ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Երկուշաբթի, 3-7 Օգոստոս 2026-ի շաբթուան ընթացքին, Դպրեվանքի սաները լծուեցան արդիւնաւէտ եւ օգտաշատ աշխատանքի մը, իրենց մասնակցութիւնը բերելով Մայրավանքի մատենադարանին եւ տպարանին մէջ:

Այսպէս, երրորդ ընծայարանի սարկաւագները աշխատեցան «Կիլիկիա» մատենադարանի հնատիպերու բաժանմունքին մէջ, մատենադարանապետ Շահան Արք. Սարգիսեանի ցուցմունքներով: Այս աշխատանքը միաժամանակ գեղեցիկ առիթ մը եղաւ սարկաւագներուն համար՝ մօտէն ծանօթանալու մատենադարանին ու յատկապէս հնատիպ գիրքերու մեր հարստութեանց:

Իսկ Դպրեվանքի առաջին եւ երկրորդ ընծայարանի ուսանողները համախմբուեցան տպարանին մէջ եւ իրենց ներդրումը բերին տարեկան պաշտօնական օրացոյցին (2027 տարուան) պատրաստութեան գործին:

Արդարեւ, հայ մշակոյթի, տպագրութեան եւ գիրքերու աշխարհին հաղորդ դառնալու գեղեցիկ առիթ մը եղաւ այս շաբթուան ծրագիրը, որ ընթացաւ կարգապահութեամբ: Անոնք աշխատեցան լրջութեամբ, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, հոգեւորականի նուիրումով եւ պատրաստակամութեամբ, իրենց ընծայեալի կարողութիւնները ի սպաս դնելու Սուրբ Աթոռոյս առաքելութեան։