ԳԵՂԱՐԴ

Սրբութիւն մը, որ կը գտնուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ալէք եւ Մարի Մանուկեան գանձատան մէջ: Գեղարդը սրածայր երկաթեայ այն նիզակն է, որ Քրիստոսի խաչելութեան պահուն հռոմէացի զինուոր մը Անոր կողը խրեց: Յովհաննէս Աւետարանիչ վկայելով այս դէպքը կ’ըսէ.-

         «Զատկի նախորդ օրն էր: Հրեայ ղեկավարներ չուզեցին, որ մարմինները խաչին վրայ մնան Շաբաթ օրով, քանի այդ Շաբաթը տօնական մեծ օր մըն էր: Ուստի Պիղատոսէն խնդրեցին, որ խաչեալներուն սրունքները կոտրեն եւ մարմինները մէջտեղէն վերցնեն: Զինուորները եկան եւ առաջինին սրունքները կոտրեցին, նոյնպէս ալ միւսին որ Յիսուսի հետ խաչուած էր: Բայց երբ Յիսուսի եկան, տեսան որ անիկա արդէն իսկ մեռած էր, ուստի չկոտրեցին անոր սրունքները: Սակայն զինուորներէն մէկը նիզակը անոր կողը խրեց, եւ անմիջապէս արիւն ու ջուր հոսեցաւ:» (Հովհ. Գլ. ԺԹ. 31-35):

         Արդարեւ Քրիստոսի արեամբ օծուած այս սրբութիւնը կ’ենթադրուի որ Թադէոս Առաքեալ իրեն հետ բերաւ Հայաստան՝ իր նուիրական առաքելութիւնը կատարելու ընթացքին:

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան ատեն, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, Ս. Լուսաւորիչ Հայրապետի Աջին նաեւ Գեղարդով Սուրբ Միւռոնը կը խառնէ: