Խորան բառը հոմանիշն է վրանին։ Եկեղեցւոյ Արեւելեան կողմը վրանանման կիսաբոլոր այն բացուածքն է, որուն մէջ բեմին վրայ հաստատուած է Պատարագի Ս․ Սեղանը։
Ս․ Սեղանի ետին նրբանցք մը կ’ըլլայ, ուրկէ կը կատարուին խնկարկութիւնն ու վերաբերումը։ Իսկ նրբանցքին կեդրոնը դէպի Արեւելք դուռի մը չափով բացուածք մը կայ, ուրկէ Ս․Սեղանին ծառայողներ հնարաւորութիւնը կ’ունենան աջակողմեան եւ ձախակողմեան աւանդատուներուն հետ անմիջական կապ ունենալ։
Խորանին Հիւսիսային եւ Հարաւային պատերուն վրայ երկու խոռոչներ կ’ըլլան, որոնք փոքր վարագոյրով փակ կը մնան, միայն աջակողմեան՝ Հիսիսային պատի խոռոչներ վարագոյրը Ս․Պատարագի սկզբնաւորութենէն մինչեւ վերաբերում բաց կ’ըլլայ եւ վերաբերումէն ետք կը գոցուի։
Այս խոռոչներու մասին տեսնել յառաջիկայ գլուխը։
ՈՒՍԱՆՈՑ

Մենք նախապէս տեսանք թիկնոցը, որ որպէս փէլէրին՝ դպիրներ իրենց ուսին կ’առնեն եւ վիզին շուրջբոլորը երկու ծայրերը կ’ամրացնեն:
Ուսանոցը եւս նոյն դերը կը կատարէ, սակայն հաստատուն կերպով կարուած է շապիկին վրայ եւ անոր հետ մէկ ամբողջութիւն կը կազմէ:
Ուսանոցը շապիկին զարդարուն մասն է եւ յաճախ զարդարուած կ’ըլլայ գեղահիւս ասեղնագործութեամբ եւ զանազան արծաթեայ նաշխերով:
Ուսանոցը շապիկին ուսերուն մասը ծածկելով՝ թիկունքը իր մէջ կ’առնէ, իսկ առջեւէն կիսաբոլոր կ’իջնէ մինչեւ կրծքավանդակ:
Ուսանոցին վրայ եւս երեք խաչեր կը հանգչին, մին թիկունքին եւ երկուքը կուրծքին աջ եւ ձախ կողմերը:
Յաճախ թիկունքի խաչը կրնայ փոխարինուիլ Գառն Աստուծոյ-ով: