ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ

Խաչի տօներուն մէջ հանդիսաւորապէս կը նշուի նաեւ Գիւտ Խաչի տօնը: 313 թուականին, Հռոմէական կայսրութեան կողմէ նշանաւոր Մելանոյի հրովարտակով, երբ կայսրութեան սահմաններէն ներս Քրիստոնեաներուն արտօնութիւն կը տրուի ազատ կերպով դաւանելու Քրիստոնէութիւնը, Երուսաղէմը կը դառնայ ուխտավայր, ամէն կողմերէն հաւատացելներ ուխտի կ’երթային, այցելելու Քրիստոսակոխ սրբավայրերը: Երուսաղէմ ուխտի կու գայ նաեւ Կոստանդիանոս կայսեր մայրը, Հեղինէ թագուհին, 327 թուականին: Բարեպաշտ Թագուհին Երուսաղէմի մէջ հետամուտ կ’ըլլայ Քրիստոսի Խաչափայտը տեսնելու, կը բարձրանայ Գողգոթա, որ այդ ժամանակ մոռացութեան վայրի վերածուած էր եւ կը գործածուէր որպէս աղբանոց: Բարեպաշտ Յուդա անուն Երուսաղեմացի Հրեայ մը ցոյց կու տայ Խաչին պահուած տեղը: Աղբերուն մէջէն դուրս կը բերուին երեք խաչեր, ստուգելու համար թէ որն է Յիսուսի  Խաչափայտը, մեռած պատանիի մը դիակը կը մօտեցնեն խաչերուն, իսկոյն կը հասկցուի թէ երրորդն էր՝, որուն  հպումով պատանին յարութիւն կ’առնէ:

Երուսաղէմի Կիւրեղ Եպիսկոպոսը, որ այդ օրուան սուրբ տեղերու հայրապետն էր, կը բարձրացնէ Ս. Խաչը ի տես հաւատացեալներուն, որոնք երկիւղածութեամբ կ’երկրպագեն եւ փառք կու տան: Այս եղելութեան պատմական յիշատակն է, որ կը կատարուի ամէն տարի հոկտեմբեր 26-ի մօտակայ կիրակին, «ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ» անուան ներքեւ:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան