Օրուան Բանաստեղծութիւնը

Օրհնութի՜ւնդ, Հայր

Օրհնութի՜ւնդ, Հայր,
Փշրած եմ կուռքս անհանճար,
Որ զիս խաբեց չարաչար.
Ա՜լ չեմ մօտիր այն սեղանին ես երբեք,
Որ զիս լքեց սովաբեկ։

Օրհնութի՜ւնդ, Հայր,
Զգլխանքիս անդունդին
Չափած եմ խո՛րքը մթին.
Ա՜լ կը սոսկամ այն վայելքէն՝ որ կիրքի
Ամպրոպներով կը մրրկի։

Օրհնութի՜ւնդ, Հայր,
Բոցը մարած է հրայրքիս,
Որ մոխրակոյտ ըրաւ զիս.
Ա՜լ գիրկէդ զատ տեղ մը չունիմ ապահով,
Ուր թաղուիմ պինդ գորովով։

Օրհնութի՜ւնդ, Հայր,
Խոզի լպիրշ ախտերէն
Ա՜լ սրբուած է հոգիս.
Վարձկանդ ըլլամ, զՔեզ պաշտեմ, դու նորէն
Իբրեւ Աստուած՝ օրհնէ՜ զիս:

Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան