբթուան Քրիստոսի տնօրինական կեանքի վախճանը յիշատակելով, Մատնութիւնը, Չարչարանքները, Խաչելութիւնը, Թաղումն ու հրաշափառ Ս. Յարութիւնը, Խաչի քո Քրիստոս… շարականի երգեցողութեամբ, երբ հանդիսադիր եկեղեցականը ինք կը խնկարկէ եւ խունկի բուրմունքով կ’օծէ բեմի եզրին դրուած ճաճանչաւոր Կենաց Փայտը, միանգամայն հրաւիրելով հաւատացեալ ժողովուրդը, խոնարհելու Քրիստոսի տնօրինական կեանքի հոգեյոյզ յիշատակներուն առջեւ:

Բայց ի՞նչ է խնկարկութեան նպատակը, ի՞նչ է խունկին իմաստը մեր եկեղեցւոյ նուիրական յարկէն ներս:

Առաջին հերթին՝ խունկը աւետարանական շունչով եւ օրինակով նուիրագործուած է: Յիշենք որ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան, երեգ մոգերէն մին կնդրուկ նուիրեց ծնեալ Փրկչին, որ է անուշահոտ խունկը: Եւ դեռ, Յովսէփ Արիմաթացին եւ Նիկոդեմոս երբ Պիղատոսէն արտօնութիւն առին Յիսուսի մարմինը թաղելու համար, զայն զմռսելէ ետք խունկով փաթթեցին եւ այդպէս թաղեցին: Չմոռնանք, որ Իւղաբեր կանայք Կիրակի առաւօտեան երբ գերեզման գացին իրենց հետ խունկ տարին, անոր բուրմունքով օծելու համար իրենց սիրեցեալ Վարդապետին գերեզմանը:

Երկրորդ՝ խորհրդաւոր պահու մը ստեղծումն է, երբ հաւատացեալը կը զգայ թէ ինչպէս իր աղօթքն ու հառաչանքը խունկի ծուխին հետ ընդխառնուելով ոլորապտոյտ կը բարձրանան դէպի երկինք՝ առ Աստուած:

Եւ երրորդ՝ Քրիստոսի ներկայութիւնը խորհրդանշող արտայայտութիւն է, ինչպէս պիտի երգէր սրբազան շարականագիրը Եւ հոտ անուշ բուրեաց յաշխարհ…, ուր համախումբ հաւատացեալներու եկեղեցւոյ կը վերածուի:

Նոյնն է պարագան երբ խնկանոցով խունկ կը ծխենք մեր մեռելներու յիշատակին, որպէս հոգեկան անդորրութիւն, նուիրական պարտականութիւն եւ մխիթարութիւն, անոր բուրմունքով օծելու համար մեր սիրելիներուն հոգիներն ու գերեզմանները:

Այստեղ հարկ կը նկատենք արձանագրել, որ խունկի առատ գործածութիւնը կրնայ ծանրբեռնել եկեղեցւոյ օդը: Ուրեմն թելադրելի է զգուշանալ, որովհետեւ նման պարագաներուն կրնանք կարգ մը հաւատացեալներու շնչառութիւնը դժուարացնել: