Շաբաթ, 1 Օգոստոս 2026-ին, «Յիսուսի Փոքրիկներ»ու օրը սկսաւ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր փոքրիկները իրենց մոմերը վառեցին, Աստուծոյ տունը մտան եւ ծանօթացան եկեղեցւոյ տարբեր բաժիններու անուններուն, խորհուրդին եւ նշանակութեան։ Միասին աղօթելէ ետք, ծնողներուն եւ յանձնխումբի նուիրեալ կամաւորներուն ընկերակցութեամբ շարունակուեցաւ հաւաքը եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, տարբեր խաղերով, զուարճալի մրցումներով եւ հիւրասիրութեամբ։
Օրը լեցուն էր հաւատքով, սիրով, բարեկամութեամբ եւ անմոռանալի յիշատակներով։ Սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր նուիրեալ կամաւորներուն, ծնողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ, ծառայութեամբ եւ աջակցութեամբ այս ծրագիրը այդքան յատուկ եւ յաջողակ դարձուցին։
Անհամբեր կը սպասենք մեր յաջորդ հանդիպման՝ 15 Օգոստոսին։




